Ա­ւե­լի քան քսան տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րող տա­րե­կան «­Քեր­մես»1-ը կը հան­դի­սա­նայ ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ի­րա­գոր­ծում­նե­րէն մէ­կը, որ կը հա­մախմ­բէ յու­նա­հայ բազ­մու­թիւ­նը եւ ա­ռի­թը կու տայ միաս­նա­բար վա­յե­լե­լու ըն­կե­րա­յին ջերմ պա­հեր։
Այս տա­րո­ւան հա­ւա­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Շա­բաթ, 13 ­Յու­նիս 2026-ի ե­րե­կո­յեան, ­Գո­քի­նիոյ ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ըն­դար­ձակ բա­կին մէջ, մէկ­տե­ղե­լով մօտ 220 հայ­րե­նա­կից­ներ ու ա­նոնց ըն­տա­նիք­նե­րը հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րի մէջ։
Զ­գա­լի էր փոք­րիկ­նե­րուն ներ­կա­յու­թիւ­նը, ո­րոնց ու­րախ կան­չե­րը եւ խան­դա­վառ շար­ժում­նե­րը վերջ չու­նե­ցան յա­տուկ սար­քո­ւած խա­ղա­վայ­րէն ներս, հսկո­ղու­թեամբ ե­րի­տա­սարդ կա­մա­ւոր­նե­րուն։
Ե­լոյ­թը նո­ւի­րո­ւած էր ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 180-ա­մեա­կին, ո­րուն շուրջ ծա­ւա­լե­ցաւ նաեւ յայ­տա­գի­րի մէկ մա­սը։
­Ներ­կայ ե­ղան ­Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան, Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուրդն ու ­Տիկ­նանց մար­մի­նը, շրջա­նի Հ.Կ.­Խա­չի վար­չու­թեան ան­դամ­ներ, ­Հա­մազ­գա­յի­նի պա­րա­խում­բե­րու ան­դամ­նե­րը եւ զա­նա­զան միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։
­Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ ­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, որ բա­րի գալս­տեան ջերմ խօս­քե­րէն ու ող­ջոյն­նե­րէն ետք, անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ 180-ա­մեա­կին մա­սին, նշե­լով պատ­մա­կան եր­կար ու­ղին հա­յու­թեան նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան մէջ։ ­Հե­տաքրք­րա­կան ե­ղաւ սա­հիկ­նե­րու ցու­ցադ­րու­թիւ­նը, պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­մով, սկսե­լով ­Պոլ­սոյ եւ ­Կի­լի­կիոյ ոս­տան­նե­րուն մէջ հիմ­նո­ւած Ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայնք­նե­րէն եւ հաս­նե­լով մին­չեւ մե­րօ­րեայ պատ­կե­րը։ ­Ցու­ցադ­րո­ւե­ցան նաեւ նկար­ներ ­Յու­նաս­տա­նի հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի գոր­ծու­նէու­թե­նէն, ան­ցեա­լի կրթա­կան եւ հո­գե­ւոր կեան­քէն։ ­Ներ­կա­յա­ցու­մը զար­դա­րո­ւած էր հո­գե­ւոր եր­գե­րու հնչիւն­նե­րով եւ գրա­ւեց բո­լո­րին ու­շադ­րու­թիւ­նը։
­Հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան ու­թը պա­րե­րով հան­դէս ե­կան «Ա­ւե­տիս» հա­մոյ­թի փոք­րիկ­նե­րու եւ պա­տա­նի­նե­րու խում­բե­րը, պա­րու­սու­ցու­թեամբ ­Շու­շա­նիկ ­Սե­մեր­ճեա­նի։ Եր­կու խում­բե­րը տպա­ւո­րե­ցին ի­րենց շար­ժում­նե­րով եւ խլե­ցին ժո­ղո­վուր­դի ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րը։
Ե­րե­կոն շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ ըն­կե­րա­յին մթնո­լոր­տի մէջ, ճոխ եւ հա­մեղ ճա­շե­րով, ո­րոնք կը պատ­րաս­տո­ւէին կա­մա­ւոր խում­բե­րուն կող­մէ։ ­Նաեւ, տի­կին­նե­րուն կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած պա­զա­րին ըն­թաց­քին, ներ­կա­նե­րը ա­ռիթ ու­նե­ցան ստա­նա­լու զա­նա­զան ա­նու­շե­ղէն­ներ եւ այլ ի­րեր, սա­տա­րե­լով ե­կե­ղեց­ւոյ գոր­ծու­նէու­թեան։
­Նոյն պա­հուն, կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցան յա­տուկ խա­ղեր եւ մրցում­ներ փոք­րիկ­նե­րուն հա­մար, ու­րա­խաց­նե­լով բո­լո­րը եւ հա­ճե­լի ժա­ման­ցի պա­հեր ստեղ­ծե­լով ա­շա­կեր­տա­կան տա­րի­քի սե­րուն­դին մօտ։
Գ­նա­հա­տե­լի է հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, որ ա­մէն տա­րի նոյն թար­մու­թեամբ կը դառ­նայ ժա­մադ­րա­վայ­րը տաս­նեակ հայ­րե­նա­կից­նե­րու, հա­յա­բոյր մթնո­լոր­տի տա­քուկ զգա­ցում­նե­րով։ Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւին, հո­գա­բար­ձու­թեան, տիկ­նանց մարմ­նոյ եւ տաս­նեակ կա­մա­ւոր­նե­րու ան­խոնջ աշ­խա­տան­քին ար­դիւն­քը մե­ծա­պէս կը գնա­հա­տո­ւի ներ­կա­նե­րէն, ո­րոնց քա­ջա­լե­րան­քը ակ­նե­րեւ կը դառ­նայ իւ­րա­քան­չիւր տա­րի։

1. «Քերմես» (kermis) բառը կը գործածուի նկարագրելու համար տօնավաճառ մը, ժողովրդական տօնակատարութիւն մը կամ բարեգործական ձեռնարկ մը՝ խաղերով, ուտելիքներով եւ զանազան գործունէութիւններով։ Բառը ծագած է ֆլամանտական/հոլանտական kermis բառէն, որ կը նշանակէ «եկեղեցական տօն»։