­Շա­բաթ, 3 ­Հոկ­տեմ­բեր 2026-ին, կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 2:00-ին, ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ, նա­խա­գա­հու­թեամբ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեա­նի, տե­ղի ու­նե­ցաւ ջերմ ու մտեր­միկ հան­դի­պում մը Ա­թէն­քի ե­կե­ղե­ցի­նե­րու սար­կա­ւագ­նե­րուն եւ կի­սա­սար­կա­ւագ­նե­րուն հետ։ ­Հան­դի­պու­մի մեկ­նար­կին, Սրբա­զան ­Հայ­րը բարձր գնա­հա­տաեց ներ­կա­նե­րը ի­րենց եր­կա­րա­մեայ հա­ւա­տա­րիմ եւ նո­ւի­րեալ ծա­ռա­յու­թեան հա­մար։ Սր­բա­զա­նը ընդգ­ծեց, որ ե­կե­ղե­ցա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը միայն պար­տա­կա­նու­թիւն մը չէ, այ­լեւ հա­ւատ­քի, սի­րոյ եւ նո­ւի­րու­մի ար­տա­յայ­տու­թիւն մը, ո­րուն մի­ջո­ցով կը շա­րու­նա­կո­ւի մեր ե­կե­ղեց­ւոյ հա­րուստ ա­ւան­դու­թիւ­նը եւ հո­գե­ւոր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։
Սր­բա­զան ­Հայ­րը նաեւ անդ­րա­դար­ձաւ ա­պա­գա­յին ուղ­ղո­ւած մեր պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն՝ շեշ­տե­լով, որ բո­լորս պէտք է աշ­խա­տինք որ­պէս մէկ ամ­բող­ջու­թիւն՝ նոր սե­րուն­դի ե­րի­տա­սարդ­ներ ներգ­րա­ւե­լու ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քէն ներս, զա­նոնք ա­ռաջ­նոր­դե­լու, սոր­վեց­նե­լու եւ, ա­մէ­նէն կա­րե­ւո­րը, ա­նոնց մէջ սէր ու կապ ստեղ­ծե­լու ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ա­նոր ծա­ռա­յու­թեան նկատ­մամբ։ Ա­ռաջ­նոր­դը յատ­կա­պէս կա­րե­ւո­րեց նոր դպիր­ներ պատ­րաս­տե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ փո­խան­ցե­լու ա­նոնց ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նեն ու սպա­սա­ւո­րու­թեան գի­տե­լիք­նե­րը, որ­պէս­զի մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ծա­ռա­յա­կան կեան­քը շա­րու­նա­կո­ւի նոր ու­ժե­րով եւ նոր ե­ռան­դով։ ­Հան­դի­պու­մը, սա­կայն, չսահ­մա­նա­փա­կո­ւե­ցաւ միայն Սրբա­զան ­Հօր խօս­քե­րով։ Ան յա­տուկ ա­ռիթ տո­ւաւ ներ­կա­նե­րուն, որ­պէս­զի ա­նոնք եւս՝ ի­րենց կար­գին, ար­տա­յայ­տեն մտա­ծում­նե­րը եւ փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ ե­կե­ղե­ցա­կան ծա­ռա­յու­թեան կեան­քը ա­ւե­լի աշ­խոյժ ու ար­դիւ­նա­ւէտ դարձ­նե­լու հա­մար։ ­Ներ­կա­նե­րը ա­զա­տօ­րէն կի­սե­ցին ի­րենց գա­ղա­փար­ներն ու մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը, կա­տա­րե­լով շի­նիչ ա­ռա­ջարկ­ներ։
­Հան­դի­պու­մը ե­ղաւ նաեւ գե­ղե­ցիկ ա­ռիթ մը՝ ամ­րապն­դե­լու Ա­թէն­քի տար­բեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու սպասա­ւոր­նե­րուն մի­ջեւ եղ­բայ­րա­կան կա­պե­րը, ստեղ­ծե­լու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ւե­լի սերտ մթնո­լորտ եւ միաս­նա­կան ճի­գե­րով մտա­ծե­լու մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ծա­ռա­յա­կան կեան­քի վե­րա­նո­րաց­ման շուրջ։
ԹՂԹԱԿԻՑ