­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար­ժե­ւո­րե­լու ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան ան­ցած ճա­նա­պար­հը եւ պա­տաս­խա­նե­լու այն հիմ­նա­րար հար­ցին, թէ որ­քա­նո՛վ կրցանք ան­կա­խու­թիւ­նը վե­րա­ծել ա­մուր եւ կեն­սու­նակ պե­տա­կա­նու­թեան։
Ե­րե­սուն­հինգ տա­րի­ներ յե­տոյ՝ այս հար­ցու­մը այ­լեւս կա­րե­լի չէ պա­տաս­խա­նել միայն ան­ցեա­լի յաղ­թա­նակ­նե­րու յի­շա­տա­կու­մով կամ ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փա­րին մա­սին հան­դի­սա­ւոր խօս­քե­րով։ Ան­կա­խու­թիւ­նը ժո­ղո­վուր­դի մը ի­րա­ւունքն է, բայց միա­ժա­մա­նակ՝ պե­տու­թիւն կա­ռու­ցե­լու պար­տա­ւո­րու­թիւն։ Եւ ե­թէ այ­սօր ստի­պո­ւած ենք խոս­տո­վա­նիլ, թէ ­Հա­յաս­տան չկա­րո­ղա­ցաւ իր ամ­բողջ կա­րո­ղա­կա­նու­թեամբ վե­րա­ծո­ւիլ ար­դի եւ հզօր պե­տու­թեան, ա­պա անհ­րա­ժեշտ է նաեւ ըն­դու­նիլ, որ այս հե­տե­ւան­քը կա­րե­լի չէ վե­րագ­րել միայն ան­ցեա­լի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կամ սահ­մա­նա­փա­կել ո­րո­շա­կի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ։ Ան 35 տա­րի­նե­րու ամ­բողջ քա­ղա­քա­կան ըն­թաց­քին վե­րա­բե­րող հա­շո­ւեկ­շիռ մըն է։
Ի­րար յա­ջոր­դող իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, տար­բեր շեշ­տադ­րում­նե­րով, չցու­ցա­բե­րե­ցին քա­ղա­քա­կան յանդգ­նու­թիւն լու­ծե­լու մեր նո­րան­կախ պե­տու­թեան հիմ­նա­կան խնդիր­նե­րը։ ­Խորհր­դա­յին վար­չա­կար­գէն ժա­ռան­գո­ւած հի­ւան­դա­գին մտա­ծո­ղու­թիւ­նը ամ­բող­ջո­վին չվե­րա­փո­խո­ւե­ցաւ, ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թիւ­նը չդար­ձաւ պե­տա­կա­նու­թեան հիմ­նա­սիւն, ար­տա­գաղ­թը դա­տար­կեց երկ­րի մարդ­կա­յին նե­րու­ժի կա­րե­ւոր մէկ բա­ժի­նը, իսկ տնտե­սա­կան եւ անվ­տան­գա­յին հզօ­րա­ցու­մը չհա­սաւ այն մա­կար­դա­կին, ո­րուն պա­հան­ջը կը դնէր տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ի­րա­կա­նու­թիւ­նը։
Ար­ցա­խեան ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մի յաղ­թա­նա­կը ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս ծած­կեց այս թե­րու­թիւն­նե­րը։ ­Յաղ­թա­նա­կը ար­դա­րօ­րէն դար­ձաւ ազ­գա­յին հպար­տու­թեան աղ­բիւր, բայց չվե­րա­ծո­ւե­ցաւ եր­կա­րա­ժամ­կէտ պե­տա­կան ռազ­մա­վա­րու­թեան։ ­Նո­ւա­ճե­ցինք պան­ծա­լի յաղ­թա­նակ, սա­կայն չկա­րո­ղա­ցանք ար­ժե­ւո­րել յաղ­թա­նա­կի պտու­ղը։ Ար­ցա­խը ա­զա­տագ­րո­ւե­ցաւ եւ սկսաւ ա­զատ եր­կին­քին տակ գո­յա­տե­ւել, բայց ա­նոր ա­պա­գան չամ­րագ­րո­ւե­ցաւ տնտե­սա­կան, ժո­ղովր­դագ­րա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ ռազ­մա­կան հա­մա­պար­փակ ծրա­գի­րով։ Ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն, 2020-ի պա­տե­րազ­մը ե­կաւ քան­դե­լու ոչ միայն պաշտ­պա­նա­կան դիր­քե­րը, այ­լեւ մեր իսկ ստեղ­ծած ինք­նավս­տա­հու­թեան պատ­րան­քը։
2018-ին իշ­խա­նու­թեան ե­կած քա­ղա­քա­կան ու­ժը ոչ միայն չկա­րո­ղա­ցաւ յաղ­թա­հա­րել նախ­կին տկա­րու­թիւն­նե­րը, այ­լեւ իր քա­ղա­քա­կան փութ­կոտ ո­րո­շում­նե­րով եր­կի­րը հաս­ցուց պատ­մա­կան ծան­րա­գոյն փոր­ձու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն։ 2020-ի պա­տե­րազ­մը, ա­պա 2023-ի Ար­ցա­խի հա­յա­թա­փումն ու կո­րուս­տը դար­ձան այդ ըն­թաց­քին վճռա­կան հանգ­րո­ւան­նե­րը։ ­Ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւ­նը, հե­տե­ւա­բար, չի կրնար իր վրա­յէն թօ­թա­փել Ար­ցա­խի ա­ղէ­տին ու այ­սօ­րո­ւան «պար­տեալ»-ի կար­գա­վի­ճա­կին մէջ ին­կած քա­ղա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը՝ զայն ամ­բող­ջու­թեամբ վե­րագ­րե­լով նա­խորդ տաս­նա­մեակ­նե­րուն։ ­Նախ­կին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ու­նին ի­րենց պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան դե­րը, սա­կայն ներ­կայ իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը չեն կրնար զերծ մնալ ի­րենց պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ո­րո­շիչ բա­ժի­նէն, ո­րուն հե­տե­ւանք­նե­րը այ­սօր կը կրենք։
Եւ ա­հա այս ի­րո­ղու­թեան դի­մաց կ­՚ա­ռա­ջադ­րո­ւի «­Չոր­րորդ ­Հան­րա­պե­տու­թիւն» գա­ղա­փա­րը՝ իբ­րեւ նոր քա­ղա­քա­կան եւ պե­տա­կան մեկ­նա­կէտ։ Երբ այ­սօ­րո­ւան իշ­խա­նու­թիւ­նը կը յայ­տա­րա­րէ, թէ ­Չոր­րորդ ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ար­դէն «հիմ­նադ­րո­ւած է», հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը հար­ցը պէտք է դի­տար­կէ որ­պէս ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պատ­մա­կան շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան խե­ղա­թիւր­ման փորձ։ 1918-ի ա­ռա­ջին ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ծնաւ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մով, իսկ 1991-ի եր­րորդ ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը՝ խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րա­կան վար­չա­կար­գէն դուրս գա­լով եւ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տե­լով։ Երկ­րի մը պատ­մա­կան շղթան չի կրնար այ­սօր քա­ղա­քա­կան ու­ժի մը ո­րո­շու­մով ընդ­հա­տո­ւիլ եւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան նոր հա­շո­ւարկ մը պար­տադ­րել։ Այս քայ­լը կը պա­րու­նա­կէ նո­ւա­ճած ան­ցեա­լը այ­լա­փո­խե­լու եւ պե­տա­կա­նու­թեան պատ­մա­կան ա­կունք­նե­րը վե­րաց­նե­լու վտան­գա­ւոր փորձ մը, ո­րուն քա­ղա­քա­կան պա­տո­ւէր­նե­րը չեն բխիր հա­յու­թեան սե­փա­կան ի­րա­ւունք­նե­րէն, այլ աշ­խար­հա­քա­ղա­կան պար­տադ­րանք­նե­րու մեծ խա­ղին հե­տե­ւանք­ներն են։
Ար­ցա­խի կո­րուս­տը պէտք չէ մեզ ա­ռաջ­նոր­դէ ազ­գա­յին ինք­նա­մեր­ժու­թեան եւ պատ­մա­կան ի­րա­ւունք­նե­րէն հրա­ժա­րե­լու ճա­նա­պար­հին։ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի վե­րա­դար­ձի ի­րա­ւուն­քը, մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պաշտ­պա­նու­թիւ­նը եւ մեր ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան պահ­պա­նու­մը պէտք է մնան հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քի օ­րա­կար­գին մէջ։ ­Նոյն­պէս՝ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ պա­հո­ւող հայ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան գե­րի­նե­րու ա­զա­տագ­րու­մը հարկ է դառ­նայ ազ­գա­յին ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն եւ պե­տա­կան ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան հարց։
Այս ամ­բողջ գոր­ծըն­թա­ցին մէջ ժա­մա­նա­կը հա­սուն­ցած է որ­պէս­զի Ս­փիւռքն ալ վե­րաի­մաս­տա­ւո­րէ եւ վե­րա­կազ­մա­կեր­պէ իր ա­պա­գա­յի ու­ղին։ Իշ­խա­նա­կան նոր մտա­ծո­ղու­թեան դի­մաց՝ սահ­մա­նա­փա­կե­լու Ս­փիւռ­քի պատ­մա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը կամ սահ­մա­նե­լու բա­ժա­նա­րար գի­ծեր, անհ­րա­ժեշտ է ամ­րագ­րել Ս­փիւռ­քը իր քա­ղա­քա­կան, կազ­մա­կեր­պա­կան եւ մաս­նա­գի­տա­կան կա­րո­ղա­կա­նու­թեամբ ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թեան բնա­կան գոր­ծըն­կեր ըլ­լա­լու ա­նա­րար­կե­լի դե­րը։
35 տա­րի­նե­րու քա­ղած դա­սե­րը պարզ չեն. հա­յու­թեան պատ­մա­կան եւ քա­ղա­քա­կան վե­րա­հաս­տա­տու­մը կա­րե­լի չէ տես­նել պատ­մու­թե­նէն փա­խուստ ներ­կա­յաց­նող նոր «ի­րա­պաշ­տու­թեամբ»։ ­Մե­զի պէտք է քա­ղա­քա­կան եւ պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն՝ որ ճանչ­նա­լով իր սխալ­նե­րը, տէր ու պաշտ­պան կը կանգ­նի հա­մազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն, կը կա­տա­րէ ու­ժե­րու գնա­հա­տում եւ կը միա­ւո­րէ ազ­գի բո­լոր հա­տո­ւած­նե­րը։
Ան­կա­խու­թեան 35-ա­մեա­կի կեն­սա­փոր­ձը նոր հան­րա­պե­տու­թիւն մը յայ­տա­րա­րե­լու պատ­րո­ւակ չէ։ Ան ա­ռիթ է հասկ­նա­լու, թէ ին­չո՛ւ ե­րե­սուն­հինգ տա­րի­նե­րու ան­կա­խու­թիւ­նը չկրցաւ հաս­նիլ իր պատ­մա­կան նպա­տակ­նե­րուն եւ ի՛նչ դա­սեր պէտք է քա­ղել այդ ճա­նա­պար­հէն։
Այս հա­շո­ւեկ­շի­ռը մեզ պէտք է ա­ռաջ­նոր­դէ դէ­պի նոր յանձ­նա­ռու­թիւն՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ հա­մայն հա­յու­թեան ա­պա­գա­յին նկատ­մամբ։ ­Մեր առ­ջեւ դրո­ւած հիմ­նախն­դիրն է՝ հա­մազ­գա­յին բո­լոր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը մէկ­տե­ղե­լով, ամ­րապն­դել ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թիւնն ու անվ­տան­գու­թիւ­նը, հզօ­րաց­նել հայ­րե­նի­քը, տէր կանգ­նիլ Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցին ու ա­պա­հո­վել ­Հա­յաս­տան աշ­խար­հի յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը։
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ հա­մայն հա­յու­թեան գե­րա­գոյն պար­տա­ւո­րու­թիւնն է վեր­ջա­պէս ար­ժա­նի ըլ­լալ այն ան­կա­խու­թեան, որ 35 տա­րի ա­ռաջ ազ­գո­վին նո­ւա­ճե­ցինք։