­Հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան բո­ղո­քի ձայ­նը ճեղ­քեց Ա­թէն­քի եր­կին­քը

­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 111-ա­մեա­կի ցու­ցա­կան ե­լոյթ­նե­րու ա­մէ­նէն յատ­կան­շա­կան բա­ժի­նը հան­դի­սա­ցաւ բո­ղո­քի քայ­լար­շա­ւը եւ ցոյ­ցը դէ­պի Ա­թէն­քի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն, որ ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ Ուր­բաթ, 24 Ապ­րիլ 2026-ի ե­րե­կո­յեան, յա­ջոր­դե­լով ­Նէա Զ­միռ­նիի հայ­կա­կան յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ յար­գան­քի ե­լոյ­թը եւ բա­րե­խօ­սա­կան կար­գը։
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռա­ջե­լով, հա­րիւ­րա­ւոր ե­րի­տա­սարդ­ներ եւ հայ­րե­նա­կից­ներ, մատ­ղաշ տա­րի­քի հա­յոր­դի­նե­րէն մին­չեւ տա­րէց մեր ազ­գա­կից­նե­րը, հաս­տա­տե­ցին ի­րենց վճռա­կամ ու միա­հա­մուռ ներ­կա­յու­թիւ­նը՝ բո­ղո­քե­լու հա­յու­թեան դէմ շա­րու­նա­կո­ւող ա­նար­դա­րու­թեան հա­մար։
Օ­րո­ւան ի­րա­վի­ճա­կը իս­կա­պէս դժո­ւար ե­ղաւ, ո­րով­հե­տեւ նոյն պա­հե­րուն կը կա­տա­րո­ւէր Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գահ Էմ. ­Մաք­րո­նի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը, իսկ Ա­թէն­քի կեդ­րո­նը փակ կը մնար ինք­նա­շարժ­նե­րու եր­թե­ւե­կին հա­մար։ Այ­սու­հան­դերձ, մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը հա­ւա­քա­բար եւ կուռ շար­քե­րով ար­դէն բո­լո­րո­ւած էին Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. միու­թեան տե­ղե­կա­տո­ւա­կան կրպա­կին շուրջ, որ քա­նի մը օ­րե­րէ ի վեր կը գոր­ծէր ­Սին­տաղ­մա­յի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ։
Ո­րո­շեալ ժա­մուն, կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րու ցուց­մունք­նե­րուն հե­տե­ւե­լով, ժո­ղո­վուր­դը տեղ գրա­ւեց մայր ճամ­բուն վրայ, իսկ հրա­պա­րա­կին ու խորհր­դա­րա­նին առ­ջեւ շրջող յոյն եւ օ­տար ժո­ղո­վուր­դը գնա­հա­տան­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով զօ­րա­վիգ կը կանգ­նէր ցոյ­ցին։
Եր­կու մե­ծա­դիր դրօ­շակ­ներ, մին ­Հա­յաս­տա­նի եւ միւ­սը Ար­ցա­խի, ա­ռաջ­նոր­դե­ցին եր­կար թա­փօ­րը։ Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան տաս­նեակ ան­դամ­նե­րը ա­մուր բռնած էին դրօշ­նե­րը, պար­զե­լով տպա­ւո­րիչ պատ­կեր մը եր­թի ըն­թաց­քին։ Ա­նոնց կը հե­տե­ւէին մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ո­րոնց ձեռ­քե­րէն վեր կը բարձ­րա­նա­յին պաս­տառ­նե­րը՝ պա­հան­ջա­տի­րա­կան զա­նա­զան կար­գա­խօս­նե­րով։ Ե­տին, ժո­ղո­վուր­դի խիտ շար­քե­րը կը յա­ռա­ջա­նա­յին ծանր կշռոյ­թով։ Ա­պա­հո­վու­թեան խիստ պայ­ման­ներ կը տի­րէին հսկող ոս­տի­կան­նե­րուն կող­մէ։ ­Յատ­կան­շա­կան ե­ղաւ զրա­հա­պատ ոս­տի­կա­նա­կան ջո­կատ­նե­րու կող­մէ եր­թի հսկու­մը, որ ան­նա­խըն­թաց պատ­կեր մը կը ներ­կա­յացնէր։ Ա­նոնք յատ­կա­պէս կանգ­նած էին մեր մատ­ղաշ պա­տա­նի­նե­րու կող­քին, եր­կու մեծ դրօշ­նե­րու եր­կայն­քին, սա­կայն ան­մի­ջա­կան ե­ղաւ ցոյ­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու մի­ջամ­տու­թիւ­նը՝ խնդրե­լով, որ վերջ տրո­ւի այդ սրտնե­ղիչ պատ­կե­րին եւ ա­նոնք հե­ռա­նան պա­տա­նի­նե­րուն քո­վէն։ ­Քիչ յե­տոյ, ջո­կա­տը մեկ­նե­ցաւ եւ միա­ցաւ ընդ­հա­նուր ու­ժին, որ ար­գի­լեց ժո­ղովր­դա­յին թա­փօ­րի մեր­ձե­ցու­մը թրքա­կան դես­պա­նա­տուն։
­Քայ­լար­շա­ւի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, միա­կամ ու­ժով վեր խո­յա­ցաւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան բո­ղո­քի ձայ­նը, ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ռազ­մա­տենչ ա­րարք­նե­րու դա­տա­պար­տու­մով, Ար­ցա­խի հայ­կա­կա­նու­թեան եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի վե­րա­դար­ձի ի­րա­ւուն­քին պա­հան­ջով, ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հա­տուց­ման պա­հան­ջով ու այլ լո­զունգ­նե­րով։ Ա­մէն կողմ լսո­ւե­ցան հա­յու­թեան բո­ղո­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը, մինչ ան­ցորդ­ներն ու վա­րորդ­նե­րը զօ­րա­վիգ կը կանգ­նէին յու­նա­հա­յու­թեան ար­դար ձայ­նին։
­Յատ­կան­շա­կան է, որ թա­փո­րի յա­ռաջ գնա­լու պա­հուն, Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գա­հի տիկ­նոջ ինք­նա­շարժ­նե­րու եր­թը ան­ցաւ ցոյ­ցի վայ­րէն եւ ա­կա­նա­տես դար­ձաւ հա­յու­թեան բո­ղո­քի եր­կար թա­փո­րին։
­Ժո­ղովր­դա­յին եր­թը հա­սաւ ­Ռի­ղի­լիս հրա­պա­րակ, թրքա­կան դես­պա­նա­տու­նէն հա­զիւ քա­նի մը հա­րիւր մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ, ան­գամ մը եւս դէմ յան­դի­ման գա­լով տա­րի­նե­րու կրկնո­ւող տգեղ պատ­կե­րին։ Զ­րա­հա­պատ եր­կու մեծ կառ­քեր փա­կած էին զու­ցա­րար­նե­րու ճամ­բան, իսկ ոս­տի­կա­նա­կան ու­ժե­րը ա­նոնց առ­ջեւ կ­՚ար­գի­լէին մօ­տե­նալ դես­պա­նա­տան շէն­քը։
­Բո­ղո­քի եր­թը կանգ ա­ռաւ հրա­պա­րա­կին վրայ, մինչ բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի սաստ­կա­ցան, որ­պէս­զի հա­յու­թեան ձայ­նը հաս­նի մին­չեւ դես­պա­նա­տան պա­տե­րը։
­Տեղ­ւոյն վրայ, գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ խօս­քե­րու հա­կիրճ յայ­տա­գիր մը։ Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ան­դամ ընկ. Ալ­պէր ­Մար­տի­կեան ըն­թեր­ցեց միու­թեան ա­նու­նով ու­ղերձ մը, յայտ­նե­լով հայ պա­տա­նի­նե­րու կամ­քը՝ դառ­նա­լու ­Հայ դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ա­պա­գայ դրօ­շա­կակիր­նե­րը։ Ա­նոր ե­տին կանգ­նած էին մեծ թի­ւով պա­տա­նի­ներ, ո­րոնք պաս­տառ­ներ բարձ­րա­ցու­ցած էին՝ պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի քա­ղաք­նե­րու ա­նուն­նե­րով։
Ա­պա, Ե­րիտ. միու­թեան խօս­նա­կը հրա­ւի­րեց ներ­կայ ե­ղող ­Պոն­տա­կան միու­թեան եւ ա­նոնց ե­րի­տա­սար­դա­կան կա­ռոյ­ցի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ Եոր­ղոս ­Քու­թա­քի­տի­սը եւ ­Նի­քոս Օր­ֆա­նի­տի­սը, ո­րոնք կուռ զօ­րակ­ցա­կան ու­ղերձ­նե­րով շեշ­տը դրին ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­տա­րո­ւած ո­ճիր­նե­րուն, քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բնաջնջ­ման ու ա­նոնց օր­րան­նե­րու ան­հե­տաց­ման վրայ, միա­ժա­մա­նակ պայ­քա­րի կոչ ուղ­ղե­ցին ե­րի­տա­սար­դու­թեան։ Եր­կու խօս­քե­րը ըն­դու­նո­ւե­ցան ժո­ղո­վուր­դի ջերմ ծա­փող­ջոյն­նե­րով ու գնա­հա­տան­քի ար­տա­յայ­տու­թեամբ։
­Մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հսկայ խում­բը շրջա­նակ մը կազ­մած էր ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ եւ բարձ­րա­խօ­սէն լսո­ւած խօս­քե­րով զա­նոնք կը կրկնէր ա­ւե­լի ու­ժեղ ձայ­նով, իսկ մեր պա­տա­նի­նե­րու ստո­ւար խում­բը, իւ­րա­քան­չիւ­րը ե­ռա­գոյն դրօ­շակ իր ձեռ­քին, կը հե­տե­ւէր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րուն։
­Պա­հու մը, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան կող­մէ ե­ռան­դամ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի դրօշ­նե­րը ձե­ռին, յա­ռա­ջա­ցան դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն, յանձ­նե­լու հա­մար բո­ղո­քի յու­շա­գի­րը։ Ա­նոնց կ­՚ըն­կե­րակ­ցէր ոս­տի­կա­նա­կան ու­ժե­րու ա­ւագ հրա­մա­նա­տա­րը։ ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը ճեղ­քեց ոս­տի­կա­նա­կան ջո­կատ­նե­րը եւ շա­րու­նա­կեց իր ճամ­բան մին­չեւ դես­պա­նա­տուն։ ­Շէն­քէն քա­նի մը տաս­նեակ մեթր ա­ռաջ, ոս­տի­կա­նա­պե­տը կտրուկ ար­գի­լեց յա­ռա­ջա­նալ, յայտ­նե­լով, թէ յու­շա­գի­րը կա­րե­լի է զե­տե­ղել ո­րե­ւէ տեղ բա­ցի յանձ­նե­լէ բուն «հաս­ցէա­տի­րոջ»։ Ան­գամ մը եւս կը կրկնո­ւէր վեր­ջին տա­րի­նե­րու ան­հա­ճոյ պատ­կե­րը, ուր ոս­տի­կան­նե­րը գոր­ծադ­րե­լով վե­րէն հա­սած հրա­հանգ­ներ, կ­՚ար­գի­լէին խա­ղաղ մեր­ձե­ցու­մը եւ յու­շա­գի­րի յանձ­նու­մը։ ­Բուռն ե­ղաւ պա­տո­ւի­րա­կու­թեան հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը հրա­մա­նա­տա­րին։ ­Շեշ­տա­կի ո­ճով՝ ա­նոր յայտ­նո­ւե­ցաւ, թէ ոչ մէկ այլ երկ­րի մէջ ուր նման բո­ղո­քի հա­ւաք­ներ տե­ղի կ­՚ու­նե­նան, ար­գի­լում կը պար­տադ­րո­ւի մօ­տե­նա­լու դես­պա­նա­տան շէն­քին եւ յու­շա­գիր յանձ­նե­լու։ ­Հա­կա­ռակ ար­դար բո­ղո­քին, ոս­տի­կա­նա­պե­տը պնդեց հրա­հանգ ստա­ցած ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քին վրայ ու թե­լադ­րեց յու­շա­գի­րը զե­տե­ղել… ո­րե­ւէ ծա­ռի կամ պա­տի վրայ։
­Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը մեր­ժե­լով այս ան­պա­տիւ կար­գադ­րու­թիւ­նը, տե­ղի չտո­ւաւ պաշ­տօ­նա­տա­րի ցուց­մուն­քին եւ նա­խընտ­րեց ետ վե­րա­դառ­նալ։
­Նոյն պա­հուն, ի տես պար­զո­ւած պատ­կե­րին, ժո­ղո­վուր­դի պոռթ­կու­մը ա­ւե­լի սաստ­կա­ցաւ ու լո­զունգ­նե­րը լե­ցու­ցին հրա­պա­րա­կի մի­ջա­վայ­րը։ ­Խօսք ա­ռաւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կող­մէ ընկ. ­Յա­րու­թիւն Ս­պար­թա­լեան, որ յայտ­նեց, թէ ամ­բողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին, այս օ­րը հա­յու­թիւ­նը միա­կամ ու­ժով եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան անն­կուն կամ­քով պի­տի շա­րու­նա­կէ հե­տապն­դել մեր ար­դար դա­տը, մին­չեւ ար­դա­րու­թեան վերջ­նա­կան հաս­տա­տու­մը։
Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. միու­թեան ան­դամ ընկ. ­Փա­թիլ ­Պար­ղու­տեան ըն­թեր­ցեց թուրք դես­պա­նին ուղ­ղո­ւած յու­շա­գի­րը, ընդգ­ծե­լով թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան ե­րե­սը, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­ժա­ման­ցե­լիու­թեան ի­մաս­տը եւ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան պայ­քա­րու­նակ ո­գին։
­Զայ­րոյ­թի շի­կա­ցած մթնո­լոր­տի իբ­րեւ ար­տա­յայ­տու­թիւն, ե­րի­տա­սարդ­նե­րը այ­րե­ցին պաս­տառ մը, ո­րուն վրայ զե­տե­ղո­ւած էին թրքա­կան նո­րօ­րեայ ժա­մա­նակ­նե­րու մո­լեգ­նու­թեան եր­կու գլխա­ւոր դէմ­քե­րու՝ Էր­տո­ղա­նի եւ Ա­լիե­ւի նկար­նե­րը։
­Պահ մը, մեր ե­րի­տա­սար­դու­թեան լայն շղթան, ընդվ­զած ըլ­լա­լով յու­շա­գի­րի յանձ­նու­մի մեր­ժու­մէն, ա­րագ շար­ժով մը յա­ռա­ջա­ցաւ դէ­պի ոս­տի­կա­նա­կան ջո­կատ­նե­րու գի­ծը՝ զայն խզե­լու պա­հան­ջով, որ­պէս­զի հաս­նին դես­պա­նա­տան առ­ջեւ։ Հս­կող ըն­կեր­նե­րու մի­ջամ­տու­թեամբ, կա­րե­լի ե­ղաւ կա­սեց­նել ե­րի­տա­սարդ­նե­րու յա­ռաջ­խա­ղաց­քը, որ­պէս­զի ոս­տի­կա­նա­կան ու­ժե­րուն հետ հա­ւա­նա­կան բա­խու­մի ա­ռաջ­քը առ­նո­ւի։ ­Բազ­մա­թիւ ե­րի­տա­սարդ­ներն ու պա­տա­նի­նե­րը շա­րու­նա­կե­ցին զօ­րա­ւոր բա­ցա­գան­չել լո­զունգ­նե­րը, մինչ ժո­ղո­վուր­դը իր ձայ­նով եւս կը հե­տե­ւէր ա­նոնց ուժ­գին ար­տա­յա­տու­թիւն­նե­րուն։
­Ցոյ­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու թե­լադ­րան­քին հե­տե­ւե­լով, ցու­ցա­րար­նե­րը նկա­տե­ցին, թէ քայ­լար­շա­ւը հա­սաւ իր նպա­տա­կին, թուրք պե­տու­թիւ­նը ստա­ցաւ յու­նա­նա­հու­թեան ու­ղեր­ձը, բո­ղո­քի ձայ­նը լսե­լի դար­ձաւ, ցոյց տա­լով, թէ մեր ար­դար պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը կանգ չի կրնար առ­նել ո­րե­ւէ ար­հես­տա­կան կամ քա­ղա­քա­կան խո­չըն­դո­տի առ­ջեւ։ ­Պի­տի շա­րու­նա­կենք պայ­քա­րիլ, մե­ծով ու փոք­րով, մին­չեւ վերջ­նա­կան ար­դա­րու­թիւն։
­Յու­զու­մի պիրկ մթնո­լոր­տը իր ա­ւար­տին հա­սաւ յու­նաց եւ հայ­կա­կան ո­գերգ­նե­րու միա­բե­րան հնչու­մով բո­լոր մաս­նակ­ցող­նե­րուն կող­մէ։