ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

­Հիա­ցու­մի ար­ժա­նի նկա­տե­լով հան­դերձ տա­րօ­րի­նակ չէ, որ մար­դիկ հարց տան, թէ ինչ­պէ՞ս ժա­մա­նա­կի (ար­դէն 132 տա­րի) ու ան­սահ­ման տա­րա­ծու­թեան մէջ (աշ­խար­հա­մա­սե­րը) ա­մէն տե­սակ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լով կու­սակ­ցու­թիւն մը իր գո­յու­թիւ­նը կը պա­հէ ու կը շա­րու­նա­կէ գոր­ծել հա­ւատ­քով եւ կը հե­տապն­դէ «ան­կա­րե­լի» հա­մա­րո­ւող այն­պի­սի նպա­տակ­ներ, ո­րոնք շա­տե­րու հա­մար ի­րա­գոր­ծե­լի չեն, ե­րա­զա­յին են: ­Գի­տենք նաեւ, թէ ի­րա­կան աշ­խար­հի մէջ ո­չինչ կայ, որ են­թա­կայ չըլ­լայ մա­շու­մի, նոյ­նիսկ գա­ղա­փար­նե­րը…:
Այս հար­ցու­մին պա­տաս­խան-բա­ցատ­րա­կա­նը այն­քան ալ պարզ չէ: ­Բայց ես հա­մո­զո­ւած եմ, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եր­կա­րա­կե­ցու­թեան գաղտ­նի­քը ի շարս այ­լոց, կա­րե­լի է խտաց­նել հե­տե­ւեալ ար­ժէք­նե­րու մէջ.

Ա) Մթ­նո­լոր­տը.

­Դաշ­նակ­ցու­թեան իւ­րա­յա­տուկ մթնո­լորտն է ան, որ սոս­կա­կան կու­սակ­ցու­թեան մը հան­գա­ման­քէն ան­դին զինք կը վե­րա­ծէ միեւ­նոյն դրօ­շին տակ ու միեւ­նոյն նպա­տակ­նե­րով ի­րա­րու միա­ցած ուխ­տեալ ան­դամ­նե­րու ամ­բող­ջու­թեան, որ կառ­չած կը մնայ կու­սակ­ցու­թեան հաս­տա­տած ու ա­ճե­ցու­ցած բա­րո­յա­կան սկզբունք­նե­րուն, ըմբռ­նում­նե­րուն:
­Դաշ­նակ­ցու­թեան ու­ժը նո­ւազ չա­փով իր կա­ռոյ­ցին մէջն է կամ ծրագ­րին ու կա­նո­նագ­րին, ո­րոնք մնա­յուն ալ չեն, ժա­մա­նա­կի ու պայ­ման­նե­րու բե­րու­մով կը վե­րամ­շա­կո­ւին, կը փո­խո­ւին:
­Կազ­մա­կեր­պու­թեան մը իս­կա­կան ուժն ու տե­ւե­լու կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը կը գտնո­ւին ա­նոր բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րուն մէջ, ո­րոնք կը պահ­պա­նո­ւին, տա­րի­նե­րու եր­կայն­քին կը հարս­տա­նան ու կը կու­տա­կո­ւին ընդ­հան­րա­պէս շար­քե­րուն եւ յատ­կա­պէս ղե­կա­վար ու մտա­ւո­րա­կան տար­րին վար­քու­բար­քով: Մշ­տա­տեւ ձգտու­մով՝ ըլ­լա­լու հա­մար աս­պե­տա­կան ու հա­մեստ, ըն­կե­րա­սէր եւ սկզբուն­քա­յին, ան­կա­շառ ու ար­դա­րու­թեան հե­տա­մուտ, ազ­նիւ ու ծա­ռա­յա­սէր, հա­ւա­տա­ւոր, նո­ւի­րա­բե­րող…:
­Բա­րո­յա­կա­նու­թիւ­նը կը դրսե­ւո­րո­ւի եւ կը բիւ­րե­ղա­նայ ան­ձէ-անձ, ան­ձէ-խումբ, խում­բէ-մար­մին ու մար­մի­նէ-մար­մին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ընդ­մէ­ջէն:

Բ) Ազգ եւ հայ­րե­նիք.

­Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մար բո­լոր ար­ժէք­նե­րուն գե­րա­գոյ­նը, սրբու­թիւն սրբո­ցը հայ ազգն է ու հա­յուն հայ­րե­նի­քը, ո­րոնց հա­մար ալ ար­դէն ծնունդ ա­ռած է ան: Այս եր­կու հաս­կա­ցու­թիւն­նե­րը՝ ազգն ու հայ­րե­նի­քը միա­ձու­լո­ւած են այն­քան, որ ա­ռանց մէ­կուն ա­նըմբռ­նե­լի է միւ­սը: Հ.Յ.Դ.ի տե­սա­բան­նե­րէն ­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեա­նի դի­պուկ բա­նա­ձե­ւու­մով՝ հայ­րե­նի­քը ա­ռար­կա­յա­ցած ազգն է, իսկ ազ­գը՝ ո­գե­ղի­նա­ցած, կեն­դա­նու­թիւն ստա­ցած հայ­րե­նիքն է…: Այս միա­ձու­լո­ւած ի­մա­ցու­թեան ան­քակ­տե­լի մասն է ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, «մի­սը մի­սէն, ոս­կո­րը ոս­կո­րէն»: ­Սեր­տե­ցէ’ք ­կու­սակ­ցու­թեան պատ­մու­թիւ­նը եւ պի­տի տես­նէ’ք, որ ան նոյ­նինքն հա­յոց պատ­մու­թիւն է:
­Բաւ է միայն մտա­բե­րել ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ծննդո­ցին եր­կուն­քը: Ծնն­դա­վայ­րը ­Թիֆ­լիսն էր, ուր կեն­ցա­ղա­յին պայ­ման­նե­րը յա­րա­բե­րա­բար տա­նե­լի էին: ­Հոն, հիմ­նա­դիր­նե­րը կ­‘ընտ­րէին յե­ղա­փո­խու­թեան կրա­կէ ճամ­բան, ան­հա­ւա­սար ու­ժի դէմ կեան­քի ու մա­հո­ւան կռի­ւի մէջ նե­տո­ւե­լու վճի­ռը կու տա­յին ոչ թէ ի­րենց հաշ­ւոյն, այլ թրքա­կան տի­րա­պե­տու­թեան տակ տա­ռա­պող հա­յու­թեան ի խնդիր: Ծնն­դեան այս եր­կուն­քին մէջ հզօր բա­րո­յա­կա­նու­թիւն կայ ար­դէն, ո­րով, այդ եր­կուն­քէն ծնո­ղը չէր կրնար տար­բեր ըլ­լալ, քան ինչ որ ե­ղաւ ու է՝ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, ո­րուն մեծ ու փոքր բո­լոր նպա­տակ­ներն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը զսպա­նա­կո­ւած են ու չեն դադ­րիր մղում առ­նե­լէ հա­յու­թեան շա­հե­րէն եւ ընդ­միշտ սե­ւե­ռո­ւած կը մնան՝ ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին վրայ:

Գ) ­Հե­րո­սու­թեան գա­ղա­փա­րը.

Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մար մնա­յուն ար­ժէք է հե­րո­սու­թեան գա­ղա­փա­րը, ոչ միայն իբ­րեւ ա­րարք, այլ նաեւ ու մա­նա­ւանդ իբ­րեւ վի­ճակ: Ա­րարք­նե­րը կրնան հե­րո­սա­կան ըլ­լալ, բայց ա­նոնք ան­պայ­ման հե­րո­սու­թիւն չեն: Ի­րաւ հե­րո­սու­թիւ­նը վի­ճակ է, ըլ­լալ է եւ ոչ թէ միա՛յն ­հե­րո­սա­կան ա­րարք: Այն­պէս, ինչ­պէս սրբու­թիւնն է, սուրբ ըլ­լալն է: ­Պատ­կեր մը՝ իբ­րեւ օ­րի­նակ. ­Հան­գիս­տի հա­մար ֆէ­տա­յա­կան խում­բը մա­րա­նի մը մէջն է: ­Մատ­նու­թեան հե­տե­ւան­քով մա­րա­նը կը պա­շա­րո­ւի թուրք զի­նո­ւոր­նե­րէ: ­Ֆէ­տա­յի­նե­րը ի­րար կ’՚նց­նին, ըն­դոստ կը ցատ­կեն, որ հրա­ցան­նե­րը առ­նեն ու դիր­քեր բռնեն: ­Ճիշդ այդ պա­հուն, ­Ֆէ­տա­յի ­Չո­լոն, ա­մէ­նէն տա­րե­ցը, սի­կա­րէթ փաթ­թե­լու վրայ է: ­Կը շա­րու­նա­կէ սի­կա­րէ­թը փաթ­թել եւ միւս­նե­րուն հան­դարտ կը յոր­դո­րէ «տղա՛ք, մի՛ ի­րար անց­նիք…»: ­Չո­լո­յի այդ հան­դար­տու­թեան ու կարճ նա­խա­դա­սու­թեան մէ­ջէն կը ցո­լայ հե­րո­սու­թեան խոր­քա­յին ՎԻՃԱԿԸ, ա­ռանց հե­րո­սա­կան ա­րար­քի: Այ­սինքն՝ մնա­յուն տրա­մադ­րո­ւա­ծու­թիւն մը՝ նպա­տա­կի մը ի­րա­գործ­ման ճամ­բուն մէջ ըլ­լա­լու միշտ, ինչ գին ալ որ պի­տի ար­ժէ ան: Այս ա­ռու­մով, թէ’ ա­զա­տագ­րա­կան կռիւ­նե­րու ըն­թաց­քին ու ա­նոր զու­գա­հեռ եւ թէ’ ան­կէ ետք սփիւռ­քի մէջ՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հարս­տու­թիւ­նը ան­չա­փե­լի է զէն­քի, մտքի ու քրտին­քի հե­րոս­նե­րով:

Դ) Մ­շա­կոյթ.

­Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մար ան­փո­խա­րի­նե­լի ար­ժէք է մշա­կոյ­թը: ­Պա­տա­հա­կան չէր, որ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ա­մէ­նէն ե­ռուն շրջա­նին իսկ, երբ մտքե­րու վրայ կը վե­հա­պե­տէին զէնքն ու հրա­ցա­նը, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան զի­նան­շա­նին վրայ հա­ւա­սա­րար­ժէք ի­րա­րու կ’՚­գու­ցո­ւէին յե­ղա­փո­խու­թեան եւ մշա­կոյ­թի խորհր­դա­նի­շե­րը՝ դա­շոյնն ու փետ­րագ­րի­չը: ­Զէն­քը ա­հա­ւոր գոր­ծիք է, ե­թէ ա­նոր չըն­կե­րա­նայ գա­ղա­փա­րը: Եւ գա­ղա­փար­նե­րը կը ժո­ղովր­դա­կա­նա­նան մշա­կոյ­թով ու մշա­կոյ­թով է, որ ժո­ղո­վուր­դը զար­գաց­ման աս­տի­ճան­նե­րէն վեր կը բարձ­րա­նայ:
Ա­հա թէ ին­չու սփիւռ­քի մէջ ­Կու­սակ­ցու­թիւ­նը յատ­կա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ մշա­կու­թա­յին աշ­խա­տան­քի: ­Զարկ տո­ւաւ դպրո­ցա­շի­նու­թեան, ստեղ­ծեց մա­մուլ ու հրա­տա­րակ­չա­տու­ներ, հի­մը դրաւ մշա­կու­թա­յին միու­թիւն­նե­րու, կա­ռու­ցեց ա­կումբ ու հա­ւա­քա­տե­ղի­ներ, կազ­մեց ա­տա­նե­կան ու ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն­ներ, կազ­մա­կեր­պեց գա­ղու­թա­յին ու հա­մա­գա­ղու­թա­յին բա­նա­կում­ներ, ինչ­պէս նաեւ այլ նա­խա­ձե­ռու­թիւն­ներ, ո­րոնք իբ­րեւ ջեր­մա­նոց­ներ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թով սնու­ցին ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­ներ: Ա­նոնց մի­ջո­ցով եւ մշա­կոյ­թի ճամ­բով է դար­ձեալ, որ սփիւռ­քեան գա­ղութ­նե­րու մէջ կա­րե­լի ե­ղաւ սե­րուն­դին հա­մար ստեղ­ծել հո­գե­կան հայ­րե­նիք եւ սե­րուն­դը ապ­րե­ցաւ ի­րա­կան հայ­րե­նի­քի կա­րօ­տով:
­Մենք ժա­մա­նա­կա­կից ենք ու վկայ, թէ ինչ­պէս սփիւռ­քի մէջ ծնած, հայ­րե­նիք չտե­սած, բայց դաշ­նակ­ցա­կան շուն­չով սնած-ա­ճած ե­րի­տա­սարդ­ներ գաղտ­նի խում­բեր կազ­մե­լով, իբ­րեւ ար­դա­րու­թեան ար­տիկ­ներ կամ յե­ղա­փո­խա­կան ա­նակ, ի խնդիր հայ­րե­նի­քի ու հա­յու­թեան՝ ի­րենց ընդ­հա­տա­կեայ պայ­քա­րով քան­դե­ցին լռու­թեան պա­տը եւ այժ­մէա­կան դար­ձու­ցին մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը: Ա­յո’ մշա­կոյ­թը ան­պար­տե­լի զէնք է բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու հա­մար եւ բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ:

Ե) Աշ­խա­տան­քի դրու­թիւն.

­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը իբ­րեւ կա­նո­նագ­րա­յին հիմ­նա­կան սկզբունք ի սկզբա­նէ որ­դեգ­րած ու պահ­պա­նած է ա­պա­կեդ­րո­նա­ցու­մով գոր­ծե­լու դրու­թիւ­նը, որ կազ­մա­կեր­պու­թեան միա­ւոր­նե­րուն կու տայ ինք­նու­րոյ­նու­թիւն, ա­նոնց կու­տայ աշ­խա­տան­քի թափ, ծրագ­րե­լու եւ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ առ­նե­լու ռանդ, ինչ­պէս նաեւ տո­ւեալ շրջա­նի քա­ղա­քա­կան ու ըն­կե­րա­յին պայ­ման­նե­րուն եւ մի­ջա­վայ­րի ըն­ձե­ռած կա­րե­լիու­թեանց հա­մե­մատ եր­թա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան ըմբռնու­մով ո­րո­շում կա­յաց­նե­լու ճկու­նու­թիւն:
Ա­նա­ռար­կե­լի է, որ ա­պա­կեդ­րո­նաց­ման դրու­թիւ­նը մե­ծա­պէս նպաս­տած է, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը վե­րա­ծո­ւի գա­ղա­փա­րա­կան շար­ժու­մի, միա­ժա­մա­նակ նպաս­տած՝ ա­նոր եր­կա­րա­կե­ցու­թեան:
Ա­նա­ռար­կե­լի է նոյն­պէս, որ գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան նե­րու­ժով եւ ան­սահ­ման կա­րե­լիու­թիւն­նե­րով օժ­տո­ւած նոյ­նիսկ պե­տու­թիւն­ներ չեն դի­մա­ցած ժա­մա­նա­կի մա­շու­մին, երբ գոր­ծած են կեդ­րո­նա­ցու­մով:
Որ­քան ող­ջա­միտ ե­ղած են մեր հիմ­նա­դիր­նե­րը:
Զ­գո’յշ, զգո’յշ, զգո’յշ:
Աչ­քի լոյ­սի պէս պի­տի գուր­գու­րանք ի շարս այ­լոց, ա՛յս ար­ժէք­նե­րուն վրայ: Ա­նոնց­մէ մէ­կուն խախ­տու­մը կը խախ­տէ ամ­բողջ կա­ռոյ­ցը: