24 Յուլիսէն մինչեւ 2 Օգոստոս 2026 երկարող ժամանակամիջոցին, Բիւրականի մէջ իր դռները կը բանայ 13-րդ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումը, որուն կը մասնակցին 28 կազմակերպական շրջաններէ մօտ 900 սկաուտներ։ Նաեւ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Թեհրանի «Արարատ» (Հ.Մ.Ա.Կ.) կազմակերպութեան անդամները։
«Արարատի համար` կանգուն» նշանաբանը կրող բանակումը, ինչպէս միշտ, կը յատկանշուի իր բազմամշակութային օրով, դէպի Արագածի գագաթ արշաւով, Երեւանի հրապարակային տողանցքով եւ Լիզպոնի հերոսական գործողութեան ոգեկոչումով:
Համահայկական բանակումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կառոյցի 15 խմբապետներ եւ երէցներ, որոնք պիտի միանան ընդհանուր կազմին եւ պիտի ներկայացնեն յունահայ գաղութը։ Նշենք, որ առաջին համագաղութային բանակումէն, որ իրագործուեցաւ Աթէնքի Քալամոս բանակավայրէն ներս, Յունաստանի հայ սկաուտները մշտապէս կը հաստատեն իրենց ներկայութիւնը եւ մաս կը բերեն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի համահայկական խմբումին։
Հայաստան մեկնելէն առաջ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութիւնը եւ Սկաուտական խոդհուրդը պատուոյ երեկոյ մը կազմակերպեցին պատուիրակութեան համար, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 18 Յուլիս 2026-ին, Ֆիքսի «Աւետիքեան» սրահին մէջ։
Շրջանային վարչութեան անունով խօսեցաւ ատենապետուհի քոյր Արշա Սամուէլեան, որ յայտնեց հետեւեալները.
«Արդէն ժամանակը հասաւ եւ մօտ օրէն պիտի սկսի 13-րդ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական ընդհանուր բանակումը հայրենիքին մէջ։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ընտանիքը անգամ մը եւս ցուցաբերեց իր պատրաստակամութիւնը եւ աշխատեցաւ որպէսզի Յունաստանի պատուիրակութիւնը լաւագոյն ձեւով մասնակցի 2026-ի ճամպորիին։
Հոս պիտի ուզէի շնորհակալութիւն յայտնել մեր մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ սկաուտական խորհուրդներուն՝ իրենց սիրայօժար օգնութեան համար։ Շնորհակալութիւն՝ նաեւ բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներուն, որոնք, ամէն մէկը իր կերպով, զօրավիգ կանգնեցան այս աշխատանքին։
1923-ին, երբ կը հիմնուէր Յունաստանի մէջ առաջին սկաուտական խումբը՝ ի մտի ունենալով համախմբել հայ պատանիները ու երիտասարդները եւ օտար հողի վրայ ներշնչել զանոնք հայրենիքի գաղափարով, անցան բազմաթիւ սերունդներ։ Անոնց կուռ եւ կամաւոր աշխատանքը հասցուց մեր օրերուն եւ ներկայ սերունդները կը հաւաքուին աշխարհի չորս կողմերէն՝ միասնաբար վայելելու հայրենիքը, մօտէն տեսնելու Արարատը, որուն պատկերը կը կրենք մեր տարազին վրայ ու հոգիին մէջ»։
Յաջորդաբար, խօսք ուղղեց ընդհ. խմբապետ եղբ. Վիգէն Մինասեան, որ շնորհաւորեց մեկնող պատուիրակութիւնը եւ անոնց մաղթեց բեղուն սկաուտական կեանք ու բարի վայելում հայրենիքի սուրբ հողին վրայ։
Յատկանշական եղաւ պահը, երբ նախկին պատուիրատութեան խմբապետուհի քոյր Թերեզա Աւետիսեան յանձնեց դրօշակը այժմու պատուիրակութեան խմբապետուհիին՝ քոյր Ժիւլի Մանոյեանին: Ապա, Շրջանային վարչութիւնը յատուկ յուշանուէրներ եւ տարազներ նուիրեց պատուիրակութեան անդամներուն, որպէսզի գործածուին բանակումի տեւողութեան։
Հպարտութեան, յուզումի եւ խանդավառ մթնոլորտի ազդեցութեան տակ, փոխանակուեցան մաղթանքներ եւ շնորհաւորանքներ։
Բարի երթ կը մաղթենք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի արիներու պատուիրակութեան, հայրենի հողին վրայ զգալու համար Միութեան ոգին, իր ամուր նշանաբանով եւ հայրենասեւեռ գործունէութեամբ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հայաստանի մէջ կը մեկնարկէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 13-րդ ընդհ. բանակումը










