ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ.—

­Մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն կը ներ­կա­յաց­նենք եր­կու գրու­թիւն­ներ՝ մին ­Հա­յաս­տա­նի կրթա­կան մա­կար­դա­կի տագ­նա­պին մա­սին, իսկ երկ­րոր­դը՝ սփիւռ­քի մէջ հա­յակր­թու­թեան նա­հան­ջի լուրջ մտա­հո­գու­թեան վեր­լու­ծում մը։
­Հա­յու­թեան առ­ջեւ ծա­ռա­ցած կրթա­կան տագ­նա­պը այ­լեւս չի կրնար ըն­կա­լո­ւիլ որ­պէս ­Հա­յաս­տա­նի կամ սփիւռ­քի ա­ռան­ձին եւ ի­րար­մէ ան­ջատ խնդիր։ Եր­կու մի­ջա­վայ­րե­րուն մէջ, տար­բեր դրսե­ւո­րում­նե­րով կը նկա­տո­ւի կրթա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու թու­լա­ցում, որ խոր­քին մէջ կը վե­րա­բե­րի հա­յու­թեան ա­պա­գայ մտա­ւոր, մաս­նա­գի­տա­կան եւ ազ­գա­յին նե­րու­ժի ձե­ւա­ւոր­ման։
­Հա­յաս­տա­նի մէջ մտա­հո­գիչ են ա­շա­կերտ­նե­րու թո­ւա­բա­նու­թեան, բնա­գի­տու­թեան եւ ըն­թեր­ցա­նու­թեան ար­դիւնք­նե­րը։ ­Հե­ղի­նա­կա­ւոր մի­ջազ­գա­յին գնա­հա­տու­մը ցոյց կու տայ, որ ­Հա­յաս­տա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ոչ միայն մի­ջին ցու­ցա­նի­շէն զգա­լիօ­րէն ետ կը մնան, այ­լեւ տա­րա­ծաշր­ջա­նի եր­կիր­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մե­մատ՝ կ­՚ար­ձա­նագ­րեն ա­ւե­լի ցած ար­դիւնք­ներ։ ­Հայ­րե­նի կրթա­կան հա­մա­կար­գի թե­րա­ցու­մէն ան­դին, պատ­կե­րը պէտք է դի­տար­կել իբ­րեւ մեր երկ­րի ա­պա­գայ գի­տա­կան, մաս­նա­գի­տա­կան, տնտե­սա­կան եւ անվ­տան­գա­յին զար­գաց­ման կա­րո­ղու­թեան լուրջ ազ­դան­շան։
Ս­փիւռ­քի մէջ տագ­նա­պը տար­բեր բնոյթ ու­նի։ ­Հայ­կա­կան դպրո­ցը աս­տի­ճա­նա­բար կը կորսնց­նէ իր եր­բեմ­նի բնա­կան դիր­քը, մինչ հա­յե­րէ­նի նա­հան­ջը, ա­շա­կեր­տու­թեան նո­ւա­զու­մը եւ հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րի թու­լա­ցու­մը ուղ­ղա­կիօ­րէն կը վտան­գեն լե­զո­ւի, պատ­մու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան յա­րա­տե­ւու­մը։ Այս­տեղ եւս խնդի­րը միայն դպրոց­նե­րու գո­յա­տե­ւու­մը չէ, այլ՝ թէ ի՛նչ կրթու­թեամբ եւ ի՛նչ ար­ժե­հա­մա­կար­գով պի­տի պատ­րաս­տո­ւի վա­ղո­ւան հա­յը։
­Հայ­րե­նի­քի մէջ կրթու­թեան մա­կար­դա­կի աս­տի­ճա­նա­կան տկա­րա­ցու­մը, իսկ սփիւռ­քի մէջ հա­յակր­թու­թեան նա­հան­ջը կը ստեղ­ծեն հա­յու­թեան ա­պա­գա­յին հա­մար ռազ­մա­վա­րա­կան վտանգ մը։ Ի­րա­կա­նու­թիւ­նը մը, որ այ­լեւս կա­րե­լի չէ  դի­մագ­րա­ւել ա­ռան­ձին դպրոց­նե­րու, գա­ղու­թա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու կամ պա­տա­հա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով։ Ան կը պա­հան­ջէ հա­մա­հայ­կա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն եւ եր­կա­րա­ժամ­կէտ ռազ­մա­վա­րու­թիւն, որ կրթա­կան ո­րա­կը, հա­յե­րէ­նի պահ­պա­նու­մը, լե­զո­ւի ամ­րապն­դու­մը եւ ժա­մա­նա­կա­կից գի­տե­լի­քի զար­գա­ցու­մը կը դի­տէ իբ­րեւ մէկ ամ­բող­ջու­թիւն։ Այս ծի­րէն ներս, հայ­րե­նի­քի ա­կա­դե­մա­կան եւ վար­չա­կան նե­րու­ժին հետ սփիւռ­քի կրթա­կան կա­ռոյց­նե­րու հա­մա­կար­գո­ւած գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը այ­լեւս ցան­կա­լի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը չէ, այլ կը դառ­նայ հրա­մա­յա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն։
Ըն­թեր­ցող­նե­րու ու­շադ­րու­թեան կը յանձ­նենք հե­տե­ւեալ եր­կու յօ­դո­ւած­նե­րը՝ որ­պէս նոյն մե­տա­լին եր­կու ե­րես­նե­րը ներ­կա­յաց­նող ամ­բող­ջու­թիւն մը։ Ա­նոնք կը խօ­սին տար­բեր ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րու մա­սին, սա­կայն կը մատ­նան­շեն նոյն հիմ­նա­հար­ցը՝ հա­յու­թեան կրթա­կան նե­րու­ժի եւ ինք­նու­թեան պահ­պան­ման ու զար­գաց­ման մար­տահ­րա­ւէ­րը։։
Ե­թէ կրթու­թեան հար­ցը չդառ­նայ ամ­բողջ հա­յու­թեան ռազ­մա­վա­րա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը, այ­սօ­րո­ւան կրթա­կան տկա­րա­ցու­մը վա­ղը կրնայ ա­ռաջ­նոր­դել ազ­գա­յին կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու այն­պի­սի կո­րուս­տի մը, ո­րուն հե­տե­ւանք­նե­րը շատ ա­ւե­լի դժո­ւար պի­տի ըլ­լայ շրջել։