Յունահայ գաղութի կրթական տարեշրջանը հասաւ իր աւարտին, վայելած ըլլալով նաեւ իւրաքանչիւր վարժարանի ամավերջի հանդիսութիւնը, որպէս ամփոփում տարուան մը ծաղկուն երթին հայակրթութեան աշխարհին մէջ։ Ակնարկը հաւասարապէս կ՚երթայ ոչ միայն Աթէնքի մէջ գործող Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններուն, այլեւ հիւսիսային Յունաստանի մէջ գործող Հ.Գ.Խաչի միօրեայ կրթարաններու նուաճումներուն վրայ։
Կարելի չէ տարեվերջի գնահատումը սահմանափակել միայն յաջողութիւններու արձանագրումով կամ հանդիսաւոր արարողութիւններով։ Այս հանգրուանը, առիթ մըն է նաեւ վերարժեւորելու հայակրթութեան դերը եւ սթափ աչքով դիտարկելու այն մարտահրաւէրները, որոնք կը դիմագրաւէ մեր գաղութը։
Սփիւռքի պայմաններուն մէջ հայ դպրոցը կրթական հաստատութիւն մը ըլլալէ անդին, ազգային ինքնութեան պահպանման, լեզուի զարգացման, պատմական արժէքներու ամրապնդման եւ հաւաքական գիտակցութեան կերտման կեդրոնն է։ Այնտեղ է, ուր հայ մանուկը առաջին անգամ կը ծանօթանայ իր ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթին եւ ազգային արժէքներուն։ Այնտեղ է, որ հայերէնը կը դադրի սոսկ ընտանեկան հաղորդակցութեան միջոց ըլլալէ (ուր որ այն հնարաւոր է) եւ կը վերածուի գիտութեան ու ստեղծագործութեան միջոցի, միաժամանակ սատարելով հայորդիի ազգային կազմաւորման երկար գործընթացին։
Ծանօթ է, թէ սփիւռքեան կլանիչ պայմաններուն մէջ, հայակրթութիւնը կը գտնուի բազմաթիւ դժուարութիւններու դիմաց։ Հայահոծ շրջաններու վիճակագրական տագնապը, օտարալեզու միջավայրի ազդեցութիւնը, խառն ամուսնութիւններու աճը, նոր սերունդներու կեանքի փոփոխական պայմանները, նոյնիսկ հետզհետէ ուռճացող նիւթական պահանջները զգալապէս կը բարդացնեն հայ դպրոցներու առաքելութիւնը։ Այս իրողութիւնները չեն կրնար անտեսուիլ ու կը կարօտին համապարփակ ու խորազնին քննութեան։
Գաղութի ներկայ եւ ապագայ իրականութեան մէջ, ազգային գիտակցութեան պահպանումը նախ եւ առաջ համակարգուած կրթական աշխատանքի արդիւնք պէտք է սեպել։ Առանց հայերէնի ուսուցման, առանց պատմութեան ու մշակոյթի փոխանցման, ազգային արժէքներու ուժեղացման, առանց հայկական միջավայրի, դժուար է ակնկալել, որ ապագայ սերունդները պիտի պահպանեն իրենց ազգային պատկանելիութիւնը։
Միեւնոյն ժամանակ, հայակրթութեան հարցը միայն դպրոցի կամ ուսուցչութեան պատասխանատուութիւնը չէ։ Ան ամբողջ գաղութին խնդիրն է։ Ծնողքը, ազգային մարմինները, հոգեւոր կառոյցները, միութենական գործօններն ու մամուլը, բայց մանաւանդ իւրաքանչիւր սրտցաւ հայրենակից հաւասարապէս նոյն պատասխանատուութեան բաժնեկիցներն են։
Հայ դպրոցը կրնայ իր առաքելութիւնը ամբողջացնել միայն այն պարագային, երբ անոր շուրջ կը ձեւաւորուի ազգային միջավայր, ուր հայերէն խօսիլը, հայկական արժէքներով ապրիլը եւ ազգային կեանքին մասնակցիլը բնական երեւոյթ կը նկատուին։
Յունահայ գաղութը տասնամեակներ շարունակ գոյատեւած եւ զարգացած է իր կրթական կառոյցներուն շնորհիւ։ Այս ժառանգութիւնը մեզի հասած է նախորդ սերունդներու զոհողութիւններով, նուիրումով եւ հեռատեսութեամբ։ Մեր պարտականութիւնն է ոչ միայն պահպանել այդ ձեռքբերումը, այլեւ զայն յարմարեցնել նոր ժամանակներու պահանջներուն՝ առանց նահանջելու մեր հիմնական սկզբունքներէն։
Կրթական տարեշրջանի աւարտին, շնորհաւորելով մեր աշակերտներն ու ուսուցիչները, անհրաժեշտ է նաեւ վերահաստատել պարզ ճշմարտութիւն մը. սփիւռքի մէջ հայութեան ապագան կրնայ բացառապէս կերտուիլ հայ դպրոցին մէջ։ Հայակրթութեան ամրապնդումը, հետեւաբար, կարելի չէ երկրորդական խնդիր նկատել, այլ ազգային գոյութեան հեռանկարային հրամայական։
Որքան աւելի զօրացնենք մեր դպրոցները, այնքան աւելի վստահ կրնանք ըլլալ, որ յունահայ գաղութը վաղը եւս պիտի շարունակէ մնալ կազմակերպուած, գիտակից իր սեւեռումին եւ ազգային դիմագիծին վրայ գուրգուրացող գաղութ մը։










