Ս­փիւռ­քի կեան­քին մէջ հայ մշա­կոյ­թը ազ­գա­յին ինք­նու­թեան ա­մէ­նէն կեն­սու­նակ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րէն մէկն է։ Ա­նոր գլխա­ւոր յատ­կա­նիշն է ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը կա­պո­ւած պա­հել մեր ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­յին ու պատ­մա­կան ժա­ռան­գու­թեան։
Այս ի­րո­ղու­թիւ­նը ան­գամ մը եւս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քի եւ ­Գո­մո­թի­նիի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած հայ­կա­կան պա­րե­րու եր­կու յա­ջող ե­լոյթ­նե­րով, ո­րոնք նոյն դե­րա­կա­տար­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ միա­ւո­րե­ցին հա­րիւ­րա­ւոր հայ­րե­նա­կից­ներ եւ վե­րա­ծո­ւե­ցան գա­ղու­թա­յին հա­մախմ­բո­ւա­ծու­թեան ու հո­գե­կան ապ­րու­մի գե­ղե­ցիկ դրսե­ւո­րում­նե­րու։
Եր­կու ե­լոյթ­նե­րը մէկ ան­գամ եւս ա­պա­ցու­ցե­ցին, որ մշա­կոյ­թը հա­յու ո­գե­ղէն աշ­խար­հին մէջ կը շա­րու­նա­կէ գրա­ւել ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տեղ։ ­Հայ­կա­կան պա­րը սոսկ բե­մա­կան ներ­կա­յա­ցու­մի սահ­ման­նե­րուն մէջ չի պար­փա­կո­ւիր։ Ան ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու փո­խանց­ման կեն­դա­նի լե­զու մըն է, ո­րուն ընդ­մէ­ջէն կը վե­րա­կեն­դա­նա­նայ հայ­րե­նի բնաշ­խար­հը, ժո­ղո­վուր­դի ստեղ­ծա­գործ ո­գին եւ դա­րե­րու ըն­թաց­քին կո­փո­ւած ազ­գա­յին նկա­րա­գի­րը։
Այս պատ­ճա­ռով ալ նման մշա­կու­թա­յին նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ գա­ղութ­նե­րու ի­րա­կա­նու­թեան ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ազ­դակ­ներ են։ Ա­նոնք կը ստեղ­ծեն այն մի­ջա­վայ­րը, ուր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կը հան­դի­պին, կը գոր­ծակ­ցին, կը ստեղ­ծա­գոր­ծեն, կը ստանձ­նեն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն եւ աս­տի­ճա­նա­բար կը վե­րա­ծո­ւին ազ­գա­յին կեան­քի գի­տա­կից մաս­նա­կից­նե­րու։ ­Յատ­կա­պէս Ա­թէն­քի եւ ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րուն մէջ այս հա­մախմ­բում­նե­րը նոր շունչ կը հա­ղոր­դեն գա­ղու­թա­յին աշ­խու­ժու­թեան՝ ամ­րապն­դե­լով փո­խա­դարձ կա­պո­ւա­ծու­թիւնն ու հա­ւա­քա­կան պատ­կա­նե­լիու­թեան զգա­ցու­մը։
­Հա­յա­պահ­պան­ման պայ­քա­րը շա­րու­նա­կա­կան գոր­ծըն­թաց է, ո­րուն յա­ջո­ղու­թիւ­նը կը հիմ­նո­ւի բազ­մա­թիւ փոխ­կա­պակ­ցո­ւած ազ­դակ­նե­րու վրայ։ ­Հա­յե­րէն լե­զուն, ըն­տա­նի­քը, դպրո­ցը, մշա­կոյ­թը, հո­գե­ւոր կա­ռոյց­նե­րը եւ կազ­մա­կեր­պա­կան կեան­քը միա­սին կը կազ­մեն այն ար­ժե­հա­մա­կար­գը, որ կը կեր­տէ ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծով ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ­ներ։ Այս ամ­բող­ջու­թեան մէջ մշա­կոյ­թը ա­ռանց­քա­յին դեր ու­նի, ո­րով­հե­տեւ կը դաս­տիա­րա­կէ, կը ներշն­չէ եւ ազ­գի գա­ղա­փար­նե­րը կը վե­րա­ծէ ապ­րող ի­րա­կա­նու­թեան։
­Հե­տե­ւա­բար, անհ­րա­ժեշտ է մշտա­պէս ներշն­չել հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը, որ­պէս­զի ազ­գա­յին ինք­նու­թեան իր ո­րո­նում­նե­րը զար­գաց­նէ մշա­կու­թա­յին, հա­սա­րա­կա­կան, ազ­գա­յին եւ քա­ղա­քա­կան բո­լոր ո­լորտ­նե­րուն մէջ։ ­Մեր հա­մայնք­նե­րը կա­րի­քը ու­նին բազ­մա­կող­մա­նի դաս­տիա­րա­կու­թիւն ստա­ցած ե­րի­տա­սարդ­նե­րու, ո­րոնք ի­րենց գո­յու­թե­նա­կան պոր­տը ա­մուր կա­պած կը պա­հեն մեր ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան, ա­ւանդ­նե­րուն, մշա­կոյ­թին եւ հայ­րե­նի հո­ղի կե­նա­րար զօ­րու­թեան։ Այդ կա­պէն կը ծնի պա­տաս­խա­նա­տու հայ մար­դը, պայ­քա­րու­նակ ո­գի կրող ե­րի­տա­սար­դը եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­ժա­ման­ցե­լի ի­րա­ւունք­նե­րու հա­մո­զո­ւած պաշտ­պանն ու դրօ­շա­կի­րը։
Ա­թէն­քի եւ ­Գո­մո­թի­նիի մէջ եր­կու ե­լոյթ­նե­րու ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը պէտք է դի­տո­ւին որ­պէս վե­րեւ նշո­ւած շա­րու­նա­կա­կան աշ­խա­տան­քի խրա­խու­սանք։ Մ­շա­կոյ­թը պէտք է դառ­նայ ազ­գա­յին ու­ղիի հիմ­նա­սիւն­նե­րէն մէ­կը, պատ­րաս­տե­լու հա­մար գի­տա­կից սե­րունդ­ներ, պահ­պա­նե­լով սփիւռ­քի կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը եւ ե­րաշ­խա­ւո­րե­լով հա­մայն­քա­յին յա­ջոր­դա­կա­նու­թիւ­նը։
Այս գոր­ծըն­թա­ցին մէջ ա­ռանձ­նա­պէս գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նի է ­Հա­մազ­գա­յին հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան հե­տե­ւո­ղա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։ ­Տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր ­Միու­թիւ­նը իր մշա­կու­թա­յին, կրթա­կան, գե­ղա­րո­ւես­տա­կան եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան բազ­մաբ­նոյթ գոր­ծու­նէու­թեամբ կրցած է իր շուրջ հա­մախմ­բել գա­ղու­թի տաս­նեակ ե­րի­տա­սարդ­ներ, ա­նոնց մէջ արթնցնե­լով ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը եւ զա­նոնք ներշն­չե­լով հայ մշա­կոյ­թի հա­րուստ ա­ւանդ­նե­րով։
­Հայ­կա­կան պա­րը, եր­գը, թա­տե­րա­կան աշ­խա­տան­քը, գե­ղա­րո­ւես­տա­կան կրթու­թիւ­նը եւ բազ­մա­թիւ այլ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ սոսկ ժա­ման­ցա­յին զբա­ղում­ներ չեն, այլ ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կու­թեան կեն­սա­կան մի­ջոց­ներ, ո­րոնց ընդ­մէ­ջէն կը կազ­մա­ւո­րո­ւի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն զգա­ցող ե­րի­տա­սար­դը։
­Նոյն յանձ­նա­ռու­թիւ­նը կը տես­նենք նաեւ Թ­րա­կիոյ մէջ, ուր տեղ­ւոյն մշա­կու­թա­յին միու­թիւ­նը եւ իր շուրջ հա­մախմբո­ւած նո­ւի­րեալ գոր­ծիչ­նե­րը, կա­մա­ւոր­ներն ու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քով վառ կը պա­հեն հայ մշա­կոյ­թի ջա­հը ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին մէջ։
Այ­լեւս, ժա­մա­նա­կի հրա­մա­յա­կանն է, որ Ա­թէն­քի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ Թ­րա­կիոյ մեր մշա­կու­թա­յին կա­ռոյց­նե­րը զար­գաց­նեն ա­ւե­լի սերտ ու ծրագ­րո­ւած գոր­ծակ­ցու­թիւն՝ միա­ւո­րե­լով ի­րենց վար­չա­կան փոր­ձա­ռու­թիւ­նը, մարդ­կա­յին նե­րու­ժը եւ կազ­մա­կեր­պա­կան կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը։ ­Փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը, հա­մա­տեղ մշա­կու­թա­յին ծրա­գիր­նե­րը, ե­րի­տա­սար­դա­կան փո­խա­նա­կում­նե­րը, միաս­նա­կան բե­մադ­րու­թիւն­ներն ու ներ­դաշ­նա­կո­ւած նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը կրնան ստեղ­ծել կազ­մա­կեր­պա­կան այն­պի­սի ցանց մը, որ միա­ցեալ ամ­բող­ջու­թեան մը մէջ նոր թափ կրնայ հա­ղոր­դել հա­մայ­նա­կան կեան­քին եւ ա­ւե­լի ա­մուր հի­մե­րու վրայ դնել ե­րի­տա­սար­դու­թեան բազ­մաբ­նոյթ դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը։ Այս գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը օ­րի­նա­կե­լի նա­խա­տիպ կրնայ դառ­նալ մեր գա­ղու­թին հա­մար՝ ա­պա­ցու­ցե­լով, որ հա­ւա­քա­կան ու­ժե­րու հա­մադ­րու­թիւ­նը բազ­մա­պատ­կող ազ­դե­ցու­թիւն ու­նի հա­յա­պահ­պան­ման եւ սե­րունդ­նե­րու յա­ջոր­դա­կա­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու գոր­ծին մէջ։
­Կը մնայ գի­տակ­ցիլ, թէ հա­ւա­քա­բար պար­տա­ւոր ենք ա­մէն գնով նե­ցուկ կանգ­նիլ գա­ղու­թի ա­պա­գան ե­րաշ­խա­ւո­րող ա­մէն տե­սա­կի ներդ­րու­մի։