Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին նուիրուած քաղաքական եւ ցուցական ելոյթները Յունաստանի մէջ
Անցնող շաբաթավերջին, Աթէնքի եւ Յունաստանի հայահոծ քաղաքներուն մէջ, հայ եւ յոյն ժողովուրդի եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու մասնակցութեամբ, իրագործուեցան Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչական ելոյթները։
Աթէնքի մէջ, քաղաքական ոգեկոչական...
Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակը ոգեկոչուեցաւ Թեսաղոնիկէի մէջ
Կիրակի, 19 Ապրիլին, Հ.Յ.Դ. Թեսաղոնիկէի Հայ դատի յանձնախումբը, շրջանի մարզպետարանի համակազմակերպութեամբ, իրագործեց յիշատակի ձեռնարկը՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին։
Ելոյթը տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամը 11-ին,...
Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումներու շարք Յունաստանի զանազան քաղաքներու մէջ
Այս օրերուն տեղի ունեցող հրապարակային ելոյթներու շարքին, Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին նուիրուած ուշագրաւ ելոյթներ պիտի իրագործուին Գալամաթայի, Նաուսայի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ, ոգեկոչելու համար յիշատակը ցեղասպանութեան...
Ποδηλατικός Μαραθώνιος 2026
«ΔΙΑΔΡΟΜΗ ΜΝΗΜΗΣ: Αρμενία & Πόντος»
Η Ένωση Αρμενίων Αθλητών Θεσσαλονίκης HOMENETMEN «ΑΡΜΕΝΙΚΗ»
διοργανώνει έναν ξεχωριστό Ποδηλατικό Μαραθώνιο 200 χλμ. (Brevet), με τον
διακριτικό τίτλο «ΔΙΑΔΡΟΜΗ ΜΝΗΜΗΣ: Αρμενία...
Հ.Կ.Խաչի արիւնատուութեան արշաւը նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին
Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս Հ.Կ.Խաչի արիւնատուութեան արշաւը տեղի ունեցաւ երէկ, Կիրակի, 19 Ապրիլ 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 14:00,...
Բաց դռներու օր. տուն եւ դպրոց՝ ձեռք-ձեռքի
Կրթական կեանքին մէջ կան իւրայատուկ պահեր, երբ մանուկներուն առօրեան կը վերածուի «զգացումներու տօնի մը», իսկ կրթօճախի երդիքին տակ՝ մթնոլորտը կը ստանայ աւելի ջերմ ու...
Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գործունէութիւնը 2026-ի Մարտ ամսուան ընթացքին (Նկարներ)
2026-ի Մարտ ամիսը յատկանշուեցաւ աշխուժ գործունէութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Յունաստանի ընտանիքին համար։ Սկաուտներն ու մարզիկները մեծ խանդավառութեամբ շարունակեցին իրենց մարզական ու սկաուտական գործունէութիւնները։
ԳՈՔԻՆԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
Վոլէյպոլ
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գոքինիոյ կանանց...
Աւագ Շաբթուան եւ Սուրբ Զատկուան արարողութիւնները Թեսաղոնիկէի մէջ
Թեսաղոնիկէի հայ համայնքը հոգեւոր խոր ապրումներով եւ հաւատքի ջերմ մթնոլորտով նշեց Սուրբ Յարութեան տօնին նախորդող եւ յաջորդող սրբազան օրերը՝ սկսելով Ծաղկազարդի տօնակատարութենէն։
Կիրակի, 5 Ապրիլ...
Ժողովրդային բողոքի ցոյց դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն
Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2026, կէսօրէ ետք ժամը 18։30-ին
Մե՛ր իրաւունքը՝ մե՛ր ձեռքով
հաւաքավայր՝ Սինտաղմայի հրապարակ
(Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան քարոզչական կրպակին առջեւ)
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութիւն
















