ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Գրելու կամ չգրելու որոշումի մը համար երեք օր երկմտելէ եւ որոշ ստուգումներ կատարելէ ետք, ահաւասիկ, որ կը գրեմ ցուցադրուած ԱՄՕԹի մը մասին, որուն ծանրութիւնը հեղինակը կը կրէ թէեւ, բայց խայտարակութիւնը կը տարածուի բոլոր անոնց վրայ, որոնք ակամայ վկաները եղան այդ ամօթին:
«Ո՞նց կ‘ըլլայ, (ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ) որ Հայաստանի դեսպանը ներկայ չէ մեր նահատակներու յիշատակի միջոցառումին եւ միւսներու կարգին ինքն ալ երկու խօսք չըսէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին…» կը լսեմ քովէս, որ բարեձեւ տիկին մը արեւելահայերէնով կ՚ըսէր իր քովիններուն, երբ ոգեկոչական եզրափակիչ ձեռնարկը վերջ գտած էր եւ մարդիկ խուռերամ սրահէն կ՚ելլէին թափօր կազմելու եւ դէպի Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանը ուղղուելու, ուր ամէն տարուան պէս բանակային փողերախումբի հնչեցուցած հայկական եւ յունական ոգերգներու եղանակներ պիտի առինքնեն մթնոլորտը ու զինուորական պատուոյ ջոկատի նեկայութեան, ի յուշ ու ի յարգանս մեր նահատակներուն՝ դափնեպսակ պիտի զետեղեն Յունաստանի վարչապետին ու կառավարութեան ներկայացուցիչը, պաշտպանութեան նախարարը, հելլէն խորհրդարանի նախագահին ներկայացուցիչը, հելլէն խորհրդարանական կուսակցութեանց ներկայացուցիչները, յունական բանակի ծովային, ցամաքային ու օդային ուժերու ընդհանուր հրամանատարը, նահանգապետ-քաղաքապետեր եւ այլք, ինչպէս նաեւ յունահայ համայնքի անունով ներկայացուցիչ մը:
Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանը ողողուեցաւ դափնեպսակներով, որոնց մէջ սակայն կը բացակայի Հայաստանի դեսպանինը: ԱՄՕ՜Թ…: Նոյնպէս, երկու օր առաջ, Ապրիլ 24-ին, Եղեռնի յուշարձանին առջեւ գոհաբանական արարողութենէն ետք զետեղուած դափնեպսակներու մէջ դեսպանատան համար նախատեսուած դափնեպսակը որբ ու անտէր մնացած էր…:
Յայտնի չեղաւ ինծի համար, որ բարեձեւ տիկնոջ ամօթանքի դիտողութիւնը «ո՞նց կ՚ըլլայ…» ուղղուած էր դեսպանի անձի՞ն թէ կազմակերպիչներուն, որոնք չէին հրաւիրած զինք կամ չէին նախատեսած իրենց յայտագրին մէջ: Տակաւին մտածեցի, թէ պէտք չէ այպանել մարդը, որ ի վերջոյ պաշտօնատար մըն է եւ որ թերեւս Հ.Հ.-ի արտաքին գործոց նախարարութենէ հրահանգուած է մասնակցութիւն չբերելու նահատակներու ի յուշ միջոցառումներուն: Թէեւ, այս պարագային, նոյնիսկ եթէ ընդհանուր հրահանգ մը կար, այդ ընդհանուրին մէջ պէտք է բացառուէր Յունաստանը, քանի որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը տարիներէ ի վեր իր սպայից վարժարանին մէջ կը հիւրընկալէ խումբ մը հայ զինուորներ՝ վարժանքի…: Ապա նաեւ անոր համար, որ պաշտպանութեան նախարարը, Յունաստանի ամէնէն յարգուած քաղաքական գործիչը, ընդունած էր օրուան կեդրոնական բանախօսը ըլլալ եւ միջոցառման համար վարչապետին կողմէ նշանակուած էր իբրեւ զինք ներկայացնող անձնաւորութիւնը:
Աւելին. 2020-ին, ան կը վարէր Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը: Միակը ամբողջ աշխարհի մէջ, որ 44-օրեայ պատերազմի ամէնէն թէժ օրերուն, արտաքին գործոց նախարարի հանգամանքով Հայաստան այցելած էր՝ իր զօրակցութիւնը յայտնելու հայ ժողովուրդին: Մարդ որքան ալ անհաղորդ ըլլայ նահատակներու յիշատակին, գէթ ի յարգանս բանախօսի անձնաւորութեան չի զլանար իր ներկայութիւնը…:
Գրելու թէ չգրելու երկմտութիւնս փարատեցաւ ստուգելէ ետք, որ՝
Գէթ Լիբանանի, Կիպրոսի եւ Փարիզի դեսպանները ներկայ եղած են միջոցառումներուն: Ուրեմն ընդհանուր հրահանգ չկայ Հ.Հ.-ի արտգործնախարարութենէն:
Մեր դեսպանին հրաւէր ուղղուած է եւ խօսք նախատեսուած՝ օրուան յայտագրին մէջ: Կազմակերպիչներու ներկայացուցիչը, Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբին կամ Կեդր. կոմիտէի կողմէ անձամբ հեռախօսային կապ ալ հաստատած է դեսպանին հետ՝ անոր ներկայութեան ու խօսքի ապահովումը ստուգելու եւ պատասխանուած՝ «ներկայ պիտի չըլլամ»: Այսպէս, չոր ու ցամաք: Նոյնիսկ առանց դիւանագիտական դոյզն արդարացումի՝ «հիւանդ եմ կամ Աթէնքէն դուրս պիտի գտնուիմ…» եւ այլն:
Յայտնեմ, որ ըստ երկրի օրէնքին, պարտք կը դրուի նահանգապետարաններուն վրայ, Ապրիլ 24-ին կազմակերպելու ոգեկոչական միջոցառումներ՝ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհ նահատակներուն, հայ համայնքին կամ Հայ դատի յանձնախումբին գործակցութեամբ: Կը նշանակէ, որ կազմակերպողը եւ հրաւէրներ ուղղողը պետական կառոյց մըն է, զոր անտեսած է Հայաստանի դեսպանը:
Յայտնեմ նաեւ, որ առաջին օրէն, նոյնիսկ Հ.Հ.-ի առաջին նախագահ Լ.Տ.Պ.- ի՝ Հ.Յ.Դ.ի դէմ հալածանքի տարիներուն, յունահայ համայնքը իր բոլոր կազմակերպութիւններով պատշաճ ու յարգալիր յարաբերութիւններ ունեցած է Հայաստանի դեսպաններու կամ դեսպանատուներու հետ, գիտակցելով, որ անոնք Հայաստանի պետութիւնը կը նեկայացնեն եւ ոչ թէ սոսկական կառավարութիւնը, կամ այս կամ այն նախարարութիւնը:
Զանցառութիւն մը կատարած չըլլալու համար արձանագրեմ, որ կեդրոնական միջոցառումին ներկայ եղաւ դեսպանատան զինուորական կցորդը, որ որքան գիտեմ, անջատ հաստատութիւն մըն է: Բայց անոր ալ չէին ուղեկցած սպայից վարժարանին մէջ ուսանող հայ զինուորները…:
Հիմա, յարգելի ընթերցողներ, դուք ըսէք, արդարացուա՞ծ, թէ՞ ոչ գործածուած վերնագիրը՝ ԱՄՕ՜Թ…:
Աթէնք, 29 Ապրիլ 2026










