Ի գիտութիւն կը հաղորդենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ Ուրբաթ, 9 Հոկտեմբեր 2026ի առաւօտեան ժամը 8:30ին, Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց տօնին առիթով պիտի մատուցուի Ս. պատարագ Գոքինիոյ ու Նէոս Գոզմոսի մեր եկեղեցիներէն ներս:
Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ արժ. Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան: Ներկայ պիտի գտնուի Հայ Կապոյտ Խաչի «Զաւարեան» ազգ. վարժարանի աշակերտութիւնը:
Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան։ Ներկայ պիտի գտնուին Հայ Կապոյտ Խաչի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» ազգ. վարժարանի, ինչպէս նաեւ «Ա. Եւ Ժ. Ճէնազեան» միջնակարգի աշակերտութիւնը:
Եկէ՛ք մասնակից դառնանք Թարգմանչաց վարդապետաց տօնի Ս. պատարագին եւ գօտեպնդուինք օրուան խորհուրդով ու պատգամով:
Կրօնական Ժողով









