Քսանթիի հայկական համայնքը ազգային ջերմ օրեր վայելեց 20-22 Մարտ 2026 ժամանակամիջոցին, քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 100-ամեակի ելոյթներու ծիրէն ներս։ Աթէնքէն եւ Թրակիոյ հայաշատ շրջաններէն բազմաթիւ ուխտաւորներու ներկայութիւնը յատուկ փայլ մը տուաւ տօնախմբութեան, միաժամանակ հայկական ջերմ մթնոլորտի ստեղծման լաւագոյն առիթը հանդիսացաւ։
Տօնակատարութիւններու շարքը սկսաւ Ուրբաթ, 20 Մարտի երեկոյեան, եկեղեցւոյ կից գտնուող սրահին մէջ։ Աթէնքէն հասած ուխտաւորներու խումբը եւ տեղացի հայութիւնը միասնաբար վայելեցին հայկական երգի ու երաժշտութեան պահեր, խրախճանքի ոգեւորիչ մթնոլորտի ստեղծումով։ Նշենք, որ Աթէնքի ուխտաւորներու ներկայութիւնը կազմակերպուած էր Յունահայոց Ազգային վարչութեան կողմէ, որուն հրաւէրին ընդառաջեցին մեծ թիւով ազգայիններ ու միացան ուխտագնացութեան։
Ազգային վարչութեան անունով խօսեցան անդամ Զապէլ Այվազեան եւ տեղւոյն Թաղային խորհուրդի ատենապետ Թագւոր Գարաօղլանեան, որոնք բարի գալստեան խօսքերով դիմաւորեցին հիւրերը։ Երեկոյին իրենց մասնակցութիւնը բերին հոգեւոր հովիւ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեան եւ շրջանի երգչախումբը, որոնք հայկական երգերով ստեղծեցին հայաբոյր եւ ոգեշունչ մթնոլորտ։
Շաբաթ, 21 Մարտի երեկոյեան, քաղաքի համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 100-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը, հայ եւ յոյն պաշտօնական հիւրերու ներկայութեամբ եւ խնամքով պատրաստուած յայտագիրի գործադրութեամբ։ Ելոյթը կը վայելէր Յունաստանի հայոց թեմակալ Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանի բարձր ներկայութիւնն ու հովանաւոորութիւնը, իսկ անոր կողքին գտնուեցան Ազգային վարչութեան ատենապետ Նազար Աւագեան եւ անդամները։ Նոյնպէս, իր ներկայութեամբ ելոյթը պատուեց Յունաստանի Հայ աւետարանական համայնքի հովիւ վեր. Վիգէն Չոլաքեան: Ներկայ էր նաեւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի անդամ ընկ. Յարութիւն Սպարթալեան, նաեւ շրջաններու թաղային խորհուրդներու անդամներ, միութեանց ներկայացուցիչներ եւ հայերու ստուար թիւ մը։ Յունական կողմէն, իրենց ներկայութիւնը հաստատեցին Քսանթիի Մետրոպոլիտ Փանտելէիմոն, շրջանի երեսփոխաններու ներկայացուցիչներ, քաղաքապետը, 4-րդ զօրաբանակի ներկայացուցիչը եւ այլ պաշտօնատարներ։
Հրապարակային ելոյթի բացումը կատարեց Արթին Քիւրքճեան, որ պատմական անդրադարձով մը ուրուագծեց հայերու ներկայութիւնը 1880-էն ետք, հասնելով մինչեւ 1922-ի գաղթականական հոսանքները։ Նշեց, թէ 1923-ին հայ համայնքը ստացաւ պաշտօնական ճանաչում։ Ան նաեւ ընդգծեց եկեղեցւոյ 100-ամեակի նշանակալից տարեդարձը, որպէս ազգային ինքնութեան, հաւատքի ու լեզուի պահպանման անկիւնադարձային հանգրուան։
Յաջորդաբար, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Առաջնորդ Սրբազան հայրը, որ յատուկ շեշտով շնորհաւորեց եկեղեցւոյ 100-ամեակը, ծանրանալով հայ ժողովուրդի հաւատքի զօրութեան եւ ազգային դիմագիծը վառ պահելու տեւական ջանքին վրայ։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Մետրոպոլիտը եւ քաղաքապետը, շնորհաւորելով Քսանթիի հայութիւնը։
Յոբելենական ելոյթի գլխաւոր բաժինը պատմագիտական զեկուցումներու ներկայացման շարք մըն էր, որուն մասնակցեցան ակադեմական դասախօսներ եւ գիտաշխատողներ։
Առաջին հերթին, ծանօթ պատմաբան Ղարուֆալիա Թէոտորիտու պատմական լայն անդրադարձով մը, ներկայացուց Քսանթիի հայկական գաղութի ստեղծումը 19-րդ դարէն, հասնելով մինչեւ մեր օրերը, ապա շրջագիծի մէջ առաւ հայութեան բազմատեսակ գործունէութեան ու յարաբերութիւններու ոլորտը յունական իրականութեան մէջ։
Յաջորդ զեկուցաբերը, ճարտարագէտ Իրինի Ցեթինէ, ներկայացուց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ճարտարագիտական արժէքը, որպէս հնամեայ եկեղեցի։ Ան նշեց հայկական զարդարանքներու ու ոճի մանրամասնութիւնները, զանոնք կապելով քաղաքի ճարտարապետական հարստութեան հետ։
Քսանթիի համալսարանի բիւզանդական արուեստի դասախօս Եորղոս Ցիղարաս մանրամասն նշումներ կատարեց եկեղեցւոյ սպասներուն եւ սրբապատկերներուն մասին, ներկայացնելով անոնց պատմական արժէքը իբրեւ հայկական ծիսակատարութեան իւրայատուկ նմուշներ։
Արուեստագէտ եւ գիտնական Տիմիթրա Լազիտու, որպէս շարունակութիւն նախորդ նիւթին, անդրադարձաւ եկեղեցւոյ սպասներու պահպանման կարեւորութեան մասին, որ փոխանցուեցաւ սերունդէ սերունդ եւ դարձաւ հայկական համայնքի կարեւոր պարտականութիւններէն մէկը։
Բոլոր ներկայացումները ճոխացան սահիկներու ցուցադրութեամբ, աւելի ուղիղ եւ հարազատ դարձնելով ներկայացուած նիւթերու այլազանութիւնը եւ հաղորդականութիւնը։
Յանուն Թաղային խորհուրդին, Թագւոր Գարաօղլանեան յիշատակի խաչքարեր նուիրեց չորս դասախօսներուն, ինչպէս նաեւ նման նուէր մը յանձնեց Ազգային վարչութեան երկարամեայ նախկին ատենապետ Թագւոր Յովակիմեանին, իր ունեցած կարեւոր գործակցութեան ու անմիջական նեցուկին համար համայնքին հանդէպ։
Գեղարուեստական յայտագիրը հայկական հոգեւոր երաժշտութեան մատուցում մըն էր, որ կատարեց Թրակիոյ եկեղեցիներու միացեալ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեանի։ Երգչախումբի կատարողութիւնը յուզիչ էր եւ խլեց ներկաներու ջերմ գնահատանքը։
Ելոյթի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը յատուկ յուշատախտակով մը պարգեւատրեց Թագւոր Գարաօղլեանը, գնահատելով անոր բազմամեայ եւ անշահախնդիր գործունէութինը տեղւոյն համայնքի եւ թաղային խորհուրդի կազմէն ներս։
Ելոյթէն յետոյ, ժողովուրդը բոլորուեցաւ քաղաքի հիւրանոցի շքեղ սրահէն ներս, ուր յաջորդեց խրախճանք սիրուած երգչուհիներ Յասմիկ Բեկլարեանի եւ Հռիփսիմէ Դանիէլեանի կատարողութեամբ։ Հայկական երգերու ու եղանակներու հնչիւնները զուարճացուցին ներկաները եւ ստեղծեցին ոգեւորիչ մթնոլորտ մը։
Կիրակի, 22 Մարտի առաւօտուն, հայութեան ժամադրավայրը եղաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր հանդիսաւոր պատարագով մը նշուեցաւ եկեղեցւոյ 100-ամեայ փառաւոր տարեդարձը։ Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան հայրը, իսկ հոգեզմայլ երգեցողութիւնը կատարեց միացեալ դպրաց դասը, խմբավարութեամբ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեանի։
Եկեղեցին լեցուն էր խուռներամ բազմութեամբ եւ ուխտաւորներով, ինչպէս նաեւ ներկայ եղան յոյն Մետրոպոլիտը եւ զօրաբանակի բարձրաստիճան սպայ մը։
Պատարագիչ Սրբազան հայրը վերառնելով Դատաւորի Կիրակիի խորհուրդը շեշտեց աղօթքի կարեւորութիւնը: Ապա, անդրադարձաւ Քսանթիի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 100-ամեակի յիշատակի ոգեկոչման: Սրբազան հայրը մատնանշեց Քսանթիի հայ համայնքի հաւատքի մարմնացումը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ միջոցաւ: Ան շեշտեց, թէ աղօթքի տունը միաւորեց սերունդները: 100 տարի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պատերը հաւատացեալներու աղօթքով կենդանացան, շունչ առին: Դատաւորի Կիրակին մեզ կը հրաւիրէ յարատեւ աղօթել. այսօր բոլորս կը հրաւիրուինք մեր աղօթքը միախառնել 100 տարուան սերունդներու աղօթքին եւ փոխանցել զայն գալիք սերունդներուն:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 100-ամեակի յոբելենական տարեդարձը ազգային վերելքի եւ համախմբուածութեան առիթ դարձաւ շրջանի հայութեան եւ այլ քաղաքներէ ժամանած հայրենակիցներուն համար։ Կարելի է անվարան յայտնել, թէ թաղային խորհուրդի եւ յարակից կառոյցներու տքնաջան ծրագրումով, հնարաւոր եղաւ ժողովուրդին հրամցնել բարձրօրակ ելոյթներ, ստեղծելով խանդավառ եւ հայաբոյր մթնոլորտ մը, սատարելով համայնքի յարատեւման ներուժին ու ապագայի նոր իրագործումներու յանձնառութեան։










