Եղբ. ՎԻԳԷՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին խմբա­պետ

Ս­կաու­տու­թիւ­նը պար­զա­պէս հա­ճե­լի ժա­մանց մը չէ ա­զատ ժա­մե­րու հա­մար. Ան կեան­քի հա­մաշ­խար­հա­յին դպրոց մըն է, մեծ ըն­տա­նիք մը եւ ար­ժէք­նե­րու փա­րոս մը, որ կը կեր­տէ վա­ղո­ւայ գոր­ծօն քա­ղա­քա­ցի­նե­րը։ Իր հիմ­նադ­րու­թե­նէն մին­չեւ այ­սօր, ա­նոր դե­րը կը մնայ ան­փո­փոխ. ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն ջամ­բել այն­պի­սի գի­տե­լիք­ներ, հմտու­թիւն­ներ եւ նկա­րա­գիր, ո­րոնք անհ­րա­ժեշտ են ի­րենց հո­գե­կան, ֆի­զի­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին զար­գաց­ման հա­մար։
Ե­րի­տա­սար­դի մը հա­մար սկաու­տա­կան շար­քե­րուն միա­նա­լը վե­րա­փո­խող փոր­ձա­ռու­թիւն մըն է։ Այն­պի­սի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը մէջ, ուր ա­ռօ­րեան կը կա­ռա­վա­րո­ւի պաս­տառ­նե­րով եւ մե­կու­սա­ցու­մով, սկաու­տու­թիւ­նը կ­՚ա­ռա­ջար­կէ վե­րա­դարձ դէ­պի ի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն։ ­Խա­ղե­րու, խմբա­յին աշ­խա­տան­քի եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ստանձն­ման ընդ­մէ­ջէն, պա­տա­նի­նե­րը կը բա­ցա­յայ­տեն ի­րենց կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, կը սոր­վին յաղ­թա­հա­րել ի­րենց վա­խե­րը եւ կը տի­րա­նան ինք­նավս­տա­հու­թեան։ Ա­նոնք կը դառ­նան ինք­նու­րոյն, կը սոր­վին ծա­ռա­յել հա­ւա­քա­կա­նու­թեան եւ կը կեր­տեն կեան­քի ըն­կե­րու­թիւն­ներ՝ հիմ­նո­ւած փո­խա­դարձ վստա­հու­թեան եւ յար­գան­քի վրայ։ Ս­կաու­տու­թեան սիր­տին մէջ կը գտնո­ւին ա­նոր հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րը։ Ս­կաու­տա­կան խոս­տումն ու օ­րէն­քը կեան­քի բա­րո­յա­կան ու­ղե­ցոյց են։ Ար­դա­րու­թիւ­նը, ան­կեղ­ծու­թիւ­նը, ազ­նո­ւու­թիւ­նը, սէ­րը հան­դէպ շրջա­պա­տին եւ հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը պարզ բա­ռեր չեն, այլ՝ կեն­դա­նի փոր­ձա­ռու­թիւն։ Ս­կաուտ­նե­րը կը սոր­վին օգ­նել ի­րենց նմա­նին ա­մէն պա­րա­գա­յի եւ յար­գել տար­բե­րու­թիւն­նե­րը՝ մշա­կե­լով կա­րեկ­ցանք եւ ըն­կե­րա­յին գի­տակ­ցու­թիւն։
Այս ըն­կե­րա­յին գի­տակ­ցու­թիւնն ու ծա­ռա­յու­թեան ու­ժը ա­ւե­լի խո­րունկ ու յու­զիչ նշա­նա­կու­թիւն կը ստա­նան ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Մարմ­նակր­թա­կան Ընդ­հա­նուր ­Միու­թեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) Ս­կաու­տա­կանմ շար­ժու­մին պա­րա­գա­յին։ ­Յու­նա­հայ գա­ղու­թին հա­մար սկաու­տու­թիւ­նը միայն դաս­տիա­րակ­չա­կան շար­ժում մը չէ, այլ պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թեան եւ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան կեն­դա­նի պա­հա­պա­նը։ Իր գոր­ծու­նէու­թեամբ ան կը յա­ջո­ղի վառ պա­հել ար­մատ­նե­րու կրա­կը՝ սե­րուն­դէ սե­րունդ փո­խան­ցե­լով նախ­նի­նե­րու սո­վո­րու­թիւն­նե­րը, ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը եւ ար­ժէք­նե­րը։ ­Հա­յե­րէն լե­զուն պար­զա­պէս դաս մը չէ, այլ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան կեն­դա­նի մի­ջոց մը, որ կ­՚ար­ձա­գան­գէ ե­րե­խա­նե­րու խա­ղե­րուն, հրա­հանգ­նե­րուն եւ օ­րա­կան զրոյց­նե­րուն մէջ՝ պա­հե­լով ար­մատ­նե­րը կեն­սու­նակ եւ զօ­րա­ւոր։
­Գա­ղու­թի սիր­տին մէջ՝ ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի, ­Նի­քէա­յի, ­Գա­րէա­յի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի սկաու­տա­կան միա­ւոր­նե­րուն մէջ, հայ սկաուտ­նե­րը կը սոր­վին յար­գել ի­րենց ծա­գու­մը, մնալ հա­մախմ­բո­ւած եւ ծա­ռա­յել թէ՛ ի­րենց սե­փա­կան հա­մայն­քին, թէ՛ ալ զի­րենք գրկած յու­նա­կան հա­սա­րա­կու­թեան։ Ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խո­րա­պէս մար­դա­սի­րա­կան եւ յա­ւեր­ժա­կան նշա­նա­բա­նով՝  «­Բարձ­րա­ցիր՝ ­Բարձ­րա­ցուր», ա­նոնք գործ­նա­կա­նա­պէս կ­՚ա­պա­ցու­ցեն, որ ան­հա­տա­կան զար­գա­ցու­մը ի­մաստ կը ստա­նայ միայն այն ա­տեն, երբ ի­րեն հետ դէ­պի վեր կը տա­նի նաեւ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը։
Ան­շուշտ, ա­մէն սկաու­տի հա­մար ա­մե­նա­մեծ եւ կեն­դա­նի դա­սա­րա­նը ինք­նին բնու­թիւնն է։ Ար­շաւ­նե­րը, եր­կօ­րեայ պտոյտ­նե­րը եւ մեծ ա­մառ­նա­յին բա­նա­կում­նե­րը սկաու­տա­կան կեան­քի գա­գաթ­նա­կէտն են։ ­Հոն՝ բաց եր­կին­քին տակ, մա­նուկ­ներն ու պա­տա­նի­նե­րը կը սոր­վին բնու­թեան մէջ ապ­րե­լու գաղտ­նիք­նե­րը. ինչ­պէս վրան լա­րել, ինչ­պէս կողմ­նո­րո­շո­ւիլ աստ­ղե­րով, ինչ­պէս կե­րա­կուր պատ­րաս­տել դաշ­տի մէջ եւ ինչ­պէս պաշտ­պա­նել ան­տա­ռը։ ­Սա­կայն ա­մե­նա­կա­խար­դա­կան պա­հը կը հաս­նի գի­շե­րը։ ­Բա­նա­կու­մի խա­րոյ­կին շուրջ ստեղ­ծո­ւած մթնո­լոր­տը կը դառ­նայ այն վայ­րը, ուր պատ­մու­թիւ­նը կը հան­դի­պի ներ­կա­յին։ Կ­րա­կին ջեր­մու­թեան մէջ, ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ձայ­նե­րը կը միա­նան ա­ւան­դա­կան հայ­կա­կան եւ սկաու­տա­կան եր­գե­րով ու կան­չե­րով.  հի­նե­րը կը յի­շեն, նո­րե­րը կը սոր­վին, եւ եղ­բայ­րու­թեան կա­պե­րը կը դառ­նան ան­քակ­տե­լի։ ­Լեռ­նագ­նա­ցու­թիւնն ու գի­շե­րա­յին զրոյց­նե­րը բո­ցե­րուն շուրջ կը ստեղ­ծեն անջն­ջե­լի յու­շեր, միեւ­նոյն ա­տեն գործ­նա­կա­նա­պէս կը սոր­վեց­նեն բնա­պահ­պա­նա­կան գի­տակ­ցու­թիւ­նը։
Ե­թէ դուն ալ կը փնտռես փա­խուստ մը ա­ռօ­րեա­յէն, ե­թէ կ­՚ու­զես ապ­րիլ իս­կա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն մը բնու­թեան մէջ, կեր­տել բա­րե­կամ­ներ՝ ո­րոնք կեան­քիդ ըն­կեր­նե­րը պի­տի դառ­նան, եւ մաս կազ­մել վեհ գա­ղա­փա­րի մը, մեր դռնե­րը բաց են քե­զի հա­մար։
Կ­՚ըն­դու­նինք նոր ան­դամ­ներ 4 տա­րե­կա­նէն սկսեալ, ա­պա­հո­վե­լով անվ­տանգ ու ստեղ­ծա­գործ մի­ջա­վայր մը ի­րենց զար­գաց­ման ա­մէն մէկ հանգ­րո­ւա­նին հա­մար։
­Կը սպա­սենք քե­զի ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի, ­Նի­քէա­յի, ­Գա­րէա­յի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մեր միա­ւոր­նե­րուն մէջ։ Ե­կո՛ւր բա­ցա­յայ­տե­լու ու­ժերդ, խնդա­լու, ծա­ռա­յե­լու եւ գրե­լու քու սե­փա­կան պատ­մու­թիւնդ։ ­Դար­ձի՛ր դուն ալ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ սկաու­տա­կան ըն­տա­նի­քի ան­դամ։ Ս­կաու­տա­կան մեծ ար­շա­ւը կը սկսի հո՛ս։