«Արմենիքա» յունալեզու պարբերաթերթի 121-րդ թիւը (Փետրուար-Ապրիլ 2026) արդէն հրապարակ ելած է եւ տրամադրելի է ընթերցողներուն։
Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս բովանդակութիւնը կը ներկայանայ ճոխ ու այլազան նիւթերով, որոնք կը գրաւեն ընթերցողի ուշադրութիւնը։
Ներկայ թիւին խմբագրականը կը փորձէ արժեւորում մը կատարել Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին մասին, վերլուծելով նախընտրական շրջանի քաղաքական զարգացումները, յատկապէս իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ պայքարի տարբեր երեսներու ներկայացումով, տարածաշրջանային եւ միջազգային իրադրութեան լոյսին տակ։
Քաղաքական նիւթերու շարքին, ուշագրաւ են Ատրպէյճանի մէջ ապօրինի պահուած Արցախի քաղաքական եւ ռազմական գերիներու հարցին վերլուծումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պարտադրուած խաղաղութեան ծալքերը։
Հարցազրոյցներու բաժինը կ՚ընդգրկէ հետաքրքրական զրոյց մը Յունաստանի հայոց թեմակալ Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանի հետ, ուր կ՚արծարծուին թեմը յուզող բազմակողմանի երեսները։ Նաեւ, զրոյց մը լոյս կը տեսնէ միջազգային օփերայի մէջ համբաւ ստացած տաղանդաւոր երգչուհի Ռուզան Մանթաշեանի հետ։
Ընթերցողը նաեւ պիտի ծանօթանայ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներուն եւ անոնց երբեմնի բարգաւաճ կեանքին, որ ազդուած է տարածաշրջանէն ներս երկարամեայ պատերազմական եւ քաղաքական իրադարձութիւններէն։ Նաեւ, յատուկ ներկայացում մը կը փորձուի Իրանի հայկական գաղութին ու անոր պատմական գոյութեան մասին, որպէս հայութեան կարեւոր կեդրոններէն մէկը։
«Յուշամատեան»-ի գործակիցներու ուղեւորութիւնը դէպի Թրակիա լոյսին կը բերէ հայկական համայնքներու կեանքը եւ մշտական կապերու անհրաժեշտութիւնը, որպէս յունահայութեան բաբախող սիրտի մէկ մասնիկ։
Յուզիչ անդրադարձ կը կատարուի 1974-ին՝ Կիպրոսի մէջ թրքական ներխուժումի ընթացքին զոհուած յունահայ երիտասարդ Բարսեղ Պիպէրեանի կեանքին ու հերոսութեան մասին։
Պատմական նիւթերու բովանդակութիւնը ճոխացած է Ուիլիամ Սարոյեանի գործերուն մէջէն ազգային եւ համամարդկային արժէքներու վերլուծումին փորձը կատարելով, ինչպէս նաեւ գրաւիչ է Տիանա Աբգարի եւ Զիլճեան եղբայրներու մասին անդրադարձը։ Նաեւ, ընթերցողը պիտի ծանօթանայ հայրենի աշխարհի նրբահիւս արուեստի յատկանշական մէկ գանձին՝ որդան կարմիրի գիտական ու պատմական արժէքի մասին: Նման հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ նաեւ Յունաստանի մէջ կանգնած հայկական խաչքարերու պատմութիւնն ու անոնց նրբագեղ զարդարանքներու նկարագրումը։
Ինչպէս միշտ, պարբերաթերթի բովանդակութիւնը ճոխ է մշակութային եւ գեղարուեստական լուրերով, հայկական մարզաշխարհի յաջողութիւններով եւ յունահայ գաղութի ազգային ու հասարակական կեանքի տարբեր երեսներու արձանագրումով։
Կողքի եւ նիւթերու բարձր որակի նկարները կը գրաւեն ընթերցողի ուշադրութիւնը, այս անգամ եւս իր ձեռքին մէջ ունենալով խնամուած ամբողջական աշխատանք մը, որ երկար տարիներու վրայ շարունակուող խմբագրական գնահատելի իրագործում մըն է։










