Քաղաքական եւ ցուցական ոգեկոչումներու շարքին, Թեսաղոնիկէի հայութիւնը յարգանքի տուրք մատուցեց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին, մասնակցելով տեղւոյն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ կազմակերպուած հեծելարշաւին։
Եղեռնի յիշատակման ծիրէն ներս, մարզական նախաձեռնութիւնը նպատակ ունէր նաեւ յարգել պոնտական ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, որպէս բախտակից ժողովուրդի մը կրած տառապանքները մոռացութեան չենթարկելու տուրք։ Այս պատճառով եւս, հեծելարշաւը ներգրաւեց մօտ 70 հայ եւ յոյն մարզիկներ, որոնք նաեւ ներկայ բազմութեան հետ միասնաբար յարգեցին եւ գլուխ խոնարհեցին քրիստոնեայ ժողովուրդներու բնաջնջման անմարդկային արարքներուն համար։
Շաբաթ, 25 Ապրիլ 2025-ին, «Յուշի երթ» կարգախօսով հեծելարշաւը ներգրաւեց բազմաթիւ հայ եւ յոյն հայրենակիցներ, որոնք բոլորուեցան Մեծն Աղեքսանդրի տպաւորիչ արձանին շուրջ, ուրկէ ճամբայ ելաւ վազքը։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վարչութիւնը կատարած էր անհրաժեշտ դասաւորումները, որպէսզի նախապէս գործադրուի գեղարուեստական յատուկ յայտագիր, նախքան մարզիկներու մեկնումը։
Պոնտական միութիւններու եւ Համազգայինի պարախումբերը տպաւորիչ պարերով զարդարեցին ելոյթը, ցոյց տալով, թէ երկու ժողովուրդներու հասարակաց աղէտները, դարձան վերապրումի եւ գոյատեւման ազդակներ, ընդմիշտ յիշելու եւ յարգելու համար ջարդի ու տարագրութեան ողբերգութիւնները եւ միաժամանակ վառ պահելու քաղաքակրթական հարստութիւնը, որ կը յատկանշէ հայ եւ յոյն ազգերը։
Բոլոր մարզիկները ճեղքեցին 200 քիլոմեթրի հեռաւորութիւնը, հասնելու համար վերջնական կէտին՝ պոնտական «Սումելա» վանքը։ Յուզիչ էր պահը, երբ իւրաքանչիւր մարզիկ կանգ առաւ քաղաքի կեդրոնը գտնուող հայկական խաչքարին առջեւ եւ ծաղիկ խոնարհեց ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն։ Յարգանքի նմանօրինակ տուրքով, յունական եկեղեցւոյ խորանին առջեւ մարզիկները ծաղիկներով զարդարեցին պատուանդանը։ Յուզիչ եւ միաժամանակ գօտեպնդիչ հաւաքը տոգորեց բոլոր ներկաները, որոնք վառ պահեցին յուշը, յարգանքը եւ հաւաքական յանձնառութիւնը ազգովին ապրելու եւ գոյատեւելու համար։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Թեսաղոնիկէի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հեծելարշաւը ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան










