­Շա­բաթ՝ 29 Ապ­րիլ 2017ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 5։30ին, ­Գո­մո­թի­նիի ազ­գա­յին սրա­հին մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ ու Թ­րա­կիոյ միօ­րեայ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու միա­ցեալ քննու­թիւն, նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ հա­յե­ցի դաս­տիա­րակ­չա­կան յանձ­նա­խում­բին։
Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ ու Թ­րա­կիոյ հինգ մեծ քա­ղաք­նե­րու մէջ՝ ­Գա­վա­լա, Ք­սան­թի, ­Գո­մո­թի­նի, Ա­լեք­սանտ­րու­պո­լիս եւ Օ­րէս­թիա­տա, քսան տա­րի­նե­րէ ի վեր կա­նո­նա­ւոր կեր­պով կը գոր­ծեն միօ­րեայ հայ­կա­կան կրթօ­ճախ­ներ։ Ա­նոնց ա­ռա­քե­լու­թիւնն է՝ հայ պա­տա­նի­ներն ու ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ազ­գա­յին սրահ­նե­րու մէջ հա­ւա­քել, հա­յե­րէն լե­զու, հա­յոց պատ­մու­թիւն ու կրօն դա­սա­ւան­դել եւ ազ­գա­յին ո­գի ներշն­չել։ Այս տա­րի ա­շա­կեր­տու­թեան ընդ­հա­նուր թիւն է մօտ 125 հո­գի։
­Շա­բաթ օր, բարձր դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը մօտ 30 հո­գի, ներ­կա­յու­թեամբ ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րուն՝ մաս­նա­կից դար­ձան յանձ­նախում­բին կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած քննու­թեան։ ­Գա­ղա­փա­րը գնա­հա­տե­լի էր ու քա­ջա­լե­րե­լի։ ­Հինգ քա­ղաք­նե­րու բարձր դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը, միա­տեղ հա­ւա­քո­ւած, ա­ռի­թը ու­նե­ցան ի­րար ծա­նօ­թա­նա­լու, մտեր­մա­նա­լու, ինչ­պէս նաեւ ի սէր հա­յոց լե­զո­ւին, պատ­մու­թեան ու կրօն­քին գրա­ւոր ձե­ւով մրցակ­ցե­լու։ ­Հար­ցում­նե­րը 20 հատ էին՝ քե­րա­կա­նու­թեան, պատ­մու­թեան եւ կրօն­քի մա­սին։ Ա­շա­կերտ­նե­րը ու­նե­ցան բա­ւա­րար ժա­մա­նակ գրե­լու պա­տաս­խան­նե­րը յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րու հսկո­ղու­թեամբ։ ­Լա­ւա­գոյն նիշ բե­րող ա­շա­կեր­տը պի­տի ստա­նայ մեծ պար­գե­ւը։ Ան՝ ­Հա­յե­ցի դաս­տիա­րակ­չա­կան յանձ­նա­խում­բի նիւ­թա­բա­րո­յա­կան հո­գա­ծու­թեամբ պի­տի մաս­նակ­ցի Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւե­լիք այս տա­րո­ւան «Ա­րի ­Տուն» ծրա­գի­րին։
Քն­նու­թեան ա­ւար­տին, ա­շա­կերտ­նե­րը հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ Քհնյ. ­Խա­չե­րեա­նի ու յանձ­նա­խում­բին կող­մէ ստա­ցան մաս­նակ­ցու­թեան յա­տուկ վկա­յա­գիր­ներ։ Ետ­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն։

ԹՂԹԱԿԻՑ