­Գո­մո­թի­նիի ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի եւ տեղ­ւոյն Մ­շա­կու­թա­յին միու­թեան հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Չո­րեք­շաբ­թի, 8 ­Յու­լիս 2026-ի ե­րե­կո­յեան, հայ­կա­կան հա­մայն­քի սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ կա­րե­ւոր եւ հե­տաքրքրա­կան դա­սա­խօ­սա­կան ե­լոյթ մը, նո­ւի­րո­ւած ա­րեան եւ ոսկ­րա­ծու­ծի նո­ւի­րա­բեր­ման։
­Նիւ­թը ներ­կա­յա­ցուց ­Նի­նա ­Սա­հա­կեան, որ ­Քո­զա­նի քա­ղա­քին մէջ գոր­ծող «­Կեան­քի կա­մուրջ» կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ է եւ կը զբա­ղի կա­մա­ւոր ա­րիւ­նա­տո­ւու­թեան ծրա­գիր­նե­րով։
­Հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ ե­ղան շրջա­նի հայ­րե­նա­կից­նե­րու կո­կիկ թիւ, ո­րոնք տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­ցան կա­մա­ւոր ա­րիւ­նա­տո­ւու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին։
­Յար­գե­լի խօ­սո­ղը յատ­կա­պէս ծան­րա­ցաւ ոսկ­րա­ծու­ծի տու­չու­թեան ծրա­գի­րին, ներ­կա­յաց­նե­լով կա­մա­ւոր դառ­նա­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, կեանք մը փրկե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ։
Ն­շենք, որ եր­կար տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Հ.Գ.­Խա­չի ա­րիւ­նա­տո­ւու­թիւն­նե­րը ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի հայ հա­մայնք­նե­րուն մէջ մեծ նշա­նա­կու­թիւն կը ստա­նան, ո­րոնք կ­՚ի­րա­գոր­ծո­ւին յատ­կա­պէս ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կոչ­ման ծի­րէն ներս։
­Նաեւ, գո­յու­թիւն ու­նի ­Հայ­կա­կան ոսկ­րա­ծու­ծի կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, որ գոր­ծակ­ցա­բար Հ.Կ.­Խա­չին՝ ան­ցեա­լին ներ­կա­յա­ցում­ներ կա­տա­րած է գա­ղու­թէն ներս, ա­պա­հո­վե­լով լայն թիւ մը նո­ւի­րա­տու­նե­րու եւ սա­տա­րե­լով կազ­մա­կեր­պու­թեան ա­ռա­քե­լու­թեան։

ԲԱԺՆԵԼ
Նախորդ յօդուածըOpen camp 2026