ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

­Հայ­կա­կան դպրո­ցը սփիւռ­քի գո­յա­տեւ­ման կա­րե­ւո­րա­գոյն գոր­ծօն­նե­րէն մէ­կը ե­ղած է: ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք ան միայն կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն չէր. ան լե­զո­ւի, ինք­նու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան փո­խանց­ման հիմ­նա­կան մի­ջա­վայրն էր:
­Սա­կայն այ­սօր հար­ցը այ­լեւս միայն այն չէ, թէ ինչ­պէ՞ս բաց պա­հենք հայ­կա­կան դպրոց­նե­րը, այլ` ի՞նչ հայ­կա­կան դպրոց կ­՚ու­զենք ու­նե­նալ ա­պա­գա­յին:
Ս­փիւռ­քի գրե­թէ բո­լոր գա­ղութ­նե­րուն մէջ հայ­կա­կան դպրո­ցը կը դի­մագ­րա­ւէ` ա­շա­կեր­տու­թեան նո­ւա­զում, լե­զո­ւի նա­հանջ, ըն­տա­նիք­նե­րու հե­ռա­ցում հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րէն եւ այլ դպրոց­նե­րու հետ ա­ճող մրցակ­ցու­թիւն: ­Բայց ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի պա­րա­գան ա­ւե­լի մտա­հո­գիչ է, ո­րով­հե­տեւ հոս հայ­կա­կան դպրո­ցը պատ­մա­կա­նօ­րէն ե­ղած է ամ­բողջ գա­ղու­թա­յին հա­մա­կար­գի հիմ­նա­սիւ­նե­րէն մէ­կը:
Ու­րեմն պէտք է հարց տալ` ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հայ­կա­կան դպրոց­նե­րուն հիմ­նա­կան խնդի­րը միայն տնտե­սա­կան ճգնա­ժամն ու ար­տա­գաղթ­նե՞րն են:
­Պա­տաս­խա­նը` ո՛չ: Ա­նոնք խո­րա­ցու­ցած են տագ­նա­պը, բայց չեն ստեղ­ծած ա­նոր բո­լոր պատ­ճառ­նե­րը:

Ին­չո՞ւ հայ ծնող­քը պի­տի ընտ­րէ հայ­կա­կան դպրո­ցը

Ա­հա՛ կա­րե­ւո­րա­գոյն հար­ցե­րէն մէ­կը:
Ան­ցեա­լին հայ­կա­կան դպրոց յա­ճա­խե­լը գրե­թէ բնա­կան շա­րու­նա­կու­թիւնն էր հայ­կա­կան ըն­տա­նի­քի կեան­քին: ­Հայ մա­նու­կը կ­՛ապ­րէր հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սի մէջ, կը յա­ճա­խէր հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի կամ ա­կումբ, հայ­կա­կան ըն­կե­րա­յին մի­ջա­վայր ու­նէր եւ բնա­կա­նա­բար կ­՛եր­թար հայ­կա­կան դպրոց:
Այ­սօր այդ աշ­խար­հը փո­խո­ւած է: Ծ­նող­քը ընտ­րու­թիւն ու­նի: Ան հայ­կա­կան դպրո­ցը կը բաղ­դա­տէ այլ դպրոց­նե­րու հետ եւ կը հարց­նէ` ո՞ւր զա­ւակս ա­ւե­լի լաւ կրթու­թիւն պի­տի ստա­նայ, ո՞ւր պի­տի տի­րա­պե­տէ անգ­լե­րէ­նի կամ ֆրան­սե­րէ­նի, ո՞ւր պի­տի ստա­նայ ար­դիա­կան գի­տե­լիք­ներ, ար­հես­տա­գի­տու­թիւն եւ հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու մաս­նա­գի­տա­կան ա­պա­գա­յի հա­մար անհ­րա­ժեշտ պատ­րաս­տու­թիւն:
Այս հար­ցում­նե­րուն կա­րե­լի չէ պա­տաս­խա­նել միայն ը­սե­լով` «­Հայ ես, ու­րեմն զա­ւակդ հայ­կա­կան դպրոց պէտք է ղրկես»: Ազ­գա­յին պար­տա­ւո­րու­թեան զգա­ցու­մը այ­լեւս բա­ւա­րար կրթա­կան ռազ­մա­վա­րու­թիւն չէ:
­Հայ­կա­կան դպրո­ցը պէտք է այն­պի­սի ո­րակ ա­պա­հո­վէ, որ ծնող­քը ստի­պո­ւած չըլ­լայ ընտ­րու­թիւն կա­տա­րե­լու ազ­գա­յին ինք­նու­թեան եւ բարձ­րո­րակ կրթու­թեան մի­ջեւ:

­Բայց ար­դեօք խնդի­րը միայն կրթու­թեան ո­րա՞կն է
Ո՛չ: ­Կայ ա­ւե­լի խոր­քա­յին հարց մը` ի՞նչ հայ կը փոր­ձենք պատ­րաս­տել հայ­կա­կան դպրո­ցին մէջ:
­Շատ յա­ճախ մեր կրթա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ հիմ­նո­ւիլ
«հա­յա­պահ­պա­նում» հաս­կա­ցո­ղու­թեան վրայ: ­Կը փոր­ձենք մա­նու­կը պա­հել հայ` հա­յե­րէն սոր­վեց­նե­լով, պատ­մու­թիւն փո­խան­ցե­լով, ազ­գա­յին տօ­ներ նշե­լով եւ ան­ցեա­լի յի­շո­ղու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լով:
­Բայց ինք­նու­թիւ­նը միայն պահ­պա­նո­ւող ժա­ռան­գու­թիւն չէ: Ինք­նու­թիւ­նը նաեւ ստեղ­ծո­ւող ի­րա­կա­նու­թիւն է: Այ­սօ­րո­ւան հայ ե­րի­տա­սար­դը պէտք է հասկ­նայ ոչ միայն, թէ ո՛վ էինք, այլ նաեւ` ո՛վ ենք այ­սօր եւ ի՞նչ կրնանք ըլ­լալ վա­ղը:
Ե­թէ հայ­կա­կա­նու­թիւ­նը մա­նու­կին ներ­կա­յաց­նենք միայն իբ­րեւ պար­տա­կա­նու­թիւն, կո­րուս­տի պատ­մու­թիւն եւ ան­ցեա­լին նկատ­մամբ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն, կրնանք ստեղ­ծել սե­րունդ մը, որ կը յար­գէ իր հայ­կա­կան ծա­գու­մը, բայց չի զգար ա­նոր հետ կեն­դա­նի կապ: ­Հայ­կա­կան դպրո­ցը պէտք է հայ­կա­կա­նու­թիւ­նը վե­րա­ծէ ոչ թէ բե­ռի, այլ` ար­ժէ­քի:
Իսկ հա­յե­րէ՞­նը: Այս­տեղ եւս պէտք է ան­կեղծ հար­ցում մը ուղ­ղենք. կա­րե­լի՞ է հա­յե­րէ­նը սոր­վեց­նել այ­սօր նոյն ձե­ւով, ինչ­պէս կը սոր­վեց­նէինք յի­սուն տա­րի ա­ռաջ:
Ան­շուշտ` ո՛չ: Այ­սօր ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ իսկ բազ­մա­թիւ հայ մա­նուկ­ներ դպրոց կը հաս­նին այն­պի­սի ըն­տա­նիք­նե­րէ, ուր հա­յե­րէ­նը այ­լեւս միակ կամ նոյ­նիսկ հիմ­նա­կան լե­զուն չէ: Անգ­լե­րէ­նը, ֆրան­սե­րէ­նը եւ ա­րա­բե­րէ­նը մա­նու­կին ա­ռօ­րեա­յին մէջ հսկա­յա­կան տեղ ու­նին:
Ու­րեմն հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւան­դու­մը պէտք է փո­խո­ւի: Ե­թէ մա­նու­կը հայ­կա­կան դպրո­ցին մէջ հա­յե­րէ­նը ըն­կա­լէ իբ­րեւ ա­մէ­նէն դժո­ւար, ա­մէ­նէն ծանր եւ ա­մէ­նէն նո­ւազ
հե­տաքրք­րա­կան դա­սը, մենք մեր ձեռ­քով զինք կը հե­ռաց­նենք լե­զո­ւէն: Ն­պա­տա­կը միայն քե­րա­կա­նա­կան կա­նոն­ներ գիտ­ցող ա­շա­կերտ պատ­րաս­տե­լը չէ: Ն­պա­տա­կը հա­յե­րէ­նով խօ­սիլ, մտա­ծել, կար­դալ, ստեղ­ծա­գոր­ծել եւ հա­ղոր­դակ­ցիլ ու­զող ե­րի­տա­սարդ­պատ­րաս­տելն է:

 ­Պէ՞տք է շա­րու­նա­կենք ա­մէն դպրոց ա­ռան­ձին փրկել
­Թե­րեւս դժո­ւա­րա­գոյն հար­ցու­մը այս է: ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հա­յու­թիւ­նը պատ­մա­կա­նօ­րէն ստեղ­ծած է դպրոց­նե­րու հա­րուստ ցանց մը: Այդ բազ­մա­զա­նու­թիւ­նը մեր ու­ժե­րէն մէ­կը ե­ղած է: ­Սա­կայն երբ հա­մայնք­նե­րը կը փոք­րա­նան, ա­շա­կեր­տու­թեան թի­ւը կը նո­ւա­զի եւ տնտե­սա­կան մի­ջոց­նե­րը կը սահ­մա­նա­փա­կո­ւին, պէտք է հա­մար­ձա­կիլ հարց տալ`
մեր նպա­տա­կը ա­մէն գնով գո­յու­թիւն ու­նե­ցող բո­լոր կա­ռոյց­նե­րը պա­հե՞լն է, թէ՞ ստեղ­ծել ա­ւե­լի ու­ժեղ հայ­կա­կան կրթա­կան հա­մա­կարգ:
Եր­կու­քը միշտ նոյն բա­նը չեն: ­Գու­ցէ ժա­մա­նակն է մրցակ­ցու­թե­նէն անց­նե­լու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան: Ին­չո՞ւ հայ­կա­կան դպրոց­նե­րը չու­նե­նան` միա­ցեալ կրթա­կան ծրա­գիր­ներ, ու­սու­ցիչ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան միաս­նա­կան հա­մա­կարգ, ար­դիա­կան հա­յե­րէ­նի դա­սա­գիր­քեր եւ թո­ւա­յին հար­թակ­ներ, միա­ցեալ մշա­կու­թա­յին եւ գի­տա­կան ծրա­գիր­ներ: Ին­չո՞ւ իւ­րա­քան­չիւր դպրոց ա­ռան­ձին փոր­ձէ լու­ծել խնդիր­ներ, ո­րոնք ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ամ­բողջ հա­յու­թեան խնդիր­ներն են:

 Ու­րեմն ի՞նչ պէտք է փո­խո­ւի: ­Նախ` մտա­ծե­լա­կեր­պը:
­Հայ­կա­կան դպրո­ցը պէտք չէ դի­տել իբ­րեւ ան­ցեա­լէն մե­զի հա­սած կա­ռոյց մը, զոր պար­տա­ւոր ենք ա­մէն գնով պա­հել: ­Զայն պէտք է դի­տել իբ­րեւ ա­պա­գա­յի ազ­գա­յին ռազ­մա­վա­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն:
Երկ­րորդ` հայ­կա­կան դպրո­ցը պէտք է դառ­նայ կրթա­կա­նօ­րէն մրցու­նակ: ­Հայ ծնող­քը իր զա­ւա­կը հայ­կա­կան դպրոց ու­ղար­կե­լով` պէտք չէ զգայ, որ զո­հո­ղու­թիւն կ­՛ը­նէ ա­նոր ա­պա­գա­յին հա­շո­ւոյն:
Եր­րորդ` պէտք է ամ­բող­ջո­վին վե­րա­նա­յիլ հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւանդ­ման ե­ղա­նա­կը եւ լե­զուն կա­պել մա­նու­կին ի­րա­կան կեան­քին, թո­ւա­յին աշ­խար­հին, մշա­կոյ­թին եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան:
­Չոր­րորդ` պէտք է ներդ­րում կա­տա­րել ու­սու­ցի­չին վրայ: Ա­ռանց պատ­րաս­տո­ւած, ար­ժա­նա­պա­տիւ պայ­ման­նե­րու մէջ աշ­խա­տող եւ նոր մտա­ծո­ղու­թիւն ու­նե­ցող ու­սու­ցի­չի` դպրո­ցա­կան ո­րե­ւէ բա­րե­փո­խում չի կրնար յա­ջո­ղիլ:
Եւ վեր­ջա­պէս, հայ­կա­կան դպրոց­նե­րը պէտք է սկսին ի­րենք զի­րենք տես­նել ոչ միայն իբ­րեւ ա­ռան­ձին հաս­տա­տու­թիւն­ներ, այլ` իբ­րեւ մէկ ընդ­հա­նուր հայ­կա­կան կրթա­կան հա­մա­կար­գի մա­սեր:

 ­Կը փրկենք դպրո՞­ցը, թէ՞ ա­նոր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը
Ա­հա՛ հիմ­նա­կան հար­ցու­մը: ­Հայ­կա­կան դպրո­ցի ա­պա­գան չենք ա­պա­հո­վեր միայն ա­շա­կեր­տու­թեան թի­ւը բարձ­րաց­նե­լով, կրթա­թո­շակ բաժ­նե­լով կամ շէն­քեր պահ­պա­նե­լով: Այդ բո­լո­րը անհ­րա­ժեշտ կրնան ըլ­լալ, բայց բա­ւա­րար չեն:
Ի­րա­կան հար­ցու­մը հե­տե­ւեալն է, ե­թէ վա­ղը հայ ծնող մը հարց­նէ` «Ին­չո՞ւ զա­ւակս հայ­կա­կան դպրոց ղրկեմ», մենք հա­մո­զիչ պա­տաս­խան ու­նի՞նք:
Ե­թէ մեր միակ պա­տաս­խա­նը «որ­պէս­զի հայ մնայ» է, ա­պա մեր կրթա­կան տես­լա­կա­նը պէտք ու­նի վե­րա­նայ­ման: ­Հայ­կա­կան դպրո­ցը պէտք է պատ­րաս­տէ ե­րի­տա­սարդ մը, որ կրնայ մրցիլ աշ­խար­հի մէջ` ա­ռանց կորսնց­նե­լու իր ինք­նու­թիւ­նը, որ` լաւ կը տի­րա­պե­տէ մի­ջազ­գա­յին լե­զու­նե­րու, բայց հա­յե­րէ­նը չի նկա­տեր ան­ցեա­լին պատ­կա­նող լե­զու, որ` կը ճանչ­նայ ­Հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը, բայց նաեւ կը հասկ­նայ ժա­մա­նա­կա­կից ­Հա­յաս­տա­նը եւ սփիւռ­քը, եւ որ` հայ­կա­կա­նու­թիւ­նը չի կրեր միայն իբ­րեւ ժա­ռան­գու­թիւն, այլ ո­րով­հե­տեւ ար­ժէք կը տես­նէ ա­նոր մէջ:
­Հե­տե­ւա­բար, մեր գա­ղութ­նե­րու հայ­կա­կան կրթու­թեան առ­ջեւ այ­սօր դրո­ւած մե­ծա­գոյն խնդի­րը դպրոց­նե­րը պար­զա­պէս փրկե­լը չէ: ­Պէտք է վե­րա­կեր­տել հայ­կա­կան դպրո­ցը` ա­ռանց կորսնց­նե­լու ա­նոր հայ­կա­կա­նու­թիւ­նը: Ան­ցեա­լին հայ­կա­կան դպրո­ցը ստեղ­ծո­ւե­ցաւ մեր գո­յու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու հա­մար: Այ­սօր ան պէտք է վե­րա­փո­խո­ւի` մեր ա­պա­գան ստեղ­ծե­լու հա­մար:

 ­Բայց ար­դեօք ո՞ւշ է
Եւ վեր­ջա­պէս, թե­րեւս ա­մե­նադ­ժո­ւար հար­ցու­մը պէտք է ուղ­ղենք մենք մե­զի.
­Կա­րե­լի՞ է տա­կա­ւին ի­րա­կա­նաց­նել այս բո­լո­րը, թէ՞ ար­դէն ուշ է անհ­րա­ժեշտ փո­փո­խու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­լու եւ մեր հայ­կա­կան դպրոց­ներն ու ա­շա­կերտ­նե­րը հասց­նե­լու այն մա­կար­դա­կին, ո­րուն կը ձգտինք:
­Կար­ծեմ` ուշ չէ: ­Բայց ժա­մա­նակն ալ ան­սահ­ման չէ: ­Տա­րի­ներ շա­րու­նակ կա­րե­լի է դպրոց­նե­րու նա­հան­ջը բա­ցատ­րել` ար­տա­գաղ­թով, տնտե­սա­կան տագ­նա­պով, ա­շա­կեր­տու­թեան թի­ւի նո­ւա­զու­մով կամ ըն­տա­նիք­նե­րու փո­խո­ւող պայ­ման­նե­րով: Այս բո­լո­րը ի­րա­կան պատ­ճառ­ներ են, բայց ա­նոնք չեն կրնար մշտա­կան ար­դա­րա­ցում­ներ դառ­նալ, ո­րով­հե­տեւ ե­թէ միայն ար­տա­քին պայ­ման­նե­րը մե­ղադ­րենք, կը խու­սա­փինք շատ ա­ւե­լի դժո­ւար հար­ցու­մէ մը` իսկ մե՞նք ինչ չենք փո­խած, երբ մեր շուր­ջը աշ­խար­հը փո­խո­ւած է:
Ուս­տի հար­ցը այ­լեւս միայն այն չէ, թէ կրնա՞նք պա­հել մեր դպրոց­նե­րը: ­Հար­ցը այն է, թէ պատ­րա՞ստ ենք փո­խե­լու զա­նոնք այն­քան, որ­քան անհ­րա­ժեշտ է` ա­ռանց կորսնց­նե­լու ա­նոնց հայ­կա­կան դի­մա­գիծն ու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը:
Ո­րով­հե­տեւ տա­կա­ւին կա­րե­լի է վե­րա­կանգ­նել վստա­հու­թիւ­նը, բարձ­րաց­նել կրթա­կան մա­կար­դա­կը, ար­դիա­կա­նաց­նել հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւան­դու­մը, նոր սե­րուն­դի ու­սու­ցիչ­ներ
պատ­րաս­տել եւ հայ­կա­կան դպրո­ցը կրկին դարձ­նել հայ ըն­տա­նի­քին գի­տա­կից ընտ­րու­թիւ­նը:
­Բայց ե­թէ շա­րու­նա­կենք միայն պահ­պա­նել գո­յու­թիւն ու­նե­ցո­ղը` ա­ռանց վե­րա­նա­յե­լու ա­նոր բո­վան­դա­կու­թիւ­նը, թե­րեւս օր մը իս­կա­պէս ուշ ըլ­լայ:

Այ­սօր տա­կա­ւին հար­ցը այն է`, թէ ինչ­պէ՞ս փո­խենք հայ­կա­կան դպրո­ցը:
­Վա­ղը կրնայ հար­ցը դառ­նալ` հայ­կա­կան դպրոց մնա՞ց, որ փո­խենք: