Ամէն տարուան նման, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան պատուիրակութիւն մը այցելեց Աթէնքի Բազմարուեստարանի վայրը եւ դափնեպսակ զետեղեց 17 Նոյեմբեր 1973-ին տեղը ունեցած ուսանողներու ապստամբութեան յիշատակին։ Յունաստանի բռնապետական վարչակարգին դէմ ուսանողներու դիմադրութիւնը իւրաքանչիւր տարի կը նշուի երկրի քաղաքական, ուսանողական եւ ընկերային աշխարհին կողմէ, որուն կարգին Հ.Յ.Դ. երիտասարդները եւս իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, յարգելով ազատութեան համար պայքարած անթիւ երիտասարդներու սխրագործութիւնը։
Տեղւոյն վրայ, դափնեպսակի զետեղումէն ետք, յունական հեռատեսիլի կայանները եւս արձանագրեցին հայ երիտասարդներու յարգանքի տուրքը։ Հայկական պատուիրակութեան անդամները իրենց մտածումները յայտնեցին լրատուական միջոցներուն, նշելով անդուլ պայքարի եւ ազատութեան գաղափարին հանդէպ հաւատարմութեան ոգին։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. Միութիւնը մասնակցեցաւ Բազմարուեստարանի յիշատակի ելոյթին









