Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար եւ հայ ժողովուրդի անվերապահ բարեկամ Նիքոս Տենտիասի աննախընթաց պաշտօնական ներկայութեամբ եւ զօրակցական կուռ խօսքով յատկանշուեցաւ Աթէնքի մէջ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչական մեծաշուք նշումը, Աթէնքի երաժշտանոցի շքեղ սրահին մէջ։
Այս տարի, ոգեկոչական հաւաքը նուիրուած էր նաեւ Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման 30-ամեակին։ Ելոյթը իրագործուեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի եւ Ատիկէի մարզպետարանի համակազմակերպութեամբ։
Կիրակի, 26 Ապրիլ 2026-ի առաւօտուն, երաժշտանոցի ընդարձակ սրահը յատկանշուեցաւ բերնէ բերան լեցուն ժողովուրդի ներկայութեամբ, որ կանուխէն փութացած էր յարգելու համար յիշատակը մեր անմեղ նահատակներուն։ Սրահի մուտքին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական խումբը պատուի կ՚առնէր ժամանող հիւրերը, իսկ Հայ դատի յանձնախումբի անդամները կը տրամադրէին գեղատիպ յայտագիրը, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական պրակ մը, որուն մէջ տեղ գտած էին հայոց պատմութեան կարեւոր իրադարձութիւնները եւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական ներկայացումը։
Իրենց բարձր ներկայութեամբ ոգեկոչական ելոյթը պատուեցին Յունաստանի պետական, քաղաքական, զինուորական, ակադեմական, դիւանագիտական եւ կրօնական ոլորտի ներկայացուցիչներ։
Որոշեալ ժամուն մուտք գործեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար եւ հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ Նիքոս Տենտիաս, իր կողքին ունենալով Յունաստանի Զինեալ ուժերու պետ զօր. Տիմիթրիոս Խուփիսը, երկրի նաւային ուժի ընդհ. պետ զօր. Տիմիթրիոս Քաթարասը եւ քանի մը տասնեակ բարձրաստիճան սպաներ։ Յունաստանի խորհրդարանը կը ներկայացնէր երեսփոխան եւ հայ-յունական միջխորհրդարանական բարեկամութեան նախագահ Վասիլիս Իքոնոմու։ Նաեւ, խորհրդարանի կուսակցութիւնները կը ներկայացուէին ծանօթ երեսփոխաններու կողմէ, ինչպէս Փաւլոս Խրիսթիտիս, Քաթերինա Նոթոփուլու, Սթիլիանոս Ֆոթոփուլոս, Աթինա Լինու, Աթանասիոս Խալքիաս եւ ուրիշներ։
Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոսը կը ներկայացնէր Խրիսոսթոմոս եպիսկոպոսը։ Յուզիչ էր ներկայութիւնը Յունաստանի խորհրդարանի նախկին նախագահ եւ հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ Աթոսթոլոս Քաքլամանիսի։
Ներկայ էր նաեւ Ատիկէի փոխմարզպետ Խարալամպոս Ալեքսանտրաթոս, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Եորղոս Քութելաքիս, Տիսթոմոյի քաղաքապետ Իոաննիս Սթաթաս եւ քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ։ Օտար հիւրերուն մէջ կարելի էր նշմարել դիւանագիտական ներկայացուցիչներ՝ դեսպաններ, հիւպատոսներ եւ ռազմական կցորդներ։ Յունաստանի ակադեմական ոլորտի հանրայայտ դասախօսներ, պոնտական ու ասորական միութիւններու պատասխանատուներ եւս եկած էին պատուելու ոգեկոչման ելոյթը։
Հայկական կողմէն, հիւրերու շարքը կը գլխաւորէր Յունաստանի հայոց թեմակալ Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան. անոր կողքին կանգնած էին Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Միքայէլ վրդ. Պասալէ, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, կրօնական դասը, Ազգային վարչութեան ատենապետ Նազար Աւագեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, Հ.Կ.Խաչի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ-ի ներկայացուցիչները։ Նաեւ, իր ներկայութեամբ ոգեկոչական հաւաքը պատուեց Յունաստանի մէջ Հ.Հ. ռազմական կցորդ գնդապետ Արմէն Միրզաբէկեան։
Հայաստանի եւ Յունաստանի ոգերգներու հնչումէն ետք, վայրկեանի մը յոտնկայս լռութեամբ յարգուեցաւ նահատակներու յիշատակը։
Ելոյթի ընթացքին ցուցադրուեցան երկու տարբեր տեսանիւթեր. սկիզբը ներկայացուած տեսանիւթը պատմական անդրադարձ մըն էր Ցեղասպանութեան իրագործման եւ անոր հետեւանքներուն մասին, միաժամանակ ցոյց կու տար հայ ժողովուրդի հաւաքական պահանջատիրութեան ոգին, ինչպէս նաեւ Արցախի վրայ շղթայազերծուած պատերազմի հետեւանքները։
Օրուան հանդիսավարն էր ընկ. Սերգօ Մանկոյեան, որ քաղաքական բովանդակութեան իր խօսքով բնորոշեց Հայոց ցեղասպանութեան անժամանցելիութիւնը եւ նշեց միջազգային ճանաչման շրջագիծը։ Ընկերը լայնօրէն անդրադարձաւ Արցախի վրայ թուրք-ատրպէյճանական յարձակողականութեան մասին, որպէս Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրի շարունակութիւն, որ անպատիժ կը մնայ մինչեւ այսօր։ Խօսողը յատուկ նշում կատարեց Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, որուն 30-ամեակը կազմեց նաեւ ելոյթի գլխաւոր նիւթերէն մին։ Ընկերոջ խօսքը կը տրուի առանձին։
Բեմ հրաւիրուեցաւ Ատիկէի մարզպետի ներկայացուցիչ Եորղոս Վլախոս, որ իր ուղերձին մէջ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան արդարութեան վերականգնումին մասին։ Յաջորդաբար, խօսք ուղղեց Յունաստանի խորհրդարանի ներկայացուցիչ Վասիլիս Իքոնոմու, որ դրուատեց հայ ժողովուրդը ու անոր գոյատեւելու կամքը, միաժամանակ լուսարձակի տակ առաւ միջխորհրդարանական գործակցութիւնը։
Օրուան հանդիսավարին հրաւէրով, սրահի բեմը ողողուեցաւ Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններու տասնեակ աշակերտներով, ամէն մէկը իր ձեռին ունենալով երաժշտական գործիք։ Մանկական երգչախումբը, որ կը ղեկավարէր ծանօթ երաժիշտ Միհրան Չալըքեան տպաւորեց հայկական եւ յունական երգերու ներկայացումով, մինչ ժողովուրդի քաջալերական արտայայտութիւնները աւելի կը խրախուսէին մեր փոքրիկ կատարողները։ Չկար աւելի ցայտուն ու սրտին խօսող տեսարան մը, քան հայ նորահաս սերունդի հպարտ կանգնումը սրահին մէջ, որպէս պայքարի, գոյատեւման ու արդար պահանջատիրութեան արտայայտութիւն։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. միութեան ուղերձը արտասանեց ընկ. Արմէն Չաքալեան, որ շեշտակի ոճով յայտնեց հայ երիտասդութեան աննկուն կամքը՝ շարունակել պայքարը մինչեւ վերջնական արդարութիւն։ Ընկերոջ խօսքը եւս կը տրուի առանձին։
Օրուան խօսողն էր Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենտիաս, որ իր հայասիրական զգացումները յայտնեց ներկաներուն։ Նախարարը յատկապէս նշեց հետեւեալները. «111 տարի յետոյ՝ 1915-ի Ապրիլ 24-էն ետք, մենք կը յարգենք այն օրը, երբ թրքական ղեկավարութիւնը, ազգային միատարրութեան անուան տակ, անտեսեց, արհամարհեց եւ ոտնահարեց մարդկային ամէն սկզբունք եւ ձեռնարկեց հայ ժողովուրդի համակարգուած — կը կրկնեմ, համակարգուած — բնաջնջման։
Այսօր մենք նաեւ կը յարգենք այս ցեղային մաքրագործման ամենէն մեծ զոհերէն մէկը՝ հայ ժողովուրդը։ Երկար պատմութիւն ունեցող ժողովուրդ մը՝ հոգեւոր եւ մշակութային հարուստ ընթացքով։ Ժողովուրդ մը, որ ընդունեց քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն, իր ինքնուրոյն լեզուով — որ քիչ առաջ լսեցինք — իր այբուբենով, ամուր եւ նշանակալից ինքնութեամբ։ Ժողովուրդ մը, որ մեզի՝ յոյներուս հետ, կողք կողքի ընթացաւ։
Հայ ժողովուրդը պատժեց թուրք ղեկավարները՝ Թալէաթը, Ճեմալը, Շաքիրը, Էնվէրը — գուցէ ամէնէն վատը՝ որպէս զինուորական հրամանատար։ Սակայն, հայերը չեն մոռցած։ Մենք ալ, այստեղ՝ Յունաստանի մէջ, Ցեղասպանութենէն եւ փոքրասիական աղէտէն ետք, ընդունեցինք տասնեակ հազարաւոր հայ եղբայրներ՝ գաղթականներ, որոնք արմատախիլ եղան իրենց հայրենական օճախներէն։
Չափազանց կարեւոր է նշել, թէ Յունաստանի մէջ հայ համայնքը աճեցաւ, ծաղկեցաւ, ստեղծագործեց, ներդրում ունեցաւ, կ՚ապրի մեզի հետ եւ կը կիսէ մեր ճամբան՝ դէպի եւրոպական Յունաստանի ապագան, զոր կը փափաքինք, կը ցանկանք եւ կը սատարենք, որ մեր բարեկամ Հայաստանը եւս բաժնեկցի։
Անցած են տասնամեակներ, անցած են շատ տարիներ։ Բայց, ինչպէս ըսի, անկեղծօրէն չենք մոռցած։ Ցաւով պէտք է ըսեմ, որ մարդկութիւնը դաս չքաղեց Հայոց ցեղասպանութենէն։ Հետագային, ծայր առին ուրիշ ոճիրներ եւս՝ Ողջակիզումը Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, իսկ աւելի վերջ՝ ցաւալիօրէն Ռուանտայի ցեղասպանութիւնը։ Բայց, Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ ժամանակին պատշաճ կերպով չդատապարտուեցաւ, թոյլ տուաւ այս ամօթալի շարունակութեան։
Այսօր մենք կը կանգնինք հայ ժողովուրդին կողքին։ Կը կանգնինք Հայաստանի կողքին՝ յարգանքով, համերաշխութեամբ, պատմական գիտակցութեամբ եւ պատասխանատուութեան զգացումով։ Կը մատուցենք յարգանքի եւ պատիւի տուրք անոնց, որոնք այն ժամանակ կորսնցուցին իրենց կեանքը, անոնց հարազատներուն, որոնք այսօր կ՚ապրին։ Կը խոնարհինք հայ ժողովուրդի տոկունութեան առջեւ, որ չընկրկեց, չվերացաւ եւ կերտեց ժամանակակից պետութիւն մը»։
Յաջորդեց երկրոդ տեսանիւթը, այս անգամ նշում ընելով Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին։ Տեսանիւթին մէջ խօսք առին խորհրդարանի նախկին նախագահ Ափոսթոլոս Քաքալամանիս, որուն պաշտօնավարութեան օրօք տեղի ունեցաւ ճանաչումը, ինչպէս նաեւ օրինագիծի ներկայացման գլխաւոր քաղաքական անձնաւորոթիւն եւ նախկին վարչապետ Անտոնիս Սամարաս։ Երկու խօսողները յուզումով այտայայտուեցան ճանաչման յաջողութեան մասին, դրուատելով հայ ժողովուրդի արժանիքները։
Ոգեկոչական ելոյթի գեղարուեստական յայտագիրը փայլեցաւ Հայաստանէն յատկապէս հրաւիրուած «ՆԷ» քառեակի ներկայացումով։ Չորս շնորհալի կանանց ձայներով, խումբը մեկնաբանեց Կոմիտասի եւ այլ յօրինողներու ստեղծագործութիւնները, որոնք յուզումի ալիքներ բարձրացուցին սրահին մէջ, տպաւորելով յոյն ներկաները։
Ելոյթի աւարտէն առաջ յարգելու համար Յունաստանի խորհրդարանի պատմական որոշումի 30-ամեակը, Յունահայոց թեմակալ առաջնորդը եւ Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Յարութիւն Սպարթալեան յիշատակի քանդակ մը նուիրեցին խորհրդարանի ներկայացուցիչ երեսփոխան Վ. Իքոնոմուին: Յուշանուէրը պատրաստուած էր արհեստագէտ ընկ. Յովիկ Գասապեանի ձեռքով:
Օրուան հանդիսավարի ազդանշանին հետեւելով, պաշտօնական հիւրերը եւ ժողովուրդը քայլերթ կատարեցին դէպի Սինտաղմայի Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանը։ Քայլարշաւի ամբողջ տեւողութեան, երաժշտութիւնը կը հնչէր Աթէնքի քաղաքապետական փողերախումբին կողմէ, որուն կը յաջորդէին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու երկար շարքերը, հպարտօրէն պարզած ըլլալով ազգային դրօշները։
Սկաուտներու նուագախումբը եւս հնչեցուց կշռութաւոր եղանակներ, իսկ ետին՝ կը հետեւէին պաշտօնական հիւրերու խումբը եւ ժողովրդային բազմահարիւր համախմբումը։ Տիրական էր Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութեան անդամներու մասնակցութիւնը, որոնք մեծադիր պաստառներով կը յայտնէին իրենց պահանջատիրական կամքը։ Ի տես պարզուած տպաւորիչ տեսարանին, անցորդներու եւ վարորդներու հիացումը յայտնուեցաւ ջերմ զգացումներով եւ հայասիրական կեցուածքով։
Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանին առջեւ արդէն պատուի կանգնած էր Յունաստանի զինեալ ուժերու խառն ջոկատ մը, զինուորական նուագախումբի ներկայութեամբ։ Հրապարակը լեցուն էր յոյն եւ օտար ներկաներով, որոնք միախառնուեցան հայ բազմութեան հետ եւ ականատես եղան ոգեկոչական յուզիչ արարողութեան։
Յաջորդաբար, դափնեպսակ զետեղուեցաւ կառավարութեան անունով արտաքին գործոց փոխնախարար Եաննիս Լովերտոսի կողմէ։ Անոր յաջորդեցին խորհրդարանի, կուսակցութիւններու, զինեալ ուժերու, Կիպրոսի դեսպանատան, Կարմիր խաչի, պոնտական միութեանց եւ հասարակական կառոյցներու յարգանքի խոնարհումը։ Յունահայութեան անունով դափնեպսակ զետեղեց ընկ. Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեան։
Նուագախումբը հնչեցուց Հայաստանի եւ Յունաստանի ոգերգները, մինչ ներկաները միաբերան երգեցին, ստեղծելով յուզումի եւ վերացման պահեր, յարգելով յիշատակը անոնց, որոնք ինկան հայութեան դէմ գործուած ամենամեծ ոճիրի օրերուն։
Պահակախումբի պատշաճ արարողութենէն ետք, պաշտօնական հիւրերը մօտեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու տպաւորիչ խումբին եւ շնորհաւորութիւններ յայտնեցին անոնց անթերի ներկայութեան համար։










