ՄԱՐԻԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆINALCO IMAS (Paris)«Սասնայ Ծռեր» էպոսի որ հերոսն ես դուն» լեզուամշակութային երկլեզու հարցախաղի նախագիծը Լոս Անճելըսի Գալիֆորնիոյ համալսարանին (UCLA) մէջ իրականացուած է որպէս Նախագծահէն լեզուի ուսուցման (Project-Based Language Learning – PBLL) մեթոտաբանութեան հիման վրայ մշակուած փորձառական եւ կիրառական հետազօտական նախաձեռնութիւն։
Ինչպէ՞ս կրնայ ազգային պատմամշակութային ժառանգութիւնը վերաիմաստաւորուիլ ժամանակակից կրթական մոտեցումներու եւ թուային գործիքներու միջոցաւ։ Նախագծահէն լեզուի ուսուցման (Project-Based Language Learning — PBLL) մեթոտաբանութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ նպաստել սփիւռքահայ ուսանողներու լեզուի իւրացման գործընթացին։ Եւ ի՞նչ դեր կրնայ ունենալ հանրային արդիւնքի (public product) ստեղծումը լեզուական, համագործակցային, ստեղծագործական եւ քննադատական մտածողութեան զարգացման մէջ։
Այս հարցադրումներուն հիման վրայ իրականացուած է սոյն կիրառական հետազօտութիւնը, որ կը ներկայացնէ UCLA-ի «Նարեկացի» հայագիտական ամպիոնին մէջ գործադրուած կրթական նախագիծ մը։ Հետազօտութեան նպատակն էր ուսումնասիրել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է սփիւռքեան համալսարանական միջավայրի մէջ հայերէնի ուսուցումը դուրս բերել դասագրքային եւ քերականակեդրոն սահմաններէն ու վերածել աւելի գործնական, փորձառական եւ ուսանողակեդրոն գործընթացի։
Ուսումնասիրութիւնը հիմնուած է հեղինակի մագիստրոսական ատենախօսութեան շրջանակին մէջ իրականացուած փորձառական եւ կիրառական հետազօտութեան վրայ։ Ան իրականացուած է Լոս Անճելըսի Գալիֆորնիոյ համալսարանի (UCLA) «Նարեկացի» հայագիտական ամպիոնի «Հայ մշակոյթ եւ հասարակութիւն» դասընթացքի ծիրէն ներս՝ հայերէնի 106գ (Level 3) մակարդակի ուսանողներու մասնակցութեամբ։ Ուսանողները կը ներկայացնէին բազմազան լեզուամշակութային միջավայր. ոմանք հայերէնին կը տիրապետէին աւելի ազատ, իսկ ուրիշներու համար հայերէնը երկրորդ կամ ժառանգական լեզու էր։ Այս բազմազանութիւնը ստեղծեց հետաքրքրական կրթական դաշտ մը՝ PBLL մեթոտաբանութեան կիրառելիութիւնը ուսումնասիրելու համար։
Սփիւռքահայ կրթական իրականութեան մէջ հայերէնի ուսուցումը յաճախ կը բախի շարք մը մարտահրաւէրներու։
Լեզուի գործածութեան սահմանափակ միջավայրը, ժամանակի սղութիւնը, երիտասարդներու բազմազբաղ առօրեան եւ աւանդական դասաւանդման ձեւերու սահմանափակ ազդեցութիւնը կը դժուարացնեն լեզուի կենդանի եւ բնական իւրացումը։ Այս պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ կը դառնայ այնպիսի մեթոտաբանութիւններու կիրարկումը, որոնք ուսանողը կը դարձնէ ուսուցման գործընթացի գործուն մասնակից, պատասխանատու, հետազօտողոչ, այլ ոչ թէ միայն տեղեկութիւն ստացող։
Նախագծահէն լեզուի ուսուցումը (PBLL) նման մօտեցումներէն մէկն է։ Կը հիմնուի այն գաղափարին վրայ, որ լեզուն աւելի արդիւնաւէտ կը սորվին, երբ ուսանողները կը գործածեն զայն իրական խնդիրներ լուծելու, հետազօտութիւն կատարելու, համագործակցելու, հաղորդակցելու, քննադատական մտածողութեամբ եւ ստեղծարար մօտեցումով հանրային արդիւնք ստեղծելու նպատակով։ Այս մօտեցումը կը միաւոր է 21-րդ դարու հմտութիւնները՝ լեզուական զարգացումը, քննադատական մտածողութիւնը, ստեղծագործականութիւնը եւ համագործակցային, հաղորդակցական ուսուցումը։
Քանի որ դասընթացքի հիմնական նիւթերէն մէկը «Սասնայ Ծռեր» ազգային էպոսն էր, որոշեցինք նախագիծի առանցքը կառուցել այդ ժառանգութեան շուրջ։ Նախնական փուլին իրականացուցի դասարանային դիտարկումներ, քննարկումներ եւ գաղափարներու փոխանակումներ։ Համաձայն PBLL մեթոտաբանութեան, ուսանողները հրաւիրեցի մտածելու, թէ ինչպէս կարելի է էպոսը ներկայացնել ժամանակակից, երիտասարդներուն համար աւելի հասանելի եւ հետաքրքրական ձեւով։
Ուղղորդող օրինակներ տրամադրելով՝ առաջարկեցի խմբային մտագրոհ, որու ընթացքին ուսանողները (բաժնուած խումբերու) առաջարկեցին տարբեր գաղափարներ՝ կերպարային հարցախաղ, սեղանի խաղ, տեսանիւթային շարք եւ այլ նախաձեռնութիւններ։ Քննարկումներէն եւ իրագործելիութեան գնահատումէն ետք (ժամանակ, միջոցներ, հմտութիւններ) դասարանը համատեղ ընտրեց երկլեզու թուային հարցախաղի տարբերակը՝ «Սասնայ Ծռեր» էպոսի «ո՞ր հերոսն ես դուն» խորագիրով։
Նախագիծի ընտրութիւնը պատահական չէր։ Ան մէկտեղ կը բերէր լեզուի զարգացումը, մշակութային բովանդակութիւնը, ստեղծագործական, քննադատսկան մտածողութիւնը, հաղորդակցութիւնը, համագործակցութիւնը եւ հանրային կիրառելիութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, հարցախաղի ձեւաչափը համապատասխան էր ուսանողներու ժամանակային եւ տեխնիկական հնարաւորութիւններուն, կարողութիւններուն եւ կը ստեղծէր արդիւնք մը, որ կրնար օգտագործուիլ նաեւ համալսարանէն դուրս։
PBLL աշխատանոցներու ընթացքին ուսանողները ուսումնասիրեցին էպոսի տարբեր հերոսներու բնաւորութիւնները, արժեհամակարգերը եւ գործողութիւնները։ Անոնք վերլուծեցին Սանասարը, Պաղտասարը, Մհերը, Դաւիթը եւ այլ կերպարներ՝ փորձելով բացայայտել կերպարներու առանձնայատկութիւնները։ Այս ուսումնասիրութեան հիման վրայ կազմուեցան իրավիճակային հարցումներ, որոնք հնարաւորութիւն կու տային մասնակիցներուն համեմատել սեփական նախասիրութիւններն ու արժէքները էպոսի հերոսներու կերպարներուն հետ։ Հարցումներու ձեւակերպումը դարձաւ լեզուի զարգացման կարեւոր գործիք։ Ուսանողները ոչ միայն կը կարդային եւ կը վերլուծէին էպոսի նիւթերը, այլեւ կը գրէին, կը խմբագրէին, կը քննարկէին, կը վերլուծէին եւ կը վերամշակէին իրենց ստեղծած բովանդակութիւնը։ Այս գործընթացը զգալիօրէն ընդլայնեց անոնց բառապաշարը եւ զարգացուց գրաւոր ու բանաւոր խօսքի զարգացումը, հաղորդակցական, համագործակցային կարողութիւնները։
Նախագիծի կարեւոր բաղադրիչներէն մէկը նաեւ մասնագիտական խորհրդատուութեան ներգրաւումն էր։ Այդ նպատակով կազմակերպեցինք առցանց հանդիպում մը էպոսագէտ եւ գրականագէտ Հայկ Համբարձումեանի հետ։ Ուսանողները հանդիպման ընթացքին ներկայացուցին իրենց աշխատանքը, ուղղեցին հարցումներ եւ ստացան մասնագիտական ուղղորդում։ Այս փորձառութիւնը օգնեց անոնց հասկնալու, թէ գիտելիքի ստեղծումը եւ գիտական քննարկումը ինչպէս կ՚իրականանան ակադեմական միջավայրի մէջ։
Հետազօտութեան արդիւնքները ցոյց տուին, որ PBLL մեթոտաբանութիւնը զգալի դրական ազդեցութիւն ունեցած է ուսանողներու ներգրաւուածութեան եւ լեզուական զարգացման վրայ։
Ինքնաարտացոլման ձեւաթուղթերուն (feedback) եւ հարցումներուն համաձայն՝ մասնակիցները բարձր գնահատեցին համագործակցային աշխատանքը, ստեղծագործական ազատութիւնը եւ լեզուի գործնական կիրառման հնարաւորութիւնը։ Մասնակից ուսանողները նաեւ արձանագրեցին, որ առաջին անգամ գործնականօրէն ծանօթացան Նախագծահէն լեզուի ուսուցման (PBLL) մեթոտաբանութեան, մասնակցեցան համագործակցային ուսումնական գործընթացի եւ ձեռք բերեցին նոր փորձառութիւններ։ Սոյն նախագիծը, PBLL-ի ճկուն եւ ուսանողակեդրոն մօտեցման շնորհիւ, օգնեց անոնց աւելի խորապէս հասկնալու «Սասնայ Ծռեր» էպոսը եւ վերագտնելու իրենց կապը հայկական մշակութային ժառանգութեան հետ։










