­Հայ եր­գի ու պա­րի ան­նա­խըն­թաց պա­հեր ապ­րե­ցաւ Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ եւ շրջա­կայ­քի հայ­կա­կան հա­մայն­քը, ուր հայ­րե­նի մշա­կոյ­թը փա­ռա­բա­նուե­ցաւ հայ եւ յոյն հան­դի­սա­տես­նե­րուն առ­ջեւ։ Ա­նոնք ո­գե­ւո­րիչ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով եւ գրա­ռում­նե­րով ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն վրայ, խօ­սե­ցան հայ ժո­ղո­վուր­դի իւ­րա­յա­տուկ յատ­կա­նիշ­նե­րուն մա­սին, ընդգ­ծե­լով ա­նոր հա­զա­րա­մեայ մշա­կու­թա­յին հարս­տու­թիւ­նը, ո­րուն մէկ նմու­շը ան­մա­հա­ցաւ Թ­րա­կիոյ հա­յա­հոծ քա­ղա­քին մէջ։
Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դը գե­ղե­ցիկ յղա­ցու­մը ու­նե­ցաւ մշա­կու­թա­յին փա­ռա­տօ­նով մը պա­տո­ւել տեղ­ւոյն հայ­կա­կան Ս. ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ շի­նու­թեան մեկ­նար­կի 150-ա­մեա­կը, ո­րուն հա­մար կազ­մա­կեր­պեց հայ­կա­կան պա­րա­յին հա­մոյթ մը ­Հա­յաս­տա­նէն հրա­ւի­րո­ւած խում­բով, ինչ­պէս նաեւ Թ­րա­կիոյ մէջ գոր­ծող հայ­կա­կան պա­րա­խում­բե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։
Այս­պէս, ­Հա­յաս­տա­նի Ս­տե­փա­նա­ւան քա­ղա­քէն ժա­մա­նեց «Ա­նի պա­րա­յին սթու­տիօ»-ի պա­տա­նի­նե­րու երկ­սեռ խում­բը, գե­ղա­րո­ւես­տա­կան տնօ­րէ­նու­հի ­Տա­թե­ւիկ Իս­պի­րեա­նի եւ պա­րու­սոյց Ար­թուր ­Միր­զո­յեա­նի պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ, իսկ Թ­րա­կիոյ հա­մայնք­նե­րուն կող­մէ մաս­նակ­ցե­ցան ­Գո­մո­թի­նիի մշա­կու­թա­յին միու­թեան «Ու­րար­տու» խում­բը՝ ­Ռու­զան­նա ­Զօհ­րա­պեա­նի պա­րու­սու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ «Ն­ռե­նի» խում­բը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ ­Նա­րի­նէ ­Շահ­զա­տեա­նի։
­Շա­բաթ, 12 ­Յու­լիս 2025-ի ե­րե­կո­յեան, մօտ 1500 հայ եւ յոյն հան­դի­սա­կան­ներ ո­ղո­ղե­ցին Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ «Ալ­թի­նալ­մա­զի» կեդ­րո­նա­կան բա­ցօ­թեայ թա­տե­րաս­րա­հը, վա­յե­լե­լու հա­մար հայ աշ­խար­հի պարն ու ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, միա­ժա­մա­նակ յար­գե­լով հայ­կա­կան հա­մայն­քի դա­րա­ւոր պատ­մու­թիւ­նը եւ ա­նոր ներդ­րու­մը քա­ղա­քի կեան­քին։
Ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ ե­լոյ­թը պա­տուե­ցին Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ մետ­րո­պո­լիտ Ան­թի­մոս, քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տը, քա­ղա­քի հա­մայն­քա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը, մշա­կու­թա­յին հար­ցե­րու փոխ­քա­ղա­քա­պե­տը, տե­ղա­կան զի­նո­ւո­րա­կան կար­գե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ինչ­պէս նաեւ մարզ­պե­տու­թեան եւ քա­ղա­քա­պե­տու­թեան բազ­մա­թիւ խորհր­դա­կան­ներ։ ­Հայ­կա­կան կող­մէն ներ­կայ ե­ղան ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դամ ­Զա­պէլ Այ­վա­զեան, Հ.Յ.Դ. «Ար­շա­կեան» կո­մի­տէի ան­դամ ընկ. ­Հայկ ­Չի­չէ­քեան, Հ.Հ. պա­տո­ւոյ հիւ­պա­տոս ­Սար­գիս ­Տան­կա­զեան, ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի եւ Հ.Գ.­Խա­չի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։
­Բա­րի գալս­տեան խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Ար­մե­նու­հի ­Գուր­պա­նեան, ա­պա գոր­ծադ­րու­թեան դրաւ յայ­տա­գի­րը։ Ող­ջոյ­նի խօս­քեր ար­տա­սա­նե­ցին մետ­րո­պո­լի­տը, քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տը, Հ.Հ. պա­տո­ւոյ հիւ­պա­տո­սը եւ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ ­Վարդ­գէս ­Մա­րու­քեան, ո­րոնք անդ­րա­դար­ձան քա­ղա­քի հայ հա­մայն­քի պատ­մու­թեան եւ կա­րե­ւոր ներ­կա­յու­թեան շրջա­նին մէջ։ Օ­րո­ւան խօս­քը տո­ւաւ պատ­մու­թեան ո­լոր­տի գի­տաշ­խա­տող եւ գիր­քե­րու հե­ղի­նակ ­Լե­ւոն ­Տիլ­սի­զեան։ ­Յար­գե­լի բա­նա­խօ­սը ու­րո­ւագ­ծեց Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ հա­մայն­քի պատ­մա­կան շրջա­գի­ծը, ակ­նարկ ը­նե­լով 19-րդ ­դա­րէն հոն հաս­տա­տո­ւած հայ զան­գո­ւած­նե­րուն եւ հա­մայն­քա­յին սկզբնա­կան կեան­քին։
Ան նշեց քա­ղա­քի աշ­խար­հագ­րա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, ներգ­րա­ւե­լով հայ­կա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը:
Ա­պա անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տէն ետք հա­մայն­քի կազ­մա­ւոր­ման, որ ու­նե­ցաւ բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն եւ մշա­կու­թա­յին ծաղ­կում։ ­Յետ­պա­տե­րազ­մեան շրջա­նի դէ­պի ­Հա­յաս­տան ներ­գաղթն ու դէ­պի Ա­րեւ­մուտք ար­տա­գաղ­թը նօս­րա­ցու­ցին հա­մայն­քի թի­ւը, որ վերս­տին բազ­մա­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խա­ցու­մէն ետք ժա­մա­նած հայ­րե­նա­կից­նե­րու հո­սան­քով։ ­Բա­նա­խօ­սը կա­տա­րեց նաեւ ներ­կայ հա­մայն­քի եւ հա­յու­թեան ըն­կե­րա­յին ու մշա­կու­թա­յին դի­մա­գի­ծի վեր­լու­ծու­մը։
­Յա­ջոր­դա­բար, գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րը հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ու պա­րի ե­րան­գա­ւո­րում մըն էր, որ հմա­յեց ներ­կա­նե­րը եւ խլեց շա­րու­նա­կա­կան ծա­փա­հա­րու­թիւն­ներ։ Իս­կա­պէս, հե­ռա­ւոր այդ հա­յա­ւա­նին մէջ հնչեց հայ­րե­նի մե­ղե­դին, իսկ մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու պա­րե­րը մէկ առ մէկ հա­յաշ­խար­հի մշա­կոյ­թի հե­ղեղ մը ե­ղան, ո­րուն ա­մէն մէկ ար­տա­յայ­տու­թիւն հպար­տու­թեան, յու­զու­մի եւ խան­դա­վա­ռու­թեան ա­լիք­ներ տա­րա­ծեց բազ­մա­հա­րիւր ներ­կա­նե­րուն մօտ։
­Յայ­տա­գի­րի ա­ռա­ջին մա­սին, յա­ջոր­դա­բար բեմ ներ­կա­յա­ցան «Ու­րար­տու» եւ «Ն­ռե­նի» պա­րա­յին խում­բե­րու ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք չորս պա­րե­րով ցոյց տուին ի­րենց տա­ղանդն ու սէ­րը հայ պա­րին հան­դէպ, մա­նա­ւանդ հայ­րե­նի­քէն հե­ռու հա­սակ նե­տած ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ո­րոնց հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը հայ­կա­կան ար­ժէք­նե­րուն հա­մար իր լա­ւա­գոյն պատ­կե­րը տո­ւաւ բե­մին վրայ։
­Յայ­տա­գի­րի գլխա­ւոր բա­ժի­նը վեր­ցուց Ս­տե­փա­նա­ւա­նի «Ա­նի» խում­բը, որ 18 տար­բեր պա­րե­րով հմա­յեց բո­լո­րին։ 14-17 տա­րի­քը ու­նե­ցող հայ­րե­նի մեր բա­լիկ­նե­րը ծա­ւա­լե­ցին ի­րենց բա­ցա­ռիկ տա­ղան­դը, ա­ռոյգ կամ հե­զաճ­կուն շար­ժում­նե­րով, պա­րու­սոյ­ցի ար­հես­տա­վարժ յա­ջող ցուց­մունք­նե­րով։ Իւ­րա­քան­չիւր պար, հայ­կա­կան զգեստ­նե­րու գու­նա­գեղ ճո­խու­թեամբ եւ հա­մադ­րո­ւած շար­ժու­ձե­ւե­րով, հմա­յիչ հո­գե­զո­ւար­ճու­թիւն մը ե­ղաւ հան­դի­սա­կան­նե­րուն հա­մար, իսկ խան­դա­վառ ծա­փող­ջոյն­նե­րը ան­վերջ հնչե­ցին յայ­տա­գի­րի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան։
­Մէ­ջընդ­մէջ, տու­տու­կա­հար ­Մի­շա Ա­թա­բէ­կեան յու­զու­մով մեկ­նա­բա­նեց հայ­կա­կան գե­ղե­ցիկ մե­ղե­դի­ներ, նաեւ տե­ղա­կան ու­ժե­րէն՝ ­Գա­յեա­նէ ­Դաւ­թեան ապ­րու­մով ար­տա­սա­նեց ­Գէորգ Է­մի­նի «­Սա­սուն» ո­գե­ւո­րիչ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը։ Ի­րա­պէս, կա­խար­դա­կան ներ­կա­յա­ցում մըն էր, որ ար­ժա­նա­վա­յել կազ­մա­կեր­պու­թեամբ պա­տո­ւեց հայ ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մա­կան յո­բե­լեա­նը եւ ան­մա­հա­ցուց հայ մշա­կոյ­թի գան­ձա­րա­նը ­Յու­նաս­տա­նի սահ­մա­նա­մերձ քա­ղա­քին մէջ։
­Հայ­րե­նի պա­տա­նի տա­ղան­դա­ւոր պա­րող­նե­րու խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը եւ ո­գե­ւո­րիչ ներ­կա­յա­ցում­նե­րը շա­րու­նա­կո­ւե­ցան յա­ջորդ օր եւս, այս ան­գամ քա­ղա­քի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ դար­ձեալ հրամց­նե­լով հայ­կա­կան պա­րեր, յոյն եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ինք­նա­բուխ ներ­կա­յու­թեան, ո­րոնց­մէ շա­տեր տե­ղադ­րե­ցին տե­սա­նիւ­թեր եւ հա­յու­թեան մա­սին դրուա­տա­կան խօս­քեր ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն վրայ։
Եր­կու­շաբ­թի, 14 ­Յու­լի­սին, ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ճաշ­կե­րոյ­թով մը պա­տո­ւեց բո­լոր դե­րա­կա­տար­նե­րը հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ. հոն եւս հայ­կա­կան մթնո­լոր­տը, երգն ու պա­րը լե­ցու­ցին սրա­հը եւ հո­գե­կան ապ­րու­մի պա­հեր պար­գե­ւե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րուն։
Կ­՚ար­ժէ գնա­հա­տան­քի խօս­քե­րով զար­դա­րել կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը. ա­նոնք տքնա­ջան աշ­խա­տան­քով եւ հա­ւա­տար­մու­թեան զգա­ցու­մով հայ­կա­կան բա­ցա­ռիկ մթնո­լոր­տի նա­խա­ձեռ­նող­նե­րը ե­ղան։ ­Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին, հայ­րե­նի եւ տե­ղա­կան պա­րա­խում­բե­րու պա­տա­նի­նե­րուն, ո­րոնց մէջ հայ­կա­կա­նու­թիւ­նը տե­ւա­բար կը բո­ցա­վա­ռէ, հայ ո­գին կ­՚ապ­րի ու կը ստեղ­ծա­գոր­ծէ։ ­Մաղ­թենք, որ նո­րա­նոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ նոր շունչ եւ ո­րակ պի­տի տան հա­յու­թեամբ տրո­փող Թ­րա­կիոյ շրջա­նի հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րուն։