25 եւ 26 Սեպտեմբերին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Աթէնքի վարչութիւնը կազմակերպեց մարզական գեղեցիկ մրցաշարք մը, որ ունէր առանձնայատուկ նշանակութիւն, քանի ան նուիրուած էր Կարպիս Ճանիկեանի յիշատակին՝ եղբայրի մը, որ մեծ սիրով ու նուիրումով տասնեակ տարիներ ծառայեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ընտանիքին: Ներկայ գտնուեցան Կարպիս Ճանիկեանի ընտանիքը, անոր բարեկամները ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ական եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք լեցուցին մարզադաշտը եւ կենդանութիւն տուին մրցումներուն: Մարզիկները դաշտին վրայ տուին իրենց լաւագոյն ներկայութիւնը, իսկ առանձնայատուկ ուրախութիւն պատճառեց նաեւ Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վոլէյպոլի բաժանմունքի մարզիկներուն գործուն մասնակցութիւնը, որոնք անգամ մը եւս փաստեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բոլոր բաժանմունքները միացնող սերտ կապերը:
Յատկանշական էր նաեւ Համազգայիի պարախումբի մասնակցութիւնը, որ ամէն տարուայ նման այս անգամ եւս մաս կազմեց մրցաշարքի խաղերուն:
Մետալներն ու բաժակները ունին իրենց մարզական արժէքը, բայց այն որ կը մնայ անջնջելի, միասնաբար ստեղծուած պահերն էին, ազնիւ մրցակցութիւնը, ընկերասիրութիւնը եւ յուշերը:
ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԵՒ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՆՈՐ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.-ը կը շարունակէ ի ամբողջ ուժերով եւ միաւորներով, վառ պահել այն արժէքները, յիշատակներն ու մարդկային ազնիւ կերպարը, որոնք իրենց անջնջելի դրոշմը ձգած են Միութեան պատմութեան վրայ:
Արդեն, Սեպտեմբեր ամսուան սկիզբը վերսկսաւ Աթէնքի, Գոքինիոյ, Գարէայի եւ Թեսաղոնիկէի սկաուտական ու մարզական գործունէութիւնը։
Սկաուտական մասնաճիւղերը կատարեցին իրենց պաշտօնական բացումները եւ կատարուեցաւ առաջին միջխմբապետական ժողովը։
Մարզիկներու Ակադեմիանները սկսած են փորձերը, իսկ չափահասներու խումբերը կը պատրաստուին մասնակցիլ յառաջիկայ 2026-27 մրցաշարքերուն։
Կոչ կ՚ուղղենք մեր գաղութի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն, ինչպէս նաեւ անոնց ծնողներուն՝ մաս կազմել Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքին, որ տասնամեակներ շարունակ կը կերտէ ազնիւ եւ ազգասէր սերունդներ, մեր մեծ Միութեան «Բարձրացիր-Բարձրացուր» վսեմ նշանաբանին առաջնորդութեամբ։










