Շաբաթ, 3 Հոկտեմբեր 2026-ին, կէսօրուան ժամը 2:00-ին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, նախագահութեամբ Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանի, տեղի ունեցաւ ջերմ ու մտերմիկ հանդիպում մը Աթէնքի եկեղեցիներու սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն հետ։ Հանդիպումի մեկնարկին, Սրբազան Հայրը բարձր գնահատաեց ներկաները իրենց երկարամեայ հաւատարիմ եւ նուիրեալ ծառայութեան համար։ Սրբազանը ընդգծեց, որ եկեղեցական ծառայութիւնը միայն պարտականութիւն մը չէ, այլեւ հաւատքի, սիրոյ եւ նուիրումի արտայայտութիւն մը, որուն միջոցով կը շարունակուի մեր եկեղեցւոյ հարուստ աւանդութիւնը եւ հոգեւոր առաքելութիւնը։
Սրբազան Հայրը նաեւ անդրադարձաւ ապագային ուղղուած մեր պարտաւորութիւններուն՝ շեշտելով, որ բոլորս պէտք է աշխատինք որպէս մէկ ամբողջութիւն՝ նոր սերունդի երիտասարդներ ներգրաւելու եկեղեցական կեանքէն ներս, զանոնք առաջնորդելու, սորվեցնելու եւ, ամէնէն կարեւորը, անոնց մէջ սէր ու կապ ստեղծելու Հայ Եկեղեցւոյ եւ անոր ծառայութեան նկատմամբ։ Առաջնորդը յատկապէս կարեւորեց նոր դպիրներ պատրաստելու անհրաժեշտութիւնը՝ փոխանցելու անոնց եկեղեցական արարողութիւննեն ու սպասաւորութեան գիտելիքները, որպէսզի մեր եկեղեցիներու ծառայական կեանքը շարունակուի նոր ուժերով եւ նոր եռանդով։ Հանդիպումը, սակայն, չսահմանափակուեցաւ միայն Սրբազան Հօր խօսքերով։ Ան յատուկ առիթ տուաւ ներկաներուն, որպէսզի անոնք եւս՝ իրենց կարգին, արտայայտեն մտածումները եւ փորձառութիւններ եկեղեցական ծառայութեան կեանքը աւելի աշխոյժ ու արդիւնաւէտ դարձնելու համար։ Ներկաները ազատօրէն կիսեցին իրենց գաղափարներն ու մտահոգութիւնները, կատարելով շինիչ առաջարկներ։
Հանդիպումը եղաւ նաեւ գեղեցիկ առիթ մը՝ ամրապնդելու Աթէնքի տարբեր եկեղեցիներու սպասաւորներուն միջեւ եղբայրական կապերը, ստեղծելու համագործակցութեան աւելի սերտ մթնոլորտ եւ միասնական ճիգերով մտածելու մեր եկեղեցիներու ծառայական կեանքի վերանորացման շուրջ։

ԹՂԹԱԿԻՑ