«Ար­մենիքա» պարբերաթերթի նոր թիւը

0
72

«Ար­մե­նի­քա» յու­նա­լե­զու պար­բե­րա­թեր­թի 121-րդ ­թի­ւը (­Փետ­րո­ւար-Ապ­րիլ 2026) ար­դէն հրա­պա­րակ ե­լած է եւ տրա­մադ­րե­լի է ըն­թեր­ցող­նե­րուն։
Ինչ­պէս միշտ, այս ան­գամ եւս բո­վան­դա­կու­թիւ­նը կը ներ­կա­յա­նայ ճոխ ու այ­լա­զան նիւ­թե­րով, ո­րոնք կը գրա­ւեն ըն­թեր­ցո­ղի ու­շադ­րու­թիւ­նը։
­Ներ­կայ թի­ւին խմբագ­րա­կա­նը կը փոր­ձէ ար­ժե­ւո­րում մը կա­տա­րել ­Հա­յաս­տա­նի ներ­քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կին մա­սին, վեր­լու­ծե­լով նա­խընտ­րա­կան շրջա­նի քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րը, յատ­կա­պէս իշ­խա­նու­թեան եւ ընդ­դի­մու­թեան մի­ջեւ պայ­քա­րի տար­բեր ե­րես­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­մով, տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին ի­րադ­րու­թեան լոյ­սին տակ։
­Քա­ղա­քա­կան նիւ­թե­րու շար­քին, ու­շագ­րաւ են Ատրպէյ­ճա­նի մէջ ա­պօ­րի­նի պա­հո­ւած Ար­ցա­խի քա­ղա­քա­կան եւ ռազ­մա­կան գե­րի­նե­րու հար­ցին վեր­լու­ծու­մը, ինչ­պէս նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ պար­տադ­րո­ւած խա­ղա­ղու­թեան ծալ­քե­րը։
­Հար­ցազ­րոյց­նե­րու բա­ժի­նը կ­՚ընդգր­կէ հե­տաքրք­րա­կան զրոյց մը ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեա­նի հետ, ուր կ­՚ար­ծար­ծո­ւին թե­մը յու­զող բազ­մա­կող­մա­նի ե­րես­նե­րը։ ­Նաեւ, զրոյց մը լոյս կը տես­նէ մի­ջազ­գա­յին օ­փե­րա­յի մէջ համ­բաւ ստա­ցած տա­ղան­դա­ւոր երգ­չու­հի ­Ռու­զան ­Ման­թա­շեա­նի հետ։
Ըն­թեր­ցո­ղը նաեւ պի­տի ծա­նօ­թա­նայ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րուն եւ ա­նոնց եր­բեմ­նի բար­գա­ւաճ կեան­քին, որ ազ­դո­ւած է տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս եր­կա­րա­մեայ պա­տե­րազ­մա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն։ ­Նաեւ, յա­տուկ ներ­կա­յա­ցում մը կը փոր­ձո­ւի Ի­րա­նի հայ­կա­կան գա­ղու­թին ու ա­նոր պատ­մա­կան գո­յու­թեան մա­սին, որ­պէս հա­յու­թեան կա­րե­ւոր կեդ­րոն­նե­րէն մէ­կը։
«­Յու­շա­մա­տեան»-ի գոր­ծա­կից­նե­րու ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը դէ­պի Թ­րա­կիա լոյ­սին կը բե­րէ հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու կեան­քը եւ մշտա­կան կա­պե­րու անհրա­ժեշ­տու­թիւ­նը, որ­պէս յու­նա­հա­յու­թեան բա­բա­խող սիր­տի մէկ մաս­նիկ։
­Յու­զիչ անդ­րա­դարձ կը կա­տա­րո­ւի 1974-ին՝ ­Կիպ­րո­սի մէջ թրքա­կան ներ­խու­ժու­մի ըն­թաց­քին զո­հո­ւած յու­նա­հայ ե­րի­տա­սարդ ­Բար­սեղ ­Պի­պէ­րեա­նի կեան­քին ու հե­րո­սու­թեան մա­սին։
­Պատ­մա­կան նիւ­թե­րու բո­վան­դա­կու­թիւ­նը ճո­խա­ցած է Ո­ւի­լիամ ­Սա­րո­յեա­նի գոր­ծե­րուն մէ­ջէն ազ­գա­յին եւ հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րու վեր­լու­ծու­մին փոր­ձը կա­տա­րե­լով, ինչ­պէս նաեւ գրա­ւիչ է ­Տիա­նա Աբ­գա­րի եւ ­Զիլ­ճեան եղ­բայր­նե­րու մա­սին անդ­րա­դար­ձը։ ­Նաեւ, ըն­թեր­ցո­ղը պի­տի ծա­նօ­թա­նայ հայ­րե­նի աշ­խար­հի նրբա­հիւս ա­րո­ւես­տի յատ­կան­շա­կան մէկ գան­ձին՝ որ­դան կար­մի­րի գի­տա­կան ու պատ­մա­կան ար­ժէ­քի մա­սին: Ն­ման հե­տաքրք­րու­թիւն կը ստեղ­ծէ նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ կանգ­նած հայ­կա­կան խաչ­քա­րե­րու պատ­մու­թիւնն ու ա­նոնց նրբա­գեղ զար­դա­րանք­նե­րու նկա­րագ­րու­մը։
Ինչ­պէս միշտ, պար­բե­րա­թեր­թի բո­վան­դա­կու­թիւ­նը ճոխ է մշա­կու­թա­յին եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան լու­րե­րով, հայ­կա­կան մար­զաշ­խար­հի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով եւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի ազ­գա­յին ու հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի տար­բեր ե­րես­նե­րու ար­ձա­նագ­րու­մով։
­Կող­քի եւ նիւ­թե­րու բարձր ո­րա­կի նկար­նե­րը կը գրա­ւեն ըն­թեր­ցո­ղի ու­շադ­րու­թիւ­նը, այս ան­գամ եւս իր ձեռ­քին մէջ ու­նե­նա­լով խնա­մո­ւած ամ­բող­ջա­կան աշ­խա­տանք մը, որ եր­կար տա­րի­նե­րու վրայ շա­րու­նա­կո­ւող խմբագ­րա­կան գնա­հա­տե­լի ի­րա­գոր­ծում մըն է։