ԺԱԳ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
­Հա­մազ­գա­յի­նի թղթա­կից

«Ա­նի­ծո­ւած նուռ II» ե­լոյ­թի ան­նա­խա­դէպ յա­ջո­ղու­թե­նէն ետք, ­Հա­մազ­գա­յի­նի պա­րա­խում­բը
ան­վա­րան շա­րու­նա­կեց իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, փոր­ձե­րով եւ նոր ներ­կա­յա­ցում­նե­րով։ Ամ­ռան մէջ` ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ճամ­բոր­դեց ար­տա­սահ­ման, հան­դէս ե­կաւ բարձր մա­կար­դա­կի ու նշա­նա­կու­թեան փա­ռա­տօն­նե­րու եւ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու, հպար­տու­թեամբ ներ­կա­յաց­նե­լով հայ մշա­կոյյ­թի ար­ժէք­նե­րը եւ ծա­ծա­նել տա­լով Ե­ռա­գոյ­նը։
20 ­Յու­նի­սին «­Նա­յի­րի» պա­րա­յին խում­բը ժա­մա­նեց «Այ. ­Սա­րան­տա» քա­ղա­քը, որ կը հան­դի­սա­նայ Ալ­պա­նիոյ յու­նա­կան հա­մայն­քի ա­մե­նա­կա­րե­ւոր կեդ­րոն­նե­րէն մէ­կը, մաս­նակ­ցե­լու հա­մար փա­ռա­տօ­նին, 40 պա­րա­խում­բե­րու հետ` հա­մայն­քա­յին, կիպ­րա­կան, պոն­տա­կան եւ ­Յու­նաս­տա­նի տար­բեր շրջան­նե­րէ։
­Ծո­վափ­նեայ քա­ղա­քը ստա­ցած է իր ա­նու­նա­կո­չու­մը ­Փոքր ­Հայ­քի «­Սե­բաս­տիոյ քա­ռա­սուն վկա­ներ»ու բիւ­զան­դա­կան վան­քէն, որ կա­ռու­ցո­ւած էր շրջա­նի բլու­րի մը վրայ։
­Նոյն օ­րը, փա­ռա­տօ­նի ծի­րէն ներս, տե­ղի ու­նե­ցաւ պա­րու­սոյց­նե­րու մաս­նակ­ցոու­թեամբ սե­մի­նար-հա­մա­ժո­ղով` «­Կիպ­րա­կան, հայ­կա­կան, պոն­տա­կան եւ Ի­փի­րոս շրջա­նի պա­րեր. մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւն, յուշ եւ ինք­նու­րոյ­նու­թիւն» նիւ­թով։ ­Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին պա­րի միա­ւո­րի ա­տե­նա­պետ ընկ. Անդ­րա­նիկ ­Շահ­պա­զեան ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ ներ­կա­յաց­նե­լու հայ­կա­կան պա­րա­րո­ւես­տը, մշա­կոյ­թը եւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի հա­րուստ պատ­մու­թիւ­նը։
­Յա­ջոր­դեց խնճոյք ճա­շա­րա­նի մէջ, ո­րով տար­բեր խում­բե­րը մտեր­մա­ցան պա­րի մի­ջո­ցով։
«­Նա­յի­րի» խում­բը հան­դէս ե­կաւ «­Շի­րա­կի», «­Շա­լա­խօ» եւ «Եար­խուշ­տա» պա­րե­րով, հիաց­նե­լով ներ­կա­նե­րը։
­Պա­րա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն հա­մար գե­ղե­ցիկ պա­հե­րով լի ե­ռօ­րեայ մըն էր, ձեռք բե­րե­լով իւ­րա­յա­տուկ փոր­ձա­ռու­թիւն, ան­մո­ռա­նա­լի յու­շեր եւ դրսե­ւո­րե­լով պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն` մաս­նակ­ցե­լու յա­ջորդ ե­լոյ­թին։
Ան ալ չու­շա­ցաւ…
­Վե­րա­դար­ձի ճամ­բոր­դու­թե­նէն հա­զիւ մէկ շա­բաթ ետք, 29 ­Յու­նի­սին, «­Նա­յի­րի»ն ­պար­զեց հայ­կա­կան դրօ­շը «­Տո­րա Սթ­րա­թու» բա­ցօ­դեայ թա­տե­րաս­րա­հին մէջ, «Bollywood» մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նին, յու­նա­կան, հնդկա­կան եւ այ­լազ­գի պա­րա­խում­բե­րու կող­քին։ ­Հա­մազ­գա­յի­նի հա­մոյ­թը ար­ժա­նա­ցաւ բարձր գնա­հա­տան­քի օ­տար հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ, «Եար­խուշ­տա», «­Քո­չա­րի», «­Հո­վիւ­ներ», «­Թամ­զա­րա» եւ «­Հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան հար­սա­նիք» պա­րե­րով։
5 ­Յու­լի­սին, հեր­թը հա­սաւ ներ­կա­յա­նա­լու «­Մէկ ազգ մէկ մշա­կոյթ, Ա­թէնք 2025» հայ­կա­կան պա­րի փա­ռա­տօ­նին, ըն­դա­ռա­ջե­լով «Ա­ւե­տիս» պա­րա­խում­բի պա­րու­սոյց ­Շու­շա­նիկ ­Սե­մեր­ճեա­նի հրա­ւէ­րին։
­Ձեռ­նար­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Նէա Զ­միռ­նիի «­Լէո­տիոս» վար­ժա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ։ ­Մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ հե­տե­ւեալ պա­րա­յին հա­մոյթ­նե­րը. «­Վա­նուշ ­Խա­նա­մի­րեան»` ­Լոս Ան­ճե­լըս, «Աղ­թա­մար»` ­Լոն­տոն, «Renaissance»` Ստ­րաս­պուրկ, «­Նա­յի­րի» եւ «Ballet Dance Grigoryan»` ­Լիոն։ ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Նա­յի­րի»ն ­ներ­կա­յա­ցաւ` «Եար­խուշ­տա», «­Շա­լա­խօ», «Ու­զուն­տա­րա» եւ «­Լու­սա­ւոր գի­շեր» պա­րե­րով, գրա­ւե­լով հան­դի­սա­տե­սին ու­շադ­րու­թիւ­նը։
Ընդ­հա­նուր գետ­նի վրայ, ամ­փո­փե­լով վե­րոն­շեալ ե­լոյթ­նե­րը, կա­րե­լի է հաս­տա­տել ­Հա­մազ­գա­յի­նի պա­րող­նե­րու բարձր ո­րա­կը եւ գլխա­ւոր պա­րու­սոյց Էտ­կար Է­կեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան մտքե­րու ծա­ւա­լումն ու նուի­րո­ւա­ծու­թիւ­նը։
­Տա­րեշր­ջա­նի փա­կու­մը կը պատ­կա­նի «­Նա­նոր»ի տա­ղան­դա­ւոր պա­տա­նի­նե­րուն, 12 ­Յու­լի­սին, ­Լաւ­րիօ պատ­մա­կան քա­ղա­քի «ԱԳԵԼ» բա­ցօ­դեայ թա­տե­րասրա­հին մէջ։
Ար­դէն վեր­ջին տա­րի­նե­րուն` հա­մոյ­թին հա­մար ա­ւան­դու­թիւն դար­ձած է ա­մառ­նա­յին պտոյ­տը, ե­լոյ­թով հան­դերձ։
­Հա­մազ­գա­յի­նի պա­րա­խում­բը գլխա­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նէր` «Երբ որ ար­տա­սու­քը կը դառ­նայ պայ­քար» խո­րա­գի­րով բե­մա­կա­նա­ցո­ւած պա­րե­րու ներ­կա­յաց­ման, կազ­մա­կեր­պո­ւած ­Լաւ­րիո­յի պոն­տոս­ցի­նե­րու «­Միհր­դատ» միու­թեան կող­մէ։
­Շա­րա­հիւ­սո­ւած պոն­տա­կան եւ հայ­կա­կան պա­րե­րը խան­դա­վա­ռե­ցին հան­դի­սա­տե­սին։ ­Մաս կազ­մե­լով յայ­տա­գի­րին, ընկ. Ար­շա­լոյս ­Սափ­րի­չեա­նի տպա­ւո­րիչ ձայ­նով հնչեց` «Ես իմ ա­նուշ ­Հա­յաս­տա­նի» երկ­լե­զու ար­տա­սա­նու­թիւ­նը եւ «­Պին­կէօլ» եր­գը։ ­Մինչ­դեռ երգ­չա­խում­բը կը մեկ­նա­բա­նէր եր­գի յու­նա­կան տար­բե­րա­կը, ­Պոն­տոս­ցին անց­նե­լով կրա­կէն վարդ մը նո­ւի­րեց ­Հա­յու­հիին։
«­Նա­նոր» հա­մոյ­թը ներ­կա­յա­ցուց` «­Կար­նոյ ­Քո­չա­րի», «­Շա­տա­խի», «Ու­զուն­տա­րա», «Ցն­ծու­թիւն», «­Փա­փու­ռի» եւ Ազ­գա­յին պա­րե­րու շա­րան։ Ակն­յայտ բարձր մա­կար­դակ, որ կ­՚ար­տա­ցո­լէ պա­րու­սոյց ընկ. Ան­նա ­Պօ­ղո­սեա­նի հե­տե­ւո­ղա­կան ու հո­յա­կերտ գոր­ծը։
Յա­ջող տա­րեշր­ջան մը եւս ա­ւար­տե­ցաւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի պա­րա­խում­բի հա­մար։
Ար­ժա­նա­վա­յել ե­լոյթ­ներ յա­ռա­ջա­ցու­ցին յոյ­զեր, հիաց­նե­լով հայ եւ օ­տար հա­սա­րա­կու­թիւ­նը։ Ամ­ռան ընդ­մի­ջու­մէն ետք, նոր թա­փով, կը սպա­սո­ւին նոր գրա­ւիչ ներ­կա­յա­ցում­ներ։