­Հայաստանցի աշակերտները գրագիտութեան ցուցանիշներով վերջինն են տարածաշրջանին մէջ

0
18

­Հա­յաս­տան­ցի 15 տա­րե­կան­նե­րը գրա­գի­տու­թեան լուրջ խնդիր ու­նին թո­ւա­բա­նու­թեան, բնա­գի­տու­թեան եւ ըն­թեր­ցա­նու­թեան ո­լորտ­նե­րուն մէջ, կը փաս­տէ Տն­տե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ զար­գաց­ման կազ­մա­կեր­պու­թեան (OECD) վեր­ջին հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը։
Ըստ ու­սում­նա­սի­րու­թեան՝ հա­յաս­տան­ցի ա­շա­կերտ­նե­րուն միայն մօտ 1 տո­կո­սը լա­ւա­գոյն ար­դիւնք ար­ձա­նագ­րած է թո­ւա­բա­նու­թեան մէջ, գրե­թէ ոչ մէկ ա­շա­կերտ բարձ­րա­գոյն ար­դիւնք ու­նե­ցած է բնա­գի­տա­կան ո­լոր­տին մէջ, իսկ ըն­թեր­ցա­նու­թեան պա­րա­գա­յին գրե­թէ ոչ մէկ ա­շա­կերտ հա­սած է 5-րդ ­կամ ա­ւե­լի բարձր մա­կար­դա­կի։ Այս ցու­ցա­նիշ­նե­րով ­Հա­յաս­տան տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ վեր­ջին հո­րի­զո­նա­կա­նին վրայ է՝ զի­ջե­լով Վ­րաս­տա­նին, Ատր­պէյ­ճա­նին եւ ­Թուր­քիոյ։
OECD-ի վեր­ջին հե­տա­զօ­տու­թեան մաս­նակ­ցած է 91 երկ­րէ 760 հա­զար 15-ա­մեայ ա­շա­կերտ։ ­Մաս­նա­գէտ­նե­րը եզ­րա­կա­ցու­ցած են, որ ամ­բողջ աշ­խար­հի մա­կար­դա­կով եւս կրթա­կան վի­ճա­կը ա­ռանձ­նա­պէս գո­հա­ցու­ցիչ չէ։
OECD-ի քննու­թիւ­նը կը հա­մա­րո­ւի կրթա­կան յա­ռա­ջա­դի­մու­թեան աշ­խար­հի ա­ռա­ջա­տար չա­փա­նիշ­նե­րէն մէ­կը, եւ ա­նոր ար­դիւնք­նե­րը ման­րա­մաս­նօ­րէն կ­՚ու­սում­նա­սի­րո­ւին կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու եւ կրթու­թեան ո­լոր­տի մաս­նա­գէտ­նե­րուն կող­մէ։
­Հա­յաս­տան ան­ցեալ տա­րի ա­ռա­ջին ան­գամ մաս­նակ­ցած է ­Սոր­վող­նե­րու մի­ջազ­գա­յին գնա­հատ­ման ծրա­գի­րին՝ PISA-ին։
Ու­սում­նա­սի­րու­թեան հա­մա­ձայն՝ կրթա­կան յա­ռա­ջա­դի­մու­թեան ա­ռու­մով աշ­խար­հի ա­ռա­ջա­տար­նե­րը Ա­րե­ւե­լեան Ա­սիոյ եր­կիր­ներն են՝ քննու­թեան մաս­նակ­ցած ­Չի­նաս­տա­նի քա­ղաք­նե­րը, ­Ճա­փո­նը, ­Հա­րա­ւա­յին ­Քո­րէան, ­Սին­կա­փու­րը եւ ­Թա­յո­ւա­նը։
­Լա­ւա­գոյն տաս­նեա­կին մէջ են նաեւ ­Մեծ Բ­րի­տա­նիան եւ Էս­թո­նիան՝ ըն­թեր­ցա­նու­թեան, թո­ւա­բա­նու­թեան եւ բնա­գի­տու­թեան ցու­ցա­նիշ­նե­րով։

­Մի­ջի­նէն ցած միա­ւոր­ներ ստա­ցած հայ ա­շա­կերտ­նե­րը
­Հայ ա­շա­կերտ­նե­րը թո­ւա­բա­նու­թեան, ըն­թեր­ցա­նու­թեան եւ բնա­գի­տա­կան քննու­թիւն­նե­րուն մէջ ստա­ցած են մաս­նակ­ցած 91 եր­կիր­նե­րու ար­ձա­նագ­րած մի­ջի­նէն ցած միա­ւոր­ներ։ ­Հա­յաս­տան իր ցու­ցա­նիշ­նե­րով կը զի­ջի ցան­կին մէջ ընդգր­կո­ւած տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին բո­լոր եր­կիր­նե­րուն՝ Ատր­պէյ­ճա­նին, ­Թուր­քիոյ եւ Վ­րաս­տա­նին։
­Հա­յաս­տան կը զի­ջի նաեւ Ուզ­պե­քիս­տա­նին, ­Մոլ­տո­վա­յին, ­Ռու­մա­նիոյ եւ ­Ղա­զախս­տա­նին, իսկ նախ­կին խորհր­դա­յին եր­կիր­նե­րուն շար­քին միայն Ղրղզս­տա­նէն ա­ռաջ է։
­Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­շա­կերտ­նե­րուն մօտ 1 տո­կո­սը միայն լա­ւա­գոյն ար­դիւնք ար­ձա­նագ­րած է թո­ւա­բա­նու­թեան մէջ։ Գ­րե­թէ ոչ մէկ ա­շա­կերտ բարձր ար­դիւնք ու­նե­ցած է բնա­գի­տա­կան ո­լոր­տին մէջ, իսկ ըն­թեր­ցա­նու­թեան պա­րա­գա­յին գրե­թէ ոչ մէկ ա­շա­կերտ ցու­ցա­բե­րած է այն­պի­սի գի­տե­լիք­ներ, ո­րոնք կը վկա­յեն, թէ ան կրնայ հասկ­նալ եր­կար գրու­թիւն­ներ, գործ ու­նե­նալ վե­րա­ցա­կան կամ հա­կա­սա­կան հաս­կա­ցու­թիւն­նե­րու հետ եւ տար­բե­րա­կել փաս­տը կար­ծի­քէն։
Այս քննու­թեան մէջ հիմ­նա­կան մա­կար­դա­կէն բարձր գնա­հա­տա­կան ստա­ցած հայ ա­շա­կերտ­նե­րը մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րու մի­ջի­նէն ա­ւե­լի քան եր­կու ան­գամ ցած ցու­ցա­նիշ ար­ձա­նագ­րած են։
Բ­նա­գի­տա­կան ա­ռար­կա­նե­րուն մէջ հայ ա­շա­կերտ­նե­րուն միայն 28 տո­կո­սը հա­սած է հիմ­նա­կան մա­կար­դա­կէն բարձր ար­դիւն­քի, մինչ OECD-ի մի­ջին ցու­ցա­նի­շը 74 տո­կոս է։ ­Թո­ւա­բա­նու­թեան պա­րա­գա­յին եւս ցու­ցա­նի­շը 28 տո­կոս է, մինչ հա­մաշ­խար­հա­յին մի­ջի­նը կը կազ­մէ 65 տո­կոս։
Ա­մէ­նէն ցած ցու­ցա­նի­շը ար­ձա­նագ­րո­ւած է ըն­թեր­ցա­նու­թեան մէջ։ ­Հիմ­նա­կան մա­կար­դա­կէն բարձր ար­դիւնք ստա­ցած հայ ա­շա­կերտ­նե­րը կը կազ­մեն միայն 19 տո­կո­սը, մինչ OECD-ի մի­ջին ցու­ցա­նի­շը 67 տո­կոս է։ Այս ո­լոր­տին մէջ լա­ւա­գոյն ցու­ցա­նիշ­նե­րը ու­նի ­Չի­նաս­տա­նը՝ 93-97 տո­կոս։

­Գործ­նա­կան անգ­րա­գի­տու­թիւ­նը՝ ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խնդիր

­Տա­կա­ւին 2020-էն ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կով կը խօ­սէին գործ­նա­կան անգ­րա­գի­տու­թեան խնդրին մա­սին։ 2022-ին վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեան զայն ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խնդիր հա­մա­րած էր։
­Վար­չա­պե­տը այդ ժա­մա­նակ նաեւ խօ­սած էր հան­րակր­թու­թեան ո­լոր­տին մէջ լայ­նա­ծա­ւալ եւ խոր­քա­յին բա­րե­փո­խում­նե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին՝ յա­նուն կրթու­թեան, ու­սու­ցի­չին եւ ա­շա­կեր­տին։
­Սա­կայն, դա­տե­լով հե­ղի­նա­կա­ւոր PISA քննու­թեան ար­դիւնք­նե­րէն, ­Փա­շի­նեա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան որ­դեգ­րած ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը տա­կա­ւին էա­կան ար­դիւնք­ներ չէ ար­ձա­նագ­րած։
­Մաս­նա­գէտ­նե­րուն տո­ւած պա­տաս­խան­նե­րուն հա­մա­ձայն՝ հա­յաս­տան­ցի ա­շա­կերտ­նե­րուն 15 տո­կո­սը 2025-ին հա­մա­ձայն կամ լիո­վին հա­մա­ձայն ե­ղած է այն տե­սա­կէ­տին, որ դպրո­ցը ժա­մա­նա­կի վատ­նում է։
­Միա­ժա­մա­նակ պար­զո­ւած է, որ այն ա­շա­կերտ­նե­րը, ո­րոնք ա­ւե­լի բարձր կը գնա­հա­տեն դպրո­ցին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ հա­մա­ձայն չեն այն տե­սա­կէ­տին, թէ դպրո­ցը ժա­մա­նա­կի վատ­նում է, բնա­գի­տու­թե­նէն 13 միա­ւո­րով ա­ւե­լի բարձր ար­դիւնք կ­՚ար­ձա­նագ­րեն, քան ա­նոնք, ո­րոնք դպրո­ցին մէջ ան­ցու­ցած ժա­մա­նա­կը ա­նի­մաստ կը հա­մա­րեն։
­Հա­յաս­տան­ցի ա­շա­կերտ­նե­րը նաեւ յայտ­նած են, որ դպրո­ցին մէջ ու­սում­նա­ռու­թեան նպա­տա­կով օ­րա­կան մի­ջին հա­շո­ւով 2,2 ժամ կը գոր­ծա­ծեն բջի­ջա­յին սարք կամ հա­մա­կար­գիչ, մինչ OECD-ի մի­ջին ցու­ցա­նի­շը 1,7 ժամ է։ ­Բա­ցի այդ, հե­ռա­խօս, հա­մա­կար­գիչ կամ պաս­տա­ռա­ձեւ հա­մա­կար­գիչ (tablet) դպրո­ցին մէջ ժա­ման­ցի նպա­տա­կով կը գոր­ծա­ծեն օ­րա­կան մի­ջին հա­շո­ւով 154 ժամ։
­Մինչ­դեռ 2025-ին ­Հա­յաս­տա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն 34 տո­կո­սը կը սոր­վէր այն­պի­սի դպրոց­նե­րու մէջ, ուր բջի­ջա­յին հե­ռա­խօս­նե­րու գոր­ծա­ծու­թիւ­նը ար­գի­լո­ւած էր, կը փաս­տէ զե­կոյ­ցը։
­Հա­յաս­տա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն 49 տո­կո­սը նաեւ յայտ­նած է, որ առ­նո­ւազն շա­բա­թը մէկ ան­գամ կ­՚օգ­տա­գոր­ծէ ար­հես­տա­կան բա­նա­կա­նու­թեան ծրա­գիր­ներ, մինչ OECD-ի մի­ջին ցու­ցա­նի­շը 46 տո­կոս է։ Ա­շա­կերտ­նե­րուն միայն 10 տո­կո­սը նշած է, որ եր­բեք կամ գրե­թէ եր­բեք չի գոր­ծա­ծեր ար­հես­տա­կան բա­նա­կա­նու­թեան ծրա­գիր­ներ, մինչ OECD-ի մի­ջի­նը 14 տո­կոս է։
­Զե­կոյ­ցի հե­ղի­նակ­նե­րը կը նշեն, որ նոր ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը կրնայ օգ­տա­գոր­ծո­ւիլ ու­սու­ցու­մը բա­րե­լա­ւե­լու հա­մար, սա­կայն՝ ո­րոշ սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րով։ Ըստ հե­տա­զօ­տու­թեան՝ երբ ա­շա­կերտ­նե­րը օ­րա­կան ա­ւե­լի քան հինգ ժամ կը գոր­ծա­ծեն թո­ւա­յին սար­քեր, ա­նոնց յա­ռա­ջա­դի­մու­թիւ­նը կը սկսի նո­ւա­զիլ։
Գ­րա­գի­տու­թեան ա­ռու­մով մտա­հո­գիչ են նաեւ աշ­խար­հի ընդ­հա­նուր ցու­ցա­նիշ­նե­րը։ ­Դե­ռա­հաս­նե­րը ոչ միայն քիչ կը կար­դան, այլ նաեւ նո­ւա­զած է բնա­գի­տա­կան եւ թո­ւա­բա­նա­կան ա­ռար­կա­նե­րուն մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած բարձր մա­կար­դա­կի ցու­ցա­նի­շը։ ­Նո­ւա­զած է նաեւ «գե­րա­զաց­նե­րու» թի­ւը։ ­Թո­ւա­բա­նու­թեան պա­րա­գա­յին, օ­րի­նակ, գե­րա­զանց ար­դիւնք ար­ձա­նագ­րած է մաս­նա­կից­նե­րուն միայն 5 տո­կո­սը, մինչ 2015-ին այդ ցու­ցա­նի­շը կը կազ­մէր 11 տո­կոս։

Աղ­բիւր՝ «Ա­զա­տու­թիւն»