Հայ Կապոյտ Խաչի 84-րդ Պատգամաւորական ժողով
Շաբաթ, 30 Սեպտեմբեր 2023-ին տեղի ունեցաւ Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի 84-րդ Պատգամաւորական ժողովը, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Սարաճեան-Զագարեան» սրահներէն ներս։
2021-2023 նստաշրջանի ատենապետուհի ընկ. Լիզա Աւագեան...
Բազմամարդ բողոքի հաւաք եւ քայլերթ Աթէնքի մէջ
Անցնող շաբաթավերջին, Եւրոպայի հայկական գաղութներու ամբողջ հայութիւնը ոտքի կանգնեցաւ եւ աւելի քան 24 մեծ քաղաքներու մէջ միահամուռ ոգիով դէմ կեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած պատերազմական...
Յունաստանի թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը
Յունաստանի թեմի Կրօնական ժողովի, Ազգային վարչութեան եւ յարակից մարմիններու երկամեայ նստաշրջանը աւարտելէն ետք, Շաբաթ, 23 եւ Կիրակի, 24 Սեպտեմբեր 2023-ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան»...
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Շաբաթ եւ Կիրակի, 23 եւ 24 Սեպտեմբեր 2023-ին, Գոքինիոյ Զաւարեան կեդրոնին մէջ գումարուեցաւ Յունաստանի Թեմի Ազգային Երեսփոխանական 44-րդ ժողովը։
Ժողովը ըստ էութեան քննարկելեէ ետք ընթացաւարտ...
Հ.Կ.Խաչի 2023-ի «Թագուհի Փաշայեան» մրցանակի յանձնում
Հայ Կապոյտ Խաչը, իր բարերարուհի՝ Թագուհի Փաշայեանի յիշատակին մրցանակ մը կու տայ ամէն տարի, Հ.Կ.Խաչի հայկական վարժարանները աւարտած եւ Յունական պետական համալսարաններու մուտքի քննութիւններուն...
ΟΛΟΙ ΜΑΖΙ ΓΙΑ ΤΟ ΑΡΤΣΑΧ
ΟΛΟΙ ΜΑΖΙ ΓΙΑ ΤΟ ΑΡΤΣΑΧ
ΚΥΡΙΑΚΗ 1 ΟΚΤΩΒΡΙΟΥ 2023
Ημέρα συμπαράστασης και αλληλεγγύης
στον αγωνιζόμενο λαό του Αρτσάχ
ΣΥΓΚΕΝΤΡΩΣΗ ΣΤΗΝ ΠΛΑΤΕΙΑ ΣΥΝΤΑΓΜΑΤΟΣ ΩΡΑ 18:00
Μαζικές κινητοποιήσεις σε όλες
τις αρμενικές...
Ուխտագնացութիւն հիւսիսային Յունաստանի Գավալա շրջան
Կիրակի, 17 Սեպտեմբեր 2023-ին, Գավալայի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի կազմակերպութեամբ, նշուեցաւ ս. եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը։
Շաբաթ, 16 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 8։30-ին, կատարուեցաւ աղօրհնէք եւ ոչխարներու զենում, ապա եկեղեցւոյ հաւատացեալ տիկինները սկսան պատրաստել մատաղը։
Ժամը 12։00-ին, հանդիպում տեղի ունեցաւ Գավալայի Տ. Սթեֆանոս մետրոպոլիտին հետ, ուր քննարկուեցան յարաբերութիւնները երկու եկեղեցիներու միջեւ։
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ ընթրիք։
Կիրակի առաւօտեան ժամը 10։30-ին, մատուցուեցաւ Սուրբ եւ անմահ պատարագ։
Պատարագը մատուցեց Յունաստանի հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդ գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան։ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ շրջաններու միացեալ 3 եկեղեցիներու դպրաց դասերը ղեկավարութեամբ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեանի։
Պատարագին ներկայ գտնուեցան պետական մարմիններու ներկայացուցիչներ, Գոմոթինիի, Ալեքսանտրուպոլսոյ, Քսանթիի, եւ Տիտիմոթիքոյի Թաղային խորհուրդի անդամներ, Հ. Գթ. Խաչի վարչութեան անդամներ, նաեւ մեծ թիւով հաւատացեալ ժողովուրդ։
Պատարագիչ Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ նախ անդրադարձաւ Ս. Խաչի պատմութեան, փոխանցեց խաչափայտին խորհուրդը եւ շեշտեց խաչին խորհրդանշական կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Ան ներկայացուց Քրիստոսի յատկանիշները՝ հաւատարմութիւն, հնազանդութիւն, խոնարհութիւն, աղօթական կեանք եւ ամբողջական նուիրում։ Եզրափակելով իր խօսքը՝ Սրբազան հայրը թելադրեց հաւատարիմ մնալ Աստուծոյ, մեր քրիստոնէական ճշմարիտ հաւատքին եւ ազգային արժէքներուն՝ հայապահպանման եւ հայակերտումի կարեւոր աշխատանքին մէջ, յատկապէս շրջանի հայութեան խաւերէն ներս։
Պատարագի աւարտին, Սրբազան հայրը կատարեց մատաղի օրհնութիւնը: Այնուհետեւ, օրհնուած մատաղը բաշխուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն։
Կէսօրուան ժամը 1։30-ին տեղի ունեցաւ տօնի պաշտօնական ճաշկերոյթը «Եալոս» ճաշասրահին մէջ։
Թղթակից
Փաղանգի բանակում 2023-Սիրոս կղզի-Մտածումներ
Օգոստոս 2023-ին, Սիրոս կղզիին մէջ տեղի ունեցած սկաուտական միջփաղանգային բանակումին մասնակցող երկու քոյրեր իրենց մտածումները կը յայտնեն
Փաղանգի բանակում 2023-Սիրոս կղզի
Բացօդեայ միջավայրի մէջ է, որ...
Արցախի ի նպաստ զօրակցութեան հաւաք Աթէնքի մէջ
Միասնականութեան ոգիով յունահայութիւնը իր
ընդվզումը յայտնեց Ատրպէյճանի յարձակողականութեան
ու ցեղասպանական քաղաքականութեան դէմ
Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ընդհանուր յարձակումին եւ Արցախին կողմէ հրադադարի ընդունման իրականութեան տակ, Չորեքշաբթի, 20 Սեպտեմբեր...
ΟΛΟΙ ΜΑΖΙ ΓΙΑ ΤΟ ΑΡΤΣΑΧ
ΟΛΟΙ ΜΑΖΙ ΓΙΑ ΤΟ ΑΡΤΣΑΧ
Να μπει τέλος στον παράνομο και απάνθρωπο
αποκλεισμό του Αρτσάχ από το Αζερμπαϊτζάν
ΚΥΡΙΑΚΗ 1 ΟΚΤΩΒΡΙΟΥ 2023
Ημέρα συμπαράστασης και αλληλεγγύης στον αγωνιζόμενο...
















