Հինգ­շաբ­թի, 23 Ապ­րիլ 2026-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ար­մե­նո­փու­լիա» վկա­յագ­րա­կան հա­տո­րի երկ­րորդ ներ­կա­յա­ցու­մը ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ։ ­­Յի­շեց­նենք, որ սոյն գիր­քին ա­ռա­ջին շնոր­հան­դէ­սը կա­տա­րո­ւած էր 2022-ի ­­Մա­յի­սին, ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­­Տէր ­­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս։
­­Գիր­քը պոն­տա­ցի յոյն Եֆս­թա­թիոս Խ­րիս­տո­ֆո­րի­տիս-­­Սար­փող­լի­սի վկա­յու­թիւնն է, երբ ին­քը ա­կա­նա­տես ե­ղաւ 600 հայ պա­տա­նի­նե­րու զան­գո­ւա­ծա­յին սպա­նու­թեան։ ­­Սոյն վկա­յու­թիւ­նը գրո­ւած է պոն­տա­կան բառ­բա­րով, բայց թարգ­մա­նո­ւած է ժա­մա­նա­կա­կից յու­նա­րէ­նի Ս­թա­թիս ­­Թաք­սի­տի­սի կող­մէ, ո­րու ջան­քե­րով եւ կա­մա­ւո­րա­կան աշ­խա­տան­քով թարգ­մա­նո­ւե­ցաւ 7 լե­զու­նե­րու։
­­Հա­տո­րի հրա­տա­րա­կու­թեան ի­րա­գործ­ման հա­մար նիւ­թա­կան կա­րե­ւոր ա­ջակ­ցու­թեամբ օգ­տա­կար դար­ձաւ ­­Գեր­մա­նիոյ ­­Նիւ­րեմ­պերկ քա­ղա­քի «­­Յոյ­նե­րու միու­թիւ­նը»։
­­Ներ­կա­յաց­ման ըն­թաց­քին, ող­ջոյ­նի խօս­քեր լսո­ւե­ցան ­­Հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան պա­տո­ւոյ նա­խա­գահ Ս­թե­ֆա­նոս ­­Թա­նի­մա­նի­տի­սի, ­­Նիւ­րեմ­պեր­կի «­­Յոյ­նե­րու միու­թեան» նա­խա­գահ ­­Տի­միթ­րիս ­­Լամպ­րո­փու­լո­սի եւ Հ.Հ. պա­տո­ւոյ հիւ­պա­տոս ­­Սար­գիս ­­Տան­կա­զեա­նի կող­մէ։
­­Գիր­քին մա­սին խօ­սե­ցաւ ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ղա­քա­պետ Ս­թե­լիոս Ա­կե­լու­տիս, որ գո­վա­բա­նեց հա­յու­թեան ներ­կա­յու­թիւ­նը քա­ղա­քէն ներս, միա­ժա­մա­նակ շեշ­տե­լով, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը պէտք է պահ­պա­նէ իր ազ­գա­յին նկա­րա­գիրն ու մշա­կոյ­թը, զո­հը չդառ­նայ ձուլ­ման ու ազ­գա­յին ինք­նու­թեան կո­րուս­տին։
­­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ ընկ. Ք­րիս ­­Ղա­լի­լէաս շեշ­տեց վկա­յու­թեան իւ­րա­յա­տուկ ար­ժէ­քը որ­պէս պատ­մա­կան փաստ ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան վկա­յագ­րու­թիւն­նե­րու շար­քէն ներս։
­­Հե­ղի­նակ Ս­թա­թիս ­­Թաք­սի­տիս անդրա­դար­ձաւ հա­տո­րին մէջ տեղ գտած վկա­յու­թեան ար­ժէ­քին շուրջ, որ­պէս հե­ղի­նակ­ման աղ­բիւր մը, ո­րուն մի­ջո­ցաւ ան յանձն ա­ռաւ ի­րա­գոր­ծել գիր­քի վեր­ծան­ման աշ­խա­տան­քը՝ իբ­րեւ կտակ նա­խորդ սե­րունդ­նե­րու հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թեան յա­րա­տեւ պահ­պան­ման։

ԹՂԹԱԿԻՑ