­Պա­քո­ւի կող­մէ ա­պօ­րի­նի պա­հուող հայ քա­ղա­քա­կան բան­տար­կե­լա­նե­րու ա­զատ ար­ձա­կու­մը պա­հան­ջեց կիպ­րա­ցի եւ­րոե­րես­փո­խան ­Քոս­տաս ­Մաւ­րի­տիս, իր հիմ­նա­կան ու­ղեր­ձին մէջ։ Ան ե­լոյթ ու­նե­ցաւ Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի լիա­գու­մար նիս­տի ըն­թաց­քին Ստ­րաս­պուր­կի մէջ, ուր քննար­կո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կար­գե­րու ամ­րապնդ­ման հար­ցը։
­Շա­րու­նա­կե­լով, կիպ­րա­ցի ե­րես­փո­խա­նը շեշ­տեց. «Ինչ կը վե­րա­բե­րի Ատր­պէյ­ճա­նին, ան պար­տա­ւոր է ա­պա­ցու­ցել իր յանձ­նա­ռու­թիւ­նը՝ վստա­հու­թեան կա­ռուց­ման յստակ մի­ջոց­նե­րով, նե­րա­ռեալ՝ մնա­ցեալ հայ քա­ղա­քա­կան բան­տար­կեալ­նե­րու ա­ռանց նա­խա­պայ­մա­նի ա­զատ ար­ձա­կու­մը։ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը պէտք է յստակ նե­րառ­նէ բան­տար­կեալ­նե­րու հար­ցը իր օ­րա­կար­գին մէջ՝ Ատր­պէյ­ճա­նի վար­չա­կար­գին հետ ու­նե­ցած շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին։ ­Հա­յաս­տան–Ատր­պէյ­ճան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը ծան­րակ­շիռ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի հայ հա­սա­րա­կու­թեան հա­մար եւ խոր ազ­դե­ցու­թիւն կը գոր­ծէ երկ­րի ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ու հաս­տա­տու­թե­նա­կան ի­րա­վի­ճա­կին վրայ»։
Եզ­րա­փա­կե­լով, ան ընդգ­ծեց. «­Մենք չենք մոռ­նար ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ հաս­տատ կը մնանք մեր հիմ­նա­կան դիր­քո­րո­շու­մին վրայ՝ պաշտ­պա­նե­լու Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ բռնի տե­ղա­հա­նո­ւած Ար­ցա­խի հա­յե­րու ի­րա­ւունք­նե­րը, նե­րա­ռեալ՝ ա­նոնց սե­փա­կա­նու­թիւ­նը, մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը եւ ինք­նու­թիւ­նը»։
­Հա­յաս­տա­նի ներ­քին ի­րա­վի­ճա­կին ակ­նար­կե­լով ան յայտ­նեց. «Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ար­ժէ­քը՝ ա­ջակ­ցե­լու ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան տո­կու­նու­թեան առն­չու­թեամբ վճռո­րոշ է։ ­Սա­կայն այս դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը պէտք է ի­րա­կա­նա­ցո­ւի խիստ հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով քա­ղա­քա­կան չե­զո­քու­թեան սկզբուն­քին վրայ։ Ար­տա­քին ո­րե­ւէ մի­ջամ­տու­թիւն կը վնա­սէ ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցի վստա­հե­լիու­թիւ­նը»։