Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2026-ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հոգեւոր ուրախութեամբ եւ հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ Սուրբ Խաչվերացի տօնը։
Առաւօտեան մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ նուիրուած Ս. Խաչի փառաւոր տօնին։ Պատարագը մատուցեց եւ օրուան խորհուրդին մասին քարոզեց շրջանիս հոգեւոր հովիւ Տ. Եղիա վրդ. Մալխասեան: Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցան մեր համայնքի հաւատացեալ ժողովուրդի անդամները, որոնք համախմբուեցան եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ՝ միասնական աղօթքով եւ քրիստոնէական հաւատքի վկայութեամբ նշելու Ս. Խաչի վերացման եւ փառաւորման խորհուրդը։
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ մեր եկեղեցական աւանդութեան մաս կազմող ռեհանի օրհնութիւնը, ապա՝ անդաստան, որուն ընթացքին աղօթքներ բարձրացան առ Աստուած՝ հայցելով անոր օրհնութիւնը, խաղաղութիւնը եւ պահպանութիւնը մեր ժողովուրդին, հայրենիքին ու համայն աշխարհին։
Հաւատացեալները, Սուրբ Խաչի խորհուրդով վերանորոգուած, իրենց մասնակցութիւնը բերին այս գեղեցիկ հոգեւոր արարողութեան՝ ապրելով տօնական օրուան օրհնաբեր մթնոլորտը եւ հաղորդակից դառնալով մեր սրբազան աւանդութիւններուն։
Թող Սուրբ Խաչը միշտ ըլլայ մեր ժողովուրդի հաւատքի, յոյսի եւ փրկութեան նշանը եւ իր օրհնութեամբ պահէ ու առաջնորդէ մեր համայնքը։
Արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյս թաղային խորհուրդին եւ տիկնանց մարմինին կողմէ տեղի ունեցաւ համեստ հիւրասիրութիւն:
ԹՂԹԱԿԻՑ










