­Յու­նա­հայ կազ­մա­կերպ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ան­գամ մը եւս հաս­տա­տեց, թէ կառ­չած կը մնայ հա­մա­հայ­կա­կան ար­ժէք­նե­րուն, իր մէջ ամ­րօ­րէն պա­հե­լով հա­յոց ան­կա­խու­թեան խոր­հուր­դը, դառ­նա­լով ար­տա­յայ­տի­չը ազ­գա­յին այն բո­լոր ձգտում­նե­րուն եւ ե­րազ­նե­րուն, ո­րոնց­մով ո­գե­ւո­րո­ւե­ցան ու ապ­րե­ցան սփիւռ­քա­հայ ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց հա­յեաց­քը սե­ւե­ռե­լով հայ ազ­գի ու մեր պե­տա­կա­նու­թեան հիմ­նա­շէն­քի ամ­րա­կուռ խա­րիս­խին վրայ, մշտա­պէս կը տո­գո­րո­ւին 28 ­Մա­յիս 1918-ին կեր­տո­ւած ան­կա­խու­թեան սխրան­քէն։
­Շա­բաթ, 30 ­Մա­յիս 2026-ի գի­շե­րը, ­Ֆիք­սի ա­կում­բի «Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հին մէջ, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան բո­լոր ան­դամ­նե­րը հա­մա­խումբ՝ ո­գե­ւո­րիչ եւ տե­ւա­բար խան­դա­վառ մթնո­լորտ մը ստեղ­ծե­ցին մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հետ, ցոյց տա­լով նա­խա­ձեռ­նու­թեան ո­գի, ար­ժէք­նե­րուն հան­դէպ լիա­բուռն յար­գանք եւ կազ­մա­կերպ­չա­կան հմտու­թիւն՝ ժո­ղո­վուր­դին հրամց­նե­լով մա­յի­սեան ան­կա­խու­թեան նո­ւի­րո­ւած՝ ե­րի­տա­սար­դա­կան խան­դա­վա­ռու­թեան ո­գին, որ հա­մա­կեց բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը՝ մե­ծով ու փոք­րով։
Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան եւ Ե­րի­տա­սար­դա­կան շար­քե­րը միա­տեղ, ձեռ­ք ձեռ­քի տուած, ի­րա­գոր­ծե­ցին յա­ջող խրախ­ճանք մը, շա­րու­նա­կա­բար պա­հե­լով խան­դա­վա­ռու­թեան զգա­ցու­մը ե­լոյ­թի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան։ Օ­րո­ւան պատ­շաճ խօս­քե­րով եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան խնա­մո­ւած յայ­տա­գի­րով ե­լոյ­թը ար­ձա­նագ­րեց ան­նա­խըն­թաց յա­ջո­ղու­թիւն՝ մին­չեւ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րը։
­Հոն էին մեր բո­լոր պա­տա­նի­նե­րը եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ­Հա­մազ­գա­յի­նի պա­րա­խում­բը, ո­րոնք խան­դա­վա­ռու­թեան յա­ջոր­դա­կան ա­լիք­ներ ստեղ­ծե­ցին, լա­ւա­պէս կազ­մա­կեր­պո­ւած եւ դա­սա­ւո­րո­ւած բո­լոր ներկայացումներով, տե­սա­նե­լի դարձ­նե­լով ե­րի­տա­սար­դա­կան ե­ռանդն ու կար­գա­պա­հու­թիւ­նը։
Ս­րա­հը կա­նու­խէն լե­ցո­ւե­ցաւ հայ­րե­նա­կից­նե­րով, ո­րոնք ըն­դա­ռա­ջե­ցին ե­րի­տա­սար­դու­թեան հրա­ւէ­րին եւ սե­ղան­նե­րուն շուրջ բաժ­նե­կից դառ­ձան խան­դա­վառ մթնո­լոր­տին։ ­Յատ­կան­շա­կան էր ներ­կա­յու­թիւ­նը ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րուն, Հ.Յ.Դ. մար­մին­նե­րուն եւ ու­ղե­կից միու­թիւն­նե­րուն։
­Բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. Ա­րամ ­Պետ­րո­սեան, որ հա­կիրճ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց բո­լո­րին, ա­պա գոր­ծադ­րու­թեան դրաւ ե­րե­կո­յի յայ­տա­գի­րը։
Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ու­ղեր­ձը ար­տա­սա­նեց ընկ. ­Վահ­րամ ­Չա­քա­լեան, որ կուռ շեշ­տով անդ­րա­դար­ձաւ հա­յոց ան­կա­խու­թեան ու պե­տա­կա­նու­թեան ստեղծ­ման խոր­հուր­դին։ Ան մաս­նա­ւո­րա­բար յայտ­նեց։
«­Մեր ազ­գին ճա­կա­տա­գի­րը ե­ղած է դժո­ւար, միշտ։ ­Բայց մեր ազ­գը կա­րո­ղա­ցած է դի­մագ­րա­ւել իր առ­ջեւ ցցո­ւած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, եր­բեմն շատ յա­ջող, եր­բեմն ոչ այն­քան։ ­Սա­կայն ա­նու­ռա­նա­լի ի­րա­կա­նու­թիւն է, թէ հա­յու­թիւ­նը գի­տէ հա­մախմ­բո­ւիլ՝ երբ որ ճա­կա­տագ­րա­կան պա­հի առ­ջեւ կը գտնո­ւի։ ­Միայն յի­շա­տակ մը չեն ­Գա­րե­գին Նժ­դեհ, Ա­րամ ­Մա­նու­կեան, Դ­րօ, ­Ղա­րա­քի­լի­սէի, ­Բաշ-Ա­պա­րա­նի ու ­Սար­տա­րա­պա­տի հե­րոս զօ­րա­վար­նե­րու, ջար­դո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դի, սո­ված հայ հե­րոս զի­նո­ւոր­նե­րը։
­Հո­գի­նե­րուն եւ միտ­քե­րուն խոր­քին մէջ կնքո­ւած նշան­ներ են, ե­րի­տա­սարդ­նե­րու, մեր ծնող­նե­րու, պա­պե­րու ու տա­տե­րու ա­րիւ­նին մէջ ան­ցած խորհրդա­նիշ­ներ են ա­պա­գա­յին հա­մար, մեր գո­յա­տեւ­ման ու ա­րե­ւե­լու­մին սլաք­ներն են։
­Կաս­կած չկայ, որ հայ ժո­ղո­վուր­դին մէ­ջէն հրա­պա­րակ պի­տի գան նոր հե­ղի­նա­կա­նու­թիւն­ներ, նոր մար­տահ­րա­ւէր­ներ, պատ­րաս­տա­կամ հե­րոս­ներ։
­Մո­ռա­ցու­թեան, պատ­մա­կան վե­րա­նա­յու­մի եւ ան­տար­բե­րու­թեան այս ժա­մա­նակ­նե­րուն մէջ, պատ­մա­կան գի­տակ­ցու­թեան պահ­պա­նու­մը կը վե­րա­ծո­ւի դի­մադ­րու­թեան եւ հա­ւա­քա­կան ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան։
Եւ վստահ ըլ­լան բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք կը կար­ծեն, թէ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ա­պա­քա­ղա­քա­կա­նա­ցած ու ան­տար­բեր են. չա­րա­չար կը սխա­լին։
Ընդ­հա­կա­ռա­կը, մենք քայլ դէ­պի ետ պի­տի չը­նենք։ ­Մենք պի­տի շա­րու­նա­կենք պայ­քա­րը։
­Մենք, իբ­րեւ հա­յա­պահ­պա­նու­թեան ան­քուն զի­նո­ւոր­ներ, պի­տի պայ­քա­րինք մեր ազ­գին հա­մար. ­Հա­յաս­տա­նին, Ար­ցա­խին ու Ս­փիւռ­քին հա­մար»։
­Յա­ջոր­դա­բար, բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. ­Կո­մի­տէի ան­դամ ընկ. Ար­ման Գ­րի­գո­րեան տա­լու օ­րո­ւան պատ­գա­մը եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան խօս­քը փո­խան­ցե­լու ե­րի­տա­սար­դու­թեան ու ժո­ղո­վուր­դին։ Ըն­կե­րը, մա­յի­սեան խոր­հուր­դին ար­ժե­ւորու­մը կա­տա­րե­լով, շեշ­տեց։
«­Հայ­րե­նի­քի Ա­ռա­ջին Ան­կա­խու­թիւ­նը՝ 1918 ­Մա­յի­սի 28-ին, մեր ազ­գի ա­մէ­նէն ու­ժեղ պա­տաս­խանն է բո­լոր ա­նոնց, որ մեր պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին փոր­ձե­ցին գրա­ւել մեր հո­ղե­րը, գե­րի դարձ­նել մեր ազ­գը եւ ջնջել քար­տէ­սէն ­Հա­յաս­տան կո­չո­ւած եր­կի­րը։
Իս­կա­պէս, ­Մա­յիս 28-ը մեր ազ­գին հա­մար հրաշք մըն էր, ցե­ղաս­պա­նո­ւած ժո­ղո­վուր­դի մը յա­րու­թիւ­նը, ա­հա­ւոր ո­ճի­րէն հա­զիւ ե­րեք տա­րի­ներ վերջ։ Հս­կա­յա­կան ձեռք­բե­րում, որ ո՛չ միայն ­Հա­յաս­տա­նի հո­ղը ա­զա­տագ­րեց թշնա­միէն, այլ մէկ ազգ ու մէկ հայ­րե­նիք գա­ղա­փա­րի դրոշ­մը դրաւ յա­ջոր­դա­կան սե­րունդ­նե­րուն մէջ եւ ազ­գա­յին հպար­տու­թիւն ներշն­չեց ջար­ջա­րո­ւած մեր ազ­գին։ Այ­սօր մեր ազ­գը նման հրաշ­քի մը պէտք ու­նի։
­Վեր­ջին 6 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին մեր հայ­րե­նի­քը շատ դժո­ւար ու վտան­գա­ւոր կա­ցու­թեան մէջ կը գտնո­ւի։ Ար­ցա­խի կո­րուս­տը, 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մը ու մեր հե­րոս նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը, բո­լո­րիս հա­մար վի­րա­ւո­րա­կան են ու բաց վէրք։ ­Նոյն պա­հուն, ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը ան­կա­յուն է ու ժա­մա­նա­կը՝ շրջա­դար­ձա­յին։
Ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին, ա­կա­նա­տես ե­ղած է  ներ­կայ իշ­խա­նու­թեան գոր­ծե­լա­կեր­պին, որ մեր ազգն ու պե­տու­թիւ­նը պղտոր ջու­րե­րու ընդ­մէ­ջէն կ’ա­ռաջ­նոր­դէ։
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րածք­նե­րու եւ մեր հե­րո­սա­կան Ար­ցա­խի հո­ղե­րու զի­ջու­մը, կա­ռա­վա­րու­թեան օ­րա­կար­գէն դուրս բե­րո­ւած ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման հար­ցը, Ար­ցա­խէն վտա­րո­ւած հա­յու­թեան ա­պա­գա­յին հան­դէպ ան­տար­բե­րու­թիւ­նը, Ս­փիւռ­քի եւ հայ­րե­նի­քի ժո­ղո­վուր­դին մի­ջեւ պա­ռակ­տու­մի փոր­ձերն ու հե­տե­ւո­ղա­կան յո­ռի ե­րե­ւոյթ­նե­րը՝ քա­ղա­քա­կան այն­պի­սի դիր­քո­րո­շում­ներ են, ո­րոնց ար­ժա­նի չէ մեր ազգն ու հայ­րե­նի­քը»:
Իր խօս­քը մաս­նա­ւո­րե­լով Հ.Յ.Դ. գա­ղա­փա­րա­կան թրծում ու­նե­ցած եւ ազ­գա­յին նկա­րա­գի­րով կռա­նո­ւած ե­րի­տա­սար­դու­թեան մա­սին, ան ընդգ­ծեց, թէ ­«Դաշ­նակ­ցա­կան գա­ղա­փա­րա­կից ու աշ­խուժ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը հա­ւատ­քով ու խան­դա­վա­ռու­թեամբ, մա­նա­ւանդ՝ գի­տակ­ցու­թեա՛մբ կը մօ­տե­նայ հայ­կա­կան իր ինք­նու­թեան։ Եւ այ­սօր, մենք վկա­ներն ենք յա­ջոր­դա­կան այն սե­րունդ­նե­րուն, ո­րոնք պայ­քա­րե­ցան յա­նուն ինք­նու­թեան եւ պե­տա­կա­նու­թեան։ ­Մենք լաւ գի­տենք, թէ ա՛յն քի­չը, որ ու­նե­ցած ենք եւ ա՛յն, ինչ որ ու­նինք հի­մա, շնորհքն է այն հայ մար­դոց, ո­րոնք գի­տակ­ցե­ցան հայ­րե­նի­քի ու հա­յու­թեան ար­ժէ­քին եւ եր­բեք չընկր­կե­ցան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն առ­ջեւ։
­Պար­տա­ւոր ենք ու­րեմն, բո­լորս, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն վրայ գտնո­ւող բո­լոր հա­յու­թիւ­նը, մեր ազ­գին ու ժո­ղո­վուր­դին թի­կունք կանգ­նիլ եւ մեր ազ­գա­յին վե­րա­կանգն­ման մաս կազ­մել, ու­նե­նա­լով միշտ մեր մտքին մէջ այն սկզբունք­նե­րը, որ կը բխին մեր հայ­րե­նի­քի Ա­ռա­ջին Ան­կա­խու­թե­նէն»։
Եր­կու ըն­կեր­նե­րուն խօս­քե­րը դի­մա­ւո­րուե­ցան ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով։
Ս­րա­հի բե­մը ո­ղո­ղո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան քա­նի մը տաս­նեակ պա­տա­նի­նե­րով, ո­րոնք միա­բե­րան եւ խան­դա­վառ կիր­քով եր­գե­ցին ազ­գա­յին ու յե­ղա­փո­խա­կան եր­գեր, ցոյց տա­լով, թէ ի­րենց դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը կը բխի ազ­գի ար­ժէք­նե­րուն եւ հայ­կա­կան ինք­նու­թեան ա­կուն­քէն։
­Յա­ջոր­դեց ներ­կա­յա­ցու­մը ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Նա­նօր» պա­րա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն, ո­րոնք ներ­կա­յա­ցու­ցին լա­ւա­պէս պատ­րաս­տո­ւած փունջ մը հայ­կա­կան պա­րեր, ա­ւե­լի ջեր­մաց­նե­լով մթնո­լոր­տը։
Ն­շենք, որ ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան մեր մատ­ղաշ սե­րուն­դը, որ դե­րա­կա­տար ե­ղաւ հայ եր­գի ու պա­րի յայ­տա­գի­րին, իր ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կու­թեան կող­քին, սեր­տօ­րէն կառ­չած կը մնայ նաեւ հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին գան­ձա­րա­նին։
­Ժա­մը հա­սաւ բե­մին վրայ վա­յե­լե­լու Ե­րիտ. ­Միու­թեան նո­ւա­գա­խում­բը, որ ե­ղաւ ե­լոյ­թի յայտ­նու­թիւ­նը։
Ըն­կեր­ներ Ե­րո­ւանդ ­Մա­նու­կեան դաշ­նա­մու­րի վրայ, Օն­նիկ ­Պետ­րո­սեան եւ ­Վի­գէն ­Բար­դա­մեան կի­թա­րի վրայ, ինչ­պէս նաեւ Ա­նի Ար­զու­մա­նեան եւ ­Փա­թիլ ­Պար­ղու­տեան եր­գով, ստեղ­ծե­ցին այն­պի­սի մթնո­լորտ մը, որ ամ­բողջ գի­շեր ոտ­քի հա­նեց բազ­մու­թիւ­նը։ ­Ներ­կա­նե­րը եւս ըն­կե­րակ­ցե­ցան նուա­գա­խում­բին եւ սրա­հին մէջ երգն ու խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը միա­խա­ռնո­ւե­ցան ո­գե­ւո­րիչ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով։
­Միայն գնա­հա­տան­քով կա­րե­լի է խօ­սիլ մեր ե­րի­տա­սարդ ըն­կեր­նե­րու գե­ղարուես­տա­կան ե­լոյ­թին մա­սին։ ­Լա­ւա­պէս լա­րո­ւած խում­բը յա­ջոր­դա­կան մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով հրամ­ցուց ազ­գա­յին, ժո­ղովր­դա­յին եւ յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րու շա­րան մը, ա­ւե­լի ջեր­մաց­նե­լով մա­յի­սեան ան­կա­խու­թեան տօ­նա­կան ո­գին, խլե­լով ան­թիւ ծա­փա­հա­րու­թիւն­ներ ու քա­ջա­լե­րա­կան խօս­քեր։
­Կը սպա­սենք, որ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու նուա­գա­խում­բը կանգ պի­տի չ­՚առ­նէ այս ե­լոյ­թով միայն, այլ իր տա­ղան­դը պի­տի ծա­ւա­լէ այլ հա­ւաք­նե­րու ըն­թաց­քին եւս, նոյ­նիսկ ե­րի­տա­սար­դա­կան այլ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով, ո­րոնց կա­րօ­տը ու­նին մեր հայ­րե­նակ­ցի­նե­րը։
Ե­լոյ­թի ո­գե­ւո­րու­թեան մթնո­լոր­տէն ջեր­մա­ցած, ներ­կա­նե­րը կա­տա­րե­ցին ինք­նա­բուխ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­ներ, իսկ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րու վի­ճա­կա­հա­նու­թիւ­նը եւս պսա­կո­ւե­ցաւ յա­ջո­ղու­թեամբ։
Ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րու գա­լուս­տին հետ, ժո­ղո­վուր­դը մեկ­նե­ցաւ սրա­հէն գո­հու­նակ ու խան­դա­վառ սիր­տով, մեր կազ­մա­կերպ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հան­դէպ գնա­հա­տան­քի խօս­քե­րով, զա­նոնք ջեր­մօ­րէն քա­ջա­լե­րե­լու բարձր տրա­մադրու­թեամբ, մա­նա­ւանդ՝ մօտ ա­պա­գա­յին ա­նոնց աշ­խա­տան­քին ու ե­ռան­դին ար­գա­սի­քը վա­յե­լե­լու նո­րա­նոր ակն­կա­լու­թեամբ։