Յունաստանի Կրթութեան եւ Կրօնից նախարարութեան սահմանած ժամանակացոյցին համաձայն, Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարանները կատարեցին վերամուտի հաւաքները ջրօրհնէքի աւանդական արարողութեամբ։
Ամառուան երկար դադարէն ետք, մեր ազգային վարժարաններու բակերն ու սրահները լեցուեցան մանկական եւ պատանեկան ձայներով, ժպտուն աշակերտներով եւ անոնց ծնողներով, որոնք ուրախութեան եւ հրճուանքի մթնոլորտ մը ստեղծեցին դպրոցական տարեմուտի այս յատկանշական օրը։
Ուրբաթ, 11 Սեպտեմբեր 2026-ին, առաւօտեան ժամը 9-ին, կատարուեցաւ ջրօրհնէք Ֆիքսի Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարանի, Ա. Գալուստեան մանկապարտէզի ու Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան միջնակարգի աշակերտութեան համար։ Երկու վարժարաններու աշակերտութիւնը արդէն գրաւած էր իր տեղը բակին մէջ, իսկ անոր շուրջ մեծ թիւով ծնողներ ու ազգայիններ եկած էին քաջալերու փոքրիկներուն։
Ջրօրհնէքի արարողութիւնը կատարեց Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան, ընկերակցութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեանի։ Պաշտօնական հիւրերու շարքին ներկայ էին Ատտիկէի փոխմարզպետ Եորղոս Վլախոս, Ազգային վարչութեան ատենապետ Նազար Աւագեան եւ անդամ Դանիէլ Աբիկեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, Հ.Կ.Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Լիզէթ Շանկայեան, Համազգայինի Շրջ. Վարչութեան կողմէ ընկ. Մարի Տանկուրեան, Ուսումնական խորհուրդի ատենապետուհի Լիզա Աւագեան, ինչպէս նաեւ միութիւններու մասնաճիւղերու վարչականներ։ Նաեւ, ներկայ եղաւ Աթէնքի պետական համալսարանի դասախօս Իոաննիս Մազիս։
Փոխմարզպետը խօսք առնելով գովասանքով արտայայտուեցաւ հայկական վարժարաններէն ներս երկլեզու կրթական ծրագիրներուն մասին, շեշտելով հայերէն եւ յունարէն լեզուներու ուսուցման կարեւորութիւնը։ Յաջորդաբար, նախակրթարանի տնօրէնուհի Վիքթորիա Մաղաքեան եւ Ճէնազեան միջնակարգ վարժարանի տնօրէնուհի Արաքսի Միքայէլեան բարի գալստեան խօսքերով, կատարեցին նոր տարեշրջանի շարք մը գործնական ցուցմունքներ եւ յանձնարարութիւններ կրթական ընթացքին մասին։ Բարի վերամուտի քաջալերական խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ փրոֆ. Մազիս։
Նոյն օրը, Սրբազան հօր նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ նաեւ Հ.Կ.Խաչի Գոքինիոյ Զաւարեան ազգային վարժարանի եւ Հ. Ուշագլեան մանկապարտէզի ջրօրհնէքի արարողութիւնը։ Սրբազան հօր կողքին արարողութիւնը կատարեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան։ Ներկայ էին Ազգային վարչութեան անդամ Յովհաննէս Մանկոյեան, Հ.Կ.Խաչի Շրջ. Վարչութեան եւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետուհիները, Գոքինիոյ Վարանդեան կոմիտէի ներկայացուցիչը, տեղական միութիւններու վարչականներ եւ մեծ թիւով ծնողներ ու հայրենակիցներ։ Ջրօրհնէքի աւարտէն ետք, դպրոցի տնօրէնուհի Հայկան Մինասեան կատարեց անհրաժեշտ յայտարարութիւնները նոր դպրոցական տարեշրջանի մեկնարկին առիթով։
Երկու արարողութիւններուն գլխաւոր պատգամը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան հայրը, որ շեշտը դրաւ հայեցի կրթութեան կարեւորութեան վրայ յունահայ համայնքէն ներս։ Ան մասնաւորաբար անդրադարձաւ հայակրթութեան ուղղութեամբ երկարամեայ ջանքերուն եւ համայնքային մարմիններու զօրաշարժին, ընդգծելով նաեւ հայերէնը կենդանի լեզու պահելու հրամայականը ոչ միայն վարժարանին մէջ, այլեւ հայ ընտանիքներուն եւ կառոյցներուն մէջ, որպէս մեր ազգի յարատեւման գրաւական։










