Եռուն եւ ստեղծագործ ամիս մը բոլորեց Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքը:
Հպարտութեամբ, բազմաբնոյթ գործունէութեամբ եւ նուաճումներով, մեր սկաուտներն ու մարզիկները իրենց աշխուժ ներկայութիւնը հաստատեցին ամէնուրեք։
— Սկաուտական գործունէութիւն
28 Հոկտեմբերի Յունաց ազգային տօնին մեր 1-ին, 2-րդ, 3-րդ եւ 4-րդ սկաուտական մասնաճիւղերու սկաուտները, երէցները, գայլիկներն ու խմբապետները փայլուն տեսքով եւ կշռոյթով տողանցեցին Նէա Զմիռնիի, Նիքէայի, Թեսաղոնիկէի եւ Վիրոնայի մէջ: Անոնք արժանապատիւ մասնակցութեամբ ներկայացուցին յունահայ գաղութը՝ ամէնուր փոխանցելով միասնականութեան, ծառայութեան եւ առաքինութեան պատգամը:
— Քաղաքային խաղ Տուրղութիի մէջ
Մեր փոքրիկ սկաուտները ծանօթացան իրենց նախահայրերու գաղթականական թաղամասի պատմութեան՝ խմբապետներու պատրաստած խանդավառ խաղի մը միջոցով:
— Թեսաղոնիկէ
Մեր սկաուտները մասնակցեցան թիավարութեան մրցումներուն եւ յոյն ծովակալ Վոցիսի կիսանդրիի պսակադրման յարգանքի հանդիսաւոր արարողութեան:
Մարզական գործունէութիւն եւ նուաճումներ
— Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասնաճիւղ.
Մեծ թափով եղաւ մեկնարկը կանանց, Ք18 եւ Ք21 տղոց ու աղջկանց ախոյեանութիւններուն մէջ: Միաժամանակ, 28 Հոկտեմբերի ազգային տօնը նշուեցաւ կէսօրուայ ընտանեկան յաջող խրախճանքով մը՝ ժողովուրդի խանդավառութեամբ եւ մեծ մասնակցութեամբ:
— Աթէնքի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Թեսաղոնիկէի
Հ.Մ.Ը.Մ-ի. պասքեթպոլի տղոց խումբերը յառաջիկայ մրցումներուն իրենց պարտաւորութիւնները սկսան մեծ թափով (Աթէնք՝ ԷՍԿԱՆԱ-ի Գ. դասակարգին մէջ, իսկ Թեսաղոնիկէ՝ ԷԿԱՍԹ-ի Գ1 դասակարգին մէջ):
— Պարգեւատրում Թեսաղոնիկէի մէջ
ԷԿԱՍԹ-ի հիմնադրութեան 50-ամեակին առթիւ, Թեսաղոնիկէի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասնաճիւղը պատուոյ պարգեւ ստացաւ որպէս Միութեան հիմնադիր անդամ:
Դուն ալ անդամակցէ՛ մեր մեծ ընտանիքին:
Նոր տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին: Եթէ կը փափաքիս ապրիլ սկաուտական կեանքի հմայքը, զարգացնել կարողութիւններդ եւ մարզուիլ առողջ ու հաւաքական միջավայրի մը մէջ, քեզի կը սպասենք։
***
Ամէն շաբաթ տեղի կ՚ունենան՝
— Սկաուտական հաւաքներ բոլոր տարիքներու համար:
— Մարզումներ բոլոր մարզական բաժանմունքներուն մէջ՝ պասքեթպոլ, վոլէյպոլ, լող, ճատրակ եւ թենիս:
— Եկո՛ւր մօտէն ճանչնալու մեր միութիւնը եւ գործունէութիւնը կամ ելեկտր. նամակ ուղարկէ՛ մեր էջին՝
հանդիպումներուն եւ ժամերուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար
Կը շարունակենք մնալով հզօր եւ հաւատարիմ մեր արժէքներուն
#ՀՄԸՄ #ՀՄԸՄՅունաստան #Սկաուտներ#Մարզիկներ










