Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, թէ 2026-2027 կրթական տարեշրջանին համար եւս յաջողութեամբ աւարտեցաւ Յունաստանի Կրթութեան եւ կրօնից նախարարութեան կողմէ Հ.Կ. Խաչի ազգային վարժարաններու հայ ուսուցիչներու ապահովման գործընթացը։
Այսպէս, մեր վարժարաններու հայ ուսուցիչները 1 Սեպտեմբերէն սկսեալ ամբողջապէս պիտի ստանձնեն իրենց կրթական առաքելութիւնը, շարունակելով հայ մանուկին ու պատանիին հայեցի դաստիարակութեան նուիրական գործը։
Այս դրական զարգացումը կը վերահաստատէ, որ յունահայ համայնքի ազգային եւ հասարակական մարմինները պատասխանատուութեամբ կը շարունակեն ի գործ դնել բոլոր անհրաժեշտ ջանքերը՝ ապահովելու մեր ազգային վարժարաններու անխափան գործունէութիւնը եւ պահպանելու հայ կրթութեան բարձր մակարդակը։
Հայ դպրոցը սոսկ կրթական հաստատութիւն ըլլալէ անդին, մեր լեզուին, պատմութեան, մշակոյթին եւ ազգային ինքնութեան պահպանման ամուր յենասիւնն է։ Այն միջավայրն է, ուր կը կազմաւորուին գիտակից, արժէքներով առաջնորդուող եւ ազգային ոգիով շնչող նոր սերունդները։
Հայակրթութեան ամրապնդումը կը մնայ համայնքային առաջնահերթութիւն, եւ այդ ուղղութեամբ տարուող իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն կը ծառայէ մեր համայնքի ապագային։
Կը մաղթենք, որ յաջորդ ուսումնական տարին ըլլայ ազգային արժէքներու ամրապնդման, ստեղծագործ աշխատանքի, գիտելիքի եւ նոր յաջողութիւններու տարի՝ ի շահ մեր դպրոցներուն, մեր աշակերտներուն եւ բովանդակ յունահայ համայնքին։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Աթէնք, 21 Յուլիս 2026