­Շա­բաթ 12 եւ ­Կի­րա­կի, 13 ­Սեպ­տեմ­բեր 2026-ին, ­Գա­վա­լայ ­Սուրբ ­Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մեծ շու­քով նշո­ւե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան տօ­նը։
­Շա­բաթ օր, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 8:30-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ղօրհ­նէք եւ ոչ­խար­նե­րու զե­նում, ա­պա ե­կե­ղեց­ւոյ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու կող­մէ սկսաւ մա­տա­ղի պատ­րաս­տու­թիւ­նը։
­Կի­րա­կի, 13 ­Սեպ­տեմ­բեր 2026-ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:30-ին, մա­տու­ցո­ւե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ։ ­Պա­տա­րա­գեց, քա­րո­զեց եւ մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը կա­տա­րեց ­Թե­միս բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան: ­Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ շրջան­նե­րու միա­ցեալ դպրաց դա­սե­րու երգ­չա­խում­բը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ Ս. Քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նի։ ­Պա­տա­րա­գին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ­Ֆի­լի­փոն ­Նէա­փո­լիի եւ ­Թա­սո­սի մետ­րո­պո­լիտ Ս­տե­փա­նո­սը, ­Գա­ւա­լա­յի նա­հան­գա­յին փոխ­մարզ­պետ ­Թէո­տո­րոս ­Մար­քո­փու­լոս, ­Գա­ւա­լա­յի ե­րես­փո­խան­ներ Իոան­նիս ­Փաս­խա­լի­տիս, Ա­կե­լի­քի ­Տե­լի­քա­րի եւ ­Մա­կա­րիոս ­Լա­զա­րի­տիս, ­Գա­ւա­լա­յի քա­ղա­քա­պետ ­Թէո­տո­րոս ­Մու­րիա­տիս, շրջա­նի տար­բեր ո­լորտ­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու փոխ­մարզ­պե­տեր Ա­լեք­սանտ­րոս Իո­սի­ֆի­տիս եւ Ս­թի­լիա­նոս Իղ­նա­թիա­տիս, ինչ­պէս նաեւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դամ տ. ­Զա­պէլ Այ­վա­զեան, ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րու ա­տե­նա­պե­տերն, ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ ուխ­տա­ւոր բազ­մու­թիւ­նը:
Սր­բա­զան հայ­րը ող­ջու­նեց ­Գա­ւա­լա­յի եւ շրջա­կայ­քի հա­ւա­տա­ւոր ժո­ղո­վուր­դը եւ շեշ­տեց ­Խա­չի, իր ամ­բող­ջա­կան ի­մաս­տով, կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ա­ռօ­րեայ կեան­քէն ներս:
Իր քա­րո­զին մէջ Սր­բա­զան հայ­րը ներ­կա­յա­ցուց ­Խա­չը Ք­րիս­տո­սի ան­ձին ընդ­մէ­ջէն: Ք­րիս­տոս ը­սաւ. «Ես եմ ճա­նա­պար­հը, ճշմար­տու­թիւ­նը եւ կեան­քը»: Ա) ­Խա­չը դար­ձաւ ճա­նա­պարհ կեան­քի եւ փրկու­թեան «ով, որ կ­՚ու­զէ ին­ծի հե­տե­ւիլ , թող առ­նէ իր խա­չը եւ ե­տե­ւես գայ»: Բ) ­Խա­չը՝ ճշմար­տու­թիւն. խա­չին ճամ­բով Աս­տու­ծոյ խօս­քին ճշմար­տու­թիւ­նը յայտ­նո­ւե­ցաւ սի­րոյ, զո­հո­ղու­թեան եւ մեղ­քե­րու թո­ղու­թեան ընդ­մէ­ջէն: Գ) ­Խա­չը՝ կեանք. Ք­րիս­տոս մա­հո­ւան խորհր­դա­նիշ խա­չը կեան­քի եւ յա­րու­թեան խորհր­դա­նի­շի վե­րա­ծեց:
Սր­բա­զան հայ­րը յոր­դո­րեց, այս պատ­կե­րով ապ­րիլ ու նա­յիլ խա­չին եւ չսահ­մա­նա­փա­կո­ւիլ սոսկ նիւ­թա­կան տես­քի եւ պատ­կե­րի կա­ղա­պա­րին մէջ: ­Պա­տա­րա­գէն ետք տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ւան­դա­կան ճաշ­կե­րոյ­թը քա­ղա­քի ­Ճա­շա­րա­նի մը մէջ։
­Գա­ւա­լա­յի ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նախմ­բու­թիւ­նը ա­ռիթ մը ե­ղաւ որ­պէս­զի դար­ձեալ շրջա­կայ­քի ուխ­տա­ւոր հա­յու­թիւ­նը ստա­նայ Ս. ­Խա­չի խոր­հուր­դը եւ քրիս­տո­նա­վա­յել ո­գիով յար­գել ե­կե­ղեց­ւոյս մեծ տօ­նը։

ԹՂԹԱԿԻՑ