Չորեքշաբթի, 6 Մայիս 2026-ին առաւաօտեան ժամերուն, Ֆիքսի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» նախակրթարան վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները այցելեցին «Ազատ Օր»:
Դպրոցական տարեշրջանի աւարտին ու ամավերջի հանդէսէն առաջ, վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները, իրենց տնօրէնուհիին եւ ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ, մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ դիմաւորուեցան ու հիւրասիրուեցան «Ազատ Օր»ի խմբագրատան անձնակազմին կողմէ։
Մօտէն ծանօթացան հայկական մամուլի աշխարհին եւ յատկապէս «Ազատ Օր» օրաթերթի աշխատանքին ու առօրեային կապուած հարցերուն:
Այցելուներուն ներկայացուեցաւ յունահայ գաղութի, ինչպէս նաեւ «Նոր Օր»ի ու «Ազատ Օր»ի պատմականը եւ նշուեցաւ, որ կրնան հետեւիլ լրագիրի լուրերուն, ելեկտրոնային կամ տպագիր թերթին միջոցաւ՝ անմիջական կապ պահելով հայերէն լեզուին հետ։ «Ազատ Օր»ի խմբագրութեան հետ աշակերտներու շփումը եւ հայկական օրաթերթի աշխատանքին շուրջ կատարուած զրոյցները ամբողջացան հետաքրքրական հարցումներով եւ կարծիքներու փոխանակումով:
Տղաքը մօտէն տեսան լրագիրի տպագիր եւ ելեկտրոնային տարբերակներու պատրաստութեան աշխատանքի գործելաձեւը, մատնանշեցին անոնց տարբերութիւնները ու յատկապէս ծանօթացան «Ազատ Օր» օրաթերթի ամէնօրեայ կեանքի հեւքին։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանի աշակերտութիւնը «Ազատ Օր»-ի խմբագրատան մէջ










