Հինգ­շաբ­թի՝ 27 Ապ­րիլ 2017ի կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 1ին, Ք­սան­թիի 2րդ «Ե­նի­քօ ­Լի­քիօ»ի ա­շա­կերտ­նե­րը, թի­ւով 24 հո­գի, ի­րենց դա­սա­պա­հե­րէն մէ­կը կա­տա­րե­ցին Ք­սան­թիի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Ա­նոնց կ­’ըն­կե­րանա­յին ու­սուց­չու­հի­ներ՝ տիկք. Իոր­ղիա ­Քա­րա­կէօ­զի­տու եւ ­Ֆո­թի­նի Ս­քու­բուրա։ Տ­նօ­րէ­նու­թիւ­նը իր կրթա­կան ծրագ­րին մէջ նա­խա­ձեռ­նած էր սոյն դասա­պա­հը հայ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ի­րա­գոր­ծել, որ­պէս­զի ա­շա­կերտ­նե­րը մօ­տէն ծա­նօ­թա­նան ե­կե­ղեց­ւոյ ու ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան։ Շր­ջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ Քհնյ. ­Խա­չե­րեան, ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. ­Թագ­ւոր ­Քա­րաօղ­լա­նեան եւ նախ­կին ան­դամ ու դպիր պրն. Ա­րիս ­Պետ­րո­սեան դի­մա­ւո­րե­ցին ու­սուց­չու­հի­ներն ու ա­շա­կերտ­նե­րը։
­Պա­րէտ ­Քա­հա­նայ բա­րի գալս­տեան խօս­քէն ետք հիմ­նա­կան կէ­տե­րու մէջ ներ­կա­յա­ցուց հայ ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թիւ­նը։ Իսկ պրն. ­Քա­րաօղ­լա­նեան ներ­կա­յա­ցուց հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թիւ­նը։ Ան յա­տուկ կեր­պով անդ­րադար­ձաւ նաեւ Ք­սան­թիի հայ­կա­կան գա­ղու­թի մա­սին։ Ա­ւար­տին, ա­շա­կերտու­թեան կող­մէ կա­տա­րո­ւե­ցան հար­ցում­ներ, ո­րոնց հա­մար տրո­ւե­ցան անհ­րա­ժեշտ բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը։
­Մէկ ժա­մէ ա­ւե­լի տե­ւո­ղու­թեամբ հան­դիպ­ման ա­ւար­տին, տիկ. ­Քա­րա­կէօ­զի­տու յա­նուն դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­թեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ­Տէր ­Հօր ու պրն. ա­տե­նա­պե­տին, ի­րենց գոր­ծակ­ցու­թեան եւ ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար։

ԹՂԹԱԿԻՑ