­Քա­լա­մա­թա քա­ղա­քի մոռ­ցո­ւած կամ նոյ­նիսկ կոր­սո­ւած յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը դար­ձեալ կեանք ա­ռին ­Շա­բաթ, 5 ­Նո­յեմ­բեր 2022-ին ­Քա­լա­մա­թա­յի մշա­կու­թա­յին սրա­հէն ներս կազ­մա­կեր­պո­ւած իւ­րա­յա­տուկ ձեռ­նար­կի մը ըն­թաց­քին։
Անդ­րա­դառ­նա­լով Զ­միւռ­նիոյ ա­ղէ­տէն ետք ­Յու­նաս­տան եւ յատ­կա­պէս ­Քա­լա­մա­թա­յի քա­ղա­քը ա­պաս­տա­նած հա­յե­րու պատ­մու­թեան, աղ­քա­տու­թեան, ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րու դժնդակ պայ­ման­նե­րուն, բայց նաեւ ­Քա­լա­մա­թա­յի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն կող­մէ ցու­ցա­բե­րո­ւած ջերմ վե­րա­բեր­մուն­քին, ձեռ­նար­կի բա­նա­խօս­նե­րը ի յայտ բե­րին ­Քա­լա­մա­թա­յի հա­յու­թեան ապ­րած տա­րի­նե­րու պայ­ման­նե­րը, 1921-1947 տա­րի­նե­րուն։
Ս­րա­հի մուտ­քին զե­տե­ղո­ւած էին բարձր ու մեծ պաս­տառ­ներ, ո­րոնց վրայ փոք­րիկ գրու­թիւն­նե­րով, փաս­տագ­րա­կան հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րով եւ լու­սան­կար­նե­րով՝ ամ­փոփ ձե­ւով ներ­կա­յա­ցու­մը կը կա­տա­րո­ւէր ­Քա­լա­մա­թա­յի մէջ ապ­րած ըն­տա­նիք­նե­րու ե­զա­կի պատ­մու­թեան։
Ն­շենք, որ ե­լոյ­թի կազ­մա­կերպ­ման գլխա­ւոր դե­րա­կա­տարն էր «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թը, որ իր ար­խի­ւա­յին հա­րուստ հա­ւա­քա­ծո­յէն ­Քա­լա­մա­թա­յի պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րու սպա­սար­կու­թեան տրա­մադ­րեց քա­ղա­քին մէջ ապ­րած հա­յե­րու թո­ւայ­նա­ցած պատ­մա­կան լու­սան­կար­ներ եւ ար­խի­ւա­յին նիւ­թեր։ ­Նոյն­պէս ժո­ղո­վուր­դին հա­մար տրա­մադ­րե­լի էր յա­տուկ գրքոյկ մը, ուր ամ­փո­փո­ւած կա­րե­լի էր գտնել ցու­ցադ­րու­թեան նմուշ­նե­րը։
Աշ­խա­տան­քը իր ընդ­հա­նու­րին մէջ հիմ­նո­ւած էր «Ար­մե­նի­քա»-ի կող­մէ կա­տա­րո­ւած հե­տա­զօ­տու­թեան վրայ՝ 2020-21 տա­րի­նե­րուն Ա­թէն­քի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի ար­խիւ­նե­րուն, «­Նոր Օր» թեր­թի հա­ւա­քա­ծո­նե­րուն մէջ եւ այլ նա­խա­պա­տե­րազ­մեան հայ­կա­կան թեր­թե­րու հա­ւա­քա­ծո­նե­րէն, ինչ­պէս նաեւ «­Նու­պա­րեան» գրա­դա­րա­նի ար­խի­ւէն եւ ըն­տա­նե­կան ար­խիւ­նե­րէ։
­Յա­ջոր­դա­բար, ­Մե­սի­նիա նա­հան­գի ­Պե­տա­կան Ար­խիւ­նե­րու տնօ­րէ­նու­հի տի­կին Ա­նաս­թա­սիա ­Մի­լի­ցի-­Նի­քա հա­մադ­րե­լով ի­րեն տրա­մադ­րո­ւած նիւ­թե­րը , պատ­րաս­տեց նշեալ ե­լոյ­թը եւ ա­նոր ա­ռի­թով հրա­տա­րա­կո­ւած 60 էջ­նոց պատ­կե­րա­զարդ գե­ղա­տիպ հա­տո­րը, որ կը պա­րու­նա­կէ լու­սան­կար­նե­րու հա­րուստ հա­ւա­քա­ծոյ։
­Ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ­Մե­սի­նիա­յի մետ­րո­պո­լի­տի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Խ­րիս­թո­ֆո­րոս Ս­թա­մա­թիս, տեղ­ւոյն ե­րես­փո­խան Եա­նիս ­Լապ­րո­փու­լոս, ­Պե­ղո­պո­նե­զի նա­հան­գա­պետ ­Փա­նաեո­թիս ­Նի­քաս, ­Քա­լա­մա­թա­յի քա­ղա­քա­պետ ­Թա­նա­սիս ­Վա­սի­լո­փու­լոս, ­Փի­լո­սի քա­ղա­քա­պետ ­Փա­նաեո­թիս ­Քար­վե­լաս եւ ­Մե­սի­նիա­յի ­Պե­տա­կան Ար­խիւ­նե­րու աշ­խա­տա­կից­նե­րը։
Հ­րա­ւէր­նե­րով ներ­կայ ե­ղան ­Յու­նա­հա­յոց ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան եւ ­Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ քհնյ. հայ­րը, ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեա­նը Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ­Լի­զա Ա­ւա­գեան, Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի խմբագ­րա­կան կազ­մի ան­դամ­նե­րը։
Ող­ջոյ­նի խօսք ու­ղար­կած էր ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան, որ ըն­թեր­ցո­ւե­ցաւ ձեռ­նար­կի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն կող­մէ։
­Յա­ջոր­դա­կան ե­լոյթ­նե­րով խօսք ա­ռին ­Մետ­րո­պո­լի­տի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ­Յու­նաս­տա­նի խորհրդա­րա­նի պատգ­մա­ւո­րը, նա­հան­գա­պետն ու քա­ղա­քա­պե­տը, ո­րոնք շեշ­տե­ցին հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ող­բեր­գու­թիւ­նը եւ զու­գա­հեռ պատ­մու­թիւ­նը, այն­պէս ինչ­պէս ըն­թա­ցաւ Զ­միւռ­նիոյ ա­ղէ­տէն ետք։
Ի­րենք շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քեր ուղ­ղե­ցին ­Մե­սի­նիա­յի ­Պե­տա­կան Ար­խիւ­նե­րու տնօ­րէ­նու­հիին ու գոր­ծա­կից­նե­րուն, ո­րոնց հե­տա­զօ­տա­կան աշ­խա­տան­քը ի յայտ բե­րաւ քա­ղա­քի պատ­մու­թեան կա­րե­ւոր այս ե­րե­սը, որ նոր կեանք ու յոյս պար­գե­ւեց հայ գաղ­թա­կան ըն­տա­նիք­նե­րուն։
­Տի­կին ­Մի­լի­ցի-­Նի­քա իր խօս­քին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ 1921-1947 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ­Քա­լա­մա­թա­յի մէջ ա­պաս­տան գտած շուրջ 700 հա­յե­րուն, ո­րոնց­մէ 280ը ­Նի­քո­մի­տիա­յէն հա­սած էին 1921ին, իսկ ու­րիշ­ներ ­Քա­լա­մա­թա հա­սան Զ­միւռ­նիոյ ա­ղէ­տէն ետք, ինչ­պէս նաեւ Թ­րա­կիա­յէն։ Ա­նոնց­մէ ո­մանք գաղ­թա­կա­յան մը հիմ­նե­ցին ­Քոր­տիաս շրջա­նէն ներս, մինչ ու­րիշ­ներ հաս­տա­տո­ւե­ցան Ի­փա­փան­տիի շրջա­նը։
­Թա­ղա­յին խոր­հուրդ­ներ եւ դպրոց­ներ գոր­ծե­ցին այս շրջան­նե­րէն ներս, շուրջ 25 տա­րո­ւան ըն­թաց­քին։
­Գաղ­թա­կան­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տան ներ­գաղ­թեց 1947-էն ետք, պար­պե­լով ­Քա­լա­մա­թա­յի գա­ղու­թը։ Ի­րենց մեկ­նու­մին ա­ռի­թով, մեկ­նող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը 16 ­Սեպ­տեմ­բեր 1947-ին հրա­ժեշ­տի նա­մակ մը հրա­տա­րա­կած էին «­Թա­րոս» թեր­թին մէջ, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ­Քա­լա­մա­թա­յի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան խօսք ուղ­ղե­լով ի­րենց բա­րե­կամ դար­ձած յոյն ժո­ղո­վուր­դին։ Այս հրա­ժեշ­տի խօս­քը ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ դե­րա­սան Ա­լե­քոս ­Քո­լիո­փու­լո­սի կող­մէ, յու­զու­մի մթնո­լորտ ստեղ­ծե­լով սրա­հին մէջ։
«­Հա­յե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը ­Յու­նաս­տա­նի մէջ» նիւ­թը վեր­լու­ծեց ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեա­նը, իսկ «­Հայ մա­մու­լը ­Յու­նաս­տա­նի մէջ» նիւ­թով հան­դէս ե­կաւ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի խմբագ­րա­կան կազ­մի ան­դամ ­Վեր­ժին ­Կա­րա­պե­տեա­նը։
Ս­րա­հը լե­ցու­ցած ժո­ղո­վուր­դը մեծ ու­շադ­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցաւ ներ­կա­յա­ցում­նե­րուն, ամ­բող­ջա­կան պատ­կեր մը կազ­մե­լով ­Յու­նա­հա­յու­թեան պատ­մու­թեան եւ ներ­կա­յի գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ, ա­ւար­տին նաեւ լսե­լով հայ­կա­կան երգ ու ե­րաժշտու­թիւն, որ հրամ­ցո­ւե­ցաւ ե­րեք տա­ղան­դա­ւոր ե­րա­ժիշտ­նե­րու կող­մէ։
­Յա­տուկ այս ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնո­ւե­լու հա­մար Ա­թէն­քէն փուլ­ման ինք­նա­շար­ժով ժա­մա­նած էին մօտ 40 հայ­րե­նա­կից­ներ, ո­րոնք ներ­կայ գտնո­ւե­ցան նաեւ յա­ջորդ ա­ռա­ւօտ ­Քա­լա­մա­թա­յի «­Սուրբ ­Նի­կո­ղա­յոս» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րո­ւած պա­տա­րա­գին, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Սր­բա­զան ­Հօր եւ մա­տուց­մամբ պա­տա­րա­գիչ քա­հա­նայ հօր։

Թղ­թա­կից

Գալամաթայի հայ գաղթականներու պատամութեան շուրջ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար՝ կրնաք այցելել հետեւեալ յղումը.-

https://www.houshamadyan.org/arm/oda/europa/kalamata-haygagan-hamaynk.html