«Հայկական քնար-հնչիւններ եւ արձագանգներ»­

«Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի յու­նա­լե­զու հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու շար­քի 23-րդ ­գիր­քը իւ­րա­յա­տուկ հանգ­րո­ւան մըն է, խմբագ­րու­թեան կող­մէ մէջ լոյս տե­սած հա­տոր­նե­րու հա­ւա­քա­ծո­յին մէջ։ Ա­րա ­Ման­կո­յեա­նի բծախն­դիր եւ հա­րա­զատ թարգ­մա­նու­թեամբ, յոյն եւ հայ ըն­թեր­ցող­նե­րուն կը հրամ­ցո­ւին հայ­կա­կան բա­նաս­տեղ­ծա­կան աշ­խար­հի հան­րա­ծա­նօթ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը կազ­մեն հայ գրա­կա­նու­թեան գան­ձե­րու յատ­կան­շա­կան գո­հար­ներ, հարս­տաց­նե­լով հայ լե­զո­ւի ու գի­րի անգ­նա­հա­տե­լի գան­ձա­րա­նը։
­Բո­լոր այն հայ­րե­նա­կից­նե­րը եւ պար­բե­րա­թեր­թի յոյն ծա­նօթ­նե­րը, ո­րոնք ներ­կայ ե­ղան «­Հայ­կա­կան քնար-հնչիւն­ներ եւ ար­ձա­գանգ­ներ» գիր­քի ներ­կա­յա­ցու­մին, վստա­հա­բար ըմ­բոշխ­նե­ցին մեր բա­նաս­տեղ­ծա­կան աշ­խար­հի նրբա­հիւս մա­նեակ­նե­րը, զգա­լով ու ապ­րե­լով իւ­րա­քան­չիւր բա­ռին մէ­ջէն հայ ստեղ­ծա­գործ ո­գին, հայ հո­ղին զօ­րու­թիւ­նը եւ քնա­րա­կան գե­ղեց­կու­թիւ­նը, խօս­քի ու ե­րաժշ­տու­թեան հո­գեզ­մայլ մթնո­լոր­տին մէջ։
­Կի­րա­կի, 4 ­Հոկ­տեմ­բեր 2026-ի ե­րե­կո­յեան, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի «­Զա­քա­րեան-­Սա­րա­ճեան» սրահ­նե­րուն մէջ, բա­նաս­տեղ­ծա­կան ե­լոյ­թը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւե­ցին ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պանը, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, հո­գե­ւոր դա­սը, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը, Հ.Յ.Դ. ­Կեդր. ­Կո­մի­տէի ան­դա­մը, միու­թիւն­նե­րու ան­դամ­ներ, յու­նա­հայ մա­մու­լի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ինչ­պէս նաեւ տաս­նեակ ներ­կա­ներ։
­Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Ար­տա ­Ճէ­լա­լեան, որ անդ­րա­դար­ձաւ հրա­տա­րա­կո­ւած գիր­քին մա­սին, շեշ­տե­լով ա­նոր ընդ­մէ­ջէն բա­նաս­տեղ­ծու­թեան վե­րա­դար­ձին բե­րած ու­րա­խու­թիւ­նը՝ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն, որ լե­զո­ւի բարձ­րա­գոյն ա­րո­ւեստն է եւ մեզ կը հրա­ւի­րէ ո­րո­նե­լու տե­սա­նե­լիէն ու ակ­նե­րե­ւէն ան­դին։ ­Խօ­սո­ղը ներ­կա­յա­ցուց հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը՝ իբ­րեւ ներշնչ­ման անս­պառ աղ­բիւր, որ կը շա­րու­նա­կէ նոր ու­ղի­ներ բա­նալ ըն­թեր­ցո­ղին ու ստեղ­ծա­գոր­ծո­ղին առ­ջեւ։ Ան նաեւ մատ­նան­շեց յոյն-հայ­կա­կան կա­պե­րու վե­րա­նո­րո­գումն ու ամ­րապն­դու­մը՝ Ա­րա ­Ման­կո­յեա­նի նշա­նա­կա­լից ներդ­րու­մին մի­ջո­ցաւ։ ­Հան­դի­սա­վա­րը ընդգ­ծեց ու գնա­հա­տան­քով շեշ­տեց, թէ Ա­րա ­Ման­կո­յեա­նի թարգ­մա­նա­կան աշ­խա­տան­քը կը ներ­կա­յաց­նէ կրկնա­կի նպաստ։ ­Մէկ կող­մէն՝ ան իր ներդ­րու­մը կը բե­րէ գրա­կա­նու­թեան ընդ­հան­րա­կան աշ­խար­հին, բա­նաս­տեղ­ծու­թեան եւ լե­զո­ւի մի­ջո­ցով ստեղ­ծե­լով նոր կա­մուրջ­ներ, նոր հան­դի­պում­ներ ու նոր ո­րո­նում­ներ։
­Միւս կող­մէ՝ ա­նոր աշ­խա­տան­քը կը հան­դի­սա­նայ ար­ժէ­քա­ւոր նպաստ մը յու­նա­հայ հա­մայն­քին, ո­րով­հե­տեւ հայ մշա­կոյ­թի ու բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մի­ջո­ցով կը նո­րո­գէ ու կը խո­րաց­նէ յու­նա­կան ու հայ­կա­կան մշա­կոյթ­նե­րու մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող կա­պե­րը։
­Գիր­քի ներ­կա­յա­ցում­նե­րու շար­քին, ա­ռա­ջին խօ­սո­ղը ե­ղաւ բա­նա­սէր ­Թո­նիա ­Քա­ֆե­ծա­քի, որ յայտ­նեց, թէ «­Հայ­կա­կան քնար»ը հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան եւ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ան­քակ­տե­լի կա­պը բա­ցա­յայ­տող ժո­ղո­վա­ծու մըն է։ Ան ըն­թեր­ցո­ղը կը տա­նի հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ա­կունք­նե­րը՝ հին դա­րե­րէն մին­չեւ ժա­մա­նա­կա­կից շրջա­նը։ ­Ժո­ղո­վա­ծո­ւին մէջ յատ­կա­պէս կը շեշ­տո­ւին ազ­գա­յին զար­թօն­քի, հա­լա­ծանք­նե­րու, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ հայ­րե­նի­քի կո­րուս­տի նիւ­թե­րը։
­Բա­նաս­տեղծ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը կը վկա­յեն, թէ ինչ­պէս պատ­մա­կան ող­բեր­գու­թիւ­նը վե­րա­ծուած է գրա­կան յի­շո­ղու­թեան ու ա­րո­ւես­տի։ Ա­րա­րա­տը, հայ­րե­նի­քը, գաղ­թը, կա­րօ­տը եւ վե­րա­դար­ձի յոյ­սը կը դառ­նան հայ ինք­նու­թեան հզօր խորհր­դա­նի­շեր։
­Հայ բա­նաս­տեղծ­նե­րը ի­րենց անձ­նա­կան ձայ­նը կը միաց­նեն ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­քա­կան ձայ­նին՝ դառ­նա­լով ա­նոր ցա­ւին եւ պա­հանջ­նե­րուն ար­տա­յայ­տիչ­նե­րը։
­Միա­ժա­մա­նակ, ժո­ղո­վա­ծուն կը ցու­ցադ­րէ հայ մշա­կոյ­թի ազ­դե­ցու­թիւ­նը եւ ար­ձա­գան­գը օ­տար գրող­նե­րու մօտ՝ ­Պայ­րը­նէն մին­չեւ Ո­ւի­լիըմ Ո­ւաթ­սըն։ Այս ամ­բող­ջու­թիւ­նը կը վե­րա­ծո­ւի հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մա­կան ու հո­գե­ւոր դի­մա­գի­ծը ընդգ­ծող գրա­կան վկա­յու­թեան։
­Յա­ջորդ խօ­սո­ղը, բա­նա­սէր ­Տես­փի­նա ­Տե­մեր­ծի իր վեր­լու­ծու­թեան մէջ նկա­տեց, թէ հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան խոր­քին մէջ կը բա­ցա­յայ­տո­ւի ժո­ղո­վուրդ մը, որ պատ­մա­կան տա­ռա­պանք­նե­րուն մէ­ջէն իսկ չկորսն­ցուց իր հո­գե­կան ու­ժը։ Բ­նու­թիւ­նը, ծնող­նե­րը, նախ­նի­նե­րը, ու­սու­ցիչ­նե­րը եւ հայ­րե­նի­քը կը ներ­կա­յա­նան իբ­րեւ սե­րունդ­ներ ի­րա­րու կա­պող ար­ժէք­ներ։ ­Բա­նաս­տեղծ­նե­րը կեան­քի ա­ռօ­րեայ ե­րե­ւոյթ­նե­րէն կը քա­ղեն ի­մաս­տու­թիւն եւ կը ձե­ւա­կեր­պեն մար­դուն ապ­րե­լու բա­րո­յա­կան սկզբունք­նե­րը։
­Խո­նար­հու­թիւ­նը, մար­դա­սի­րու­թիւ­նը, ըն­կե­րա­սի­րու­թիւ­նը, ար­դա­րու­թիւ­նը, զո­հո­ղու­թիւնն ու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը կը դառ­նան հա­մա­մարդ­կա­յին պատ­գամ­ներ։ ­Սի­րոյ, բա­րե­կա­մու­թեան եւ ըն­տա­նե­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու քնա­րա­կան պատ­կեր­նե­րը կ­՚ամ­բող­ջաց­նեն այդ հո­գե­ւոր աշ­խար­հը։ ­Հայ­կա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը միայն հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան ար­տա­ցո­լու­մը չէ, այ­լեւ մար­դուն ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու վկա­յու­թիւն։
­Յու­զում­նա­խառն ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ թարգ­մա­նիչ Ա­րա ­Ման­կո­յեան, որ նշեց. «­Յոյն հան­րա­ծա­նօթ գրող ­Նի­քոս ­Քա­զան­ծա­քիս 1928-ին ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լե­լով, գրած էր, թէ ­Հա­յաս­տան եր­կիր չէ, այլ հո­գե­ւոր ամ­րոց, ժայռ մը, ուր մարդ­կա­յին հո­գին ամ­րա­ցաւ՝ որ­պէս­զի ա­րե­ւե­լեան ջրհե­ղե­ղը չկլա­նէ զայն։ Այդ ամ­րո­ցին պատ­կե­րը փոր­ձե­ցի, ըստ կա­րո­ղու­թեանս, ցո­լաց­նել այս թարգ­մա­նա­կան աշ­խա­տան­քով։ Ո­րով­հե­տեւ մենք՝ յու­նա­հա­յերս, ­Յու­նաս­տա­նը կը սի­րենք իբ­րեւ բնա­կան հայ­րե­նիք՝ իր Օ­ղիմ­պո­սով եւ բարձր լեռ­նե­րով, բայց մեր հո­գիին մէջ կ­՚ապ­րի նաեւ քաղցր ու ե­րա­զուն ­Հա­յաս­տա­նը՝ գե­րի Ա­րա­րա­տով ու ­Սի­փա­նով, ա­զատ Ա­րա­գա­ծով ու ­Սե­ւա­նի հմա­յիչ լի­ճով։
­Հա­յաս­տան ը­սե­լով չենք հասկ­նար միայն այ­սօ­րո­ւան նեղ սահ­ման­նե­րը, այլ ­Կի­լի­կիա­յէն մին­չեւ ­Վա­նի լիճն ու Ա­նին, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թե­նէն մին­չեւ Ար­ցախ։ Այս եր­կի­րը կը կրենք մեր մէջ, նոյ­նիսկ ե­թէ եր­բեք չենք տե­սած. հպարտ ենք ա­նով՝ իր կիր­քե­րով ու յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով, իր ցա­ւով եւ ու­րա­խու­թեամբ, որ կը բխին բա­նաս­տեղծ­նե­րուն տո­ղե­րէն։
­Հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը կար­կա­չուն ա­ռո­ւակ մըն է, որ նախ­նի­նե­րու բուր­մուն­քը կը կրէ, ժո­ղո­վուր­դի մը ու­ժը, որ գիտ­ցած է ցա­ւը եր­գի եւ խա­ւա­րը լոյ­սի վե­րա­ծել։ Եր­կու լե­զու­նե­րու եւ եր­կու պատ­մու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ մեծ­ցած մար­դու մը հա­մար, այս ծաղ­կա­քա­ղը եր­կար ներ­քին ճամ­բոր­դու­թեան դրոշմն է. թարգ­մա­նե­լով փոր­ձե­ցի ոչ թէ պար­զա­պէս բա­ռեր փո­խադ­րել, այլ զգա­ցում փո­խան­ցել, եւ թոյլ տալ, որ իմ մէկ հայ­րե­նիքս խօ­սի միւ­սին լե­զո­ւով»։
Ա­րա ­Ման­կո­յեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի խմբագ­րու­թեան եւ բո­լոր այն դե­րա­կա­տար­նե­րուն, ո­րոնք ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձու­ցին գիր­քի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ՝ ե­լոյ­թի յայ­տա­գի­րին մէջ մաս կազ­մած խօ­սող­նե­րուն եւ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րուն։ Իր խօս­քը ամ­փո­փե­լով ան յայտ­նեց. «­Կը մաղ­թեմ որ «­Հայ­կա­կան քնար-հնչիւն­ներ եւ ար­ձա­գանգ­ներ» գիր­քը ըլ­լայ ջերմ, մտե­րիմ ձայն մը, որ թոյլ պի­տի տայ ունկնդ­րե­լու հայ­կա­կան կսկի­ծը, յի­շեց­նե­լով՝ Ա­րա­րա­տին փե­շե­րուն եւ ­Յու­նաս­տա­նի կա­պու­տան երկն­քին տակ, թէ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը փա­րոս մըն է, որ ճամ­բան ցոյց կու տայ հո­գիին»։
­Խօս­քի ու ե­րաժշ­տու­թեան հիաս­քանչ ար­տա­յայ­տու­թիւն մը հան­դի­սա­ցաւ դե­րա­սան ­Տիգ­րան Աբ­րա­հա­մեա­նի կող­մէ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու ըն­թեր­ցու­մը, կի­թա­ռի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ հա­յազ­գի ա­րո­ւես­տա­գէտ ­Լեֆ­թե­րիս ­Խա­վու­ծա­սի։ Աբ­րա­հա­մեան իւ­րա­յա­տուկ ո­ճով, մեղ­մու­թեան զգա­ցու­մով ու ձայ­նի ե­լե­ւէջ­նե­րու վար­պե­տու­թեամբ, ար­տա­յայ­տեց բա­նաս­տեղ­ծա­կան գո­հար­նե­րու ո­գին ու ա­նոնց մէ­ջէն ցայ­տող խոր­հուր­դը։ ­Խա­վու­ծա­սի հայ­կա­կան նո­ւագ­նե­րը զար­դա­րուն ձայ­նը ե­ղան լսո­ւող խօս­քին, աս­մուն­քին կա­պե­լով հայ­կա­կան մե­ղե­դիի մեղ­մա­նուշ նրբու­թիւ­նը։
Ե­լոյ­թի ա­ւար­տին, բո­լոր ներ­կա­նե­րը ան­հուն գո­հու­նա­կու­թեամբ շնոր­հա­ւո­րե­ցին թարգ­մա­նի­չը եւ ե­լոյ­թի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը, ա­պա Ա­րա ­Ման­կո­յեան մա­կագրեց գիր­քի օ­րի­նակ­ներ։