18 Մարտ 2026-ին, իւրայատուկ յիշատակի ելոյթ մը կազմակերպուեցաւ Ռոտոս կղզիի «Նեսթորիտիօ» հիմնարկի հանդիսասրահէն ներս, յարգելու համար Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան տեղւոյն «Տիգրան Երկաթ» մասնաճիւղի ատենապետուհի եւ գրագէտ, վաղամերիկ Խարա Քէօսէյեանի յիշատակը։ Հանգուցեալը, որպէս մտաւորական եւ կրթական մշակ, բացի իր գրական աշխատանքէն, ետին թողեց յիշատակներով լեցուն անցեալ մը Ռոտոսի մշակութային կեանքէն ներս, իսկ մասնաւորապէս աչքի ինկաւ որպէս Համազգայինի եռանդուն անդամ, յարգանք տածելով իր շուրջիններուն մօտ։
Ելոյթը տեղի ունեցաւ «Կինը յիշողութեան ու աւանդութեան ընդմէջէն» խորագիրի ընտրութեամբ եւ վայելեց բարձր ներկայութիւնը Յունաստանի թեմի Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանի։ Անոր կողքին գտնուեցան Համազգայինի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Յուլիանա Մանուկեան եւ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի անդամ ընկ. Խաչիկ Խաչատուրեան։ Ներկայ էին կղզիի Մետրոպոլոտի ներկայացուցիչ հոգեւորականը, փոխմարզպետը, փոխքաղաքապետը, Յունաստանի արհեստագիտութեան կաճառի քարտուղարը, Ռոտոսի արհեստից թանգարանի վարչութիւնը, հասարակական եւ մշակութային կառոյցներու ներկայացուցիչներ. նաեւ սրահը լեցուն էր մշակութասէր հասարակութեամբ։
Բացի Համազգայինի մասնաճիւղէն, երեկոյի համակազմակերպիչներն էին Ռոտոսի Յոյն կիներու «Էրղանի Աթինա» ակումբը, Պոնտոսցիներու «Տիյենիս» եւ Ռոտոսի կիպրացիներու միութիւնները։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան անդամ Նելլի Սահաքիտու, որ անդրադարձաւ ելոյթի իմաստին մասին եւ հակիրճ նշում կատարեց օրուան պատուոյ դէմքին առնչութեամբ։
Կնոջ ունեցած դերին մասին իբրեւ ընկերութեան սիրտ եւ աւանդութեան պահապան նիւթին ընդմէջէն, գրագէտ եւ Ռոտոսի Գրականութեան Տան նախագահ Մանոլիս Մաքրիս անդրադարձաւ Խարա Քէօսէյեանի թողած աւանդին, ուրուագծելով անոր անձնաւորութիւնը եւ մտաւորական կերպարը, որպէս կին մշակ, գրական դէմք եւ մշակոյթի գործիչ։
Խօսքերու կարգին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը ողջունեց ելոյթը, իր երախտագիտութիւնը յայտնելով կազմակերպիչներուն։ Ան նշեց մարդկային առաքինութիւններու արժէքը, յատկապէս մտաւոր եւ ընկերային ծառայութիւն ցուցաբերած մարդոց աշխարհէն ներս։
Ելոյթը համեմուած էր գեղարուեստական յայտագիրով ու աւանդական երգերու ներկայացումով։ Ժողովրդային գործիքներու կատարողութեամբ, մեկնաբանուեցան յատկանշական երգեր, իսկ նոյն պահուն, Ռոտոսի «Լիխնարի» ձայնասփիւռի կայանի խօսնակ Փանայոթիս Խրիսթոֆորու ուղղակի սփռում կատարեց եթերէն, ծանօթացնելով ելոյթի յայտագիրը կղզիի ունկնդիրներուն։
Այցելութեան ծիրէն ներս, Առաջնորդ Սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ Հայ դատի յանձնախումբի եւ Համազգայինի ներկայացուցիչներուն, այցելութիւն կատարեց Մետրոպոլիտին եւ ջերմ ընդունելութիւն ստացաւ Մետրոպոլիտի ներկայացուցիչ վարդապետին կողմէ։ Սիրալիր մթլնոլորտի մէջ, խօսակիցները ընդգծեցին հայ-յունական դարաւոր կապերը, որուն պատմական հետքերը կը հասնին մինչեւ հնամեայ դարերը։ Նաեւ, շեշտուեցան բարեկամական եւ գործակցական ներկայ յարաբերութիւնները զանազան բնագաւառներէն ներս։
Նշենք, որ յունահայ պատուիրակութեան այցելութեան հոգատարութիւնը, ինչպէս նաեւ ելոյթի հովանաւորութիւնը ստանձնած էր կղզիի «Սեմիրամիս» հիւրանոցը, որ ամէն առիթով զօրավիգ կը կանգնի հայկական ներկայութեան եւ պատշաճ հիւրասիրութեամբ կը պատուէ գաղութային ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը մշակութային ձեռնարկներուն։










