­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 1 ­Յու­լիս 2020ի ե­րե­կո­յեան, հել­լէն խորհր­դա­րա­նի ­Ծե­րա­կոյ­տի սրա­հէն ներս, ­Յու­նաս­տա­նի խորհրդա­րա­նի Ազ­գա­յին ­Պաշտ­պա­նու­թեան եւ Ար­տա­քին ­Հար­ցե­րու մնա­յուն յանձնա­ժո­ղո­վը յա­տուկ նիս­տի մը ըն­թաց­քին վա­ւե­րա­ցուց ­Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ մշա­կո­ւած՝ «­Հա­մա­պար­փակ եւ Ընդ­լայ­նո­ւած գոր­ծըն­կե­րու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը»։
­Յի­շեց­նենք, թէ 2015էն նախա­պատ­րաս­տո­ւող այս պայ­մա­նա­գի­րը Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան եր­կիր­նե­րու եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան տար­բեր բնա­գա­ւառ­նե­րու վե­րա­բե­րող եւ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու ու նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ բարձր մա­կար­դա­կի գոր­ծակ­ցու­թիւն ա­պա­հո­վող հա­մա­ձայ­նա­գիր մըն է, ո­րը կնքուե­ցաւ 24 ­Նո­յեմ­բեր 2017ին Պ­րիւք­սե­լի մէջ։
Յանձ­նա­ժո­ղո­վի նիս­տին ա­տե­նա­պե­տե­ցին ե­րես­փո­խան­ներ ­Քոնս­թան­տի­նոս ­Կիու­լե­քաս եւ Ա­նաս­թա­սիոս ­Տի­մոս­խա­քիս։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ ներ­կայ ե­ղան Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ ­Միլ­թիա­տիս ­Վար­վի­ցիո­թիս եւ նա­խա­րա­րու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­կա­տար­ներ։
­Նիս­տի սկիզ­բին, նե­րա­ծա­կան­ներ կա­տա­րե­ցին պատ­գա­մա­ւոր­ներ Ա­նաս­թա­սիոս ­Քա­վա­տաս եւ ­Նա­սոս Ա­թա­նա­սիու, ներ­կա­յաց­նե­լով խորհր­դա­րա­նի մե­ծա­մաս­նու­թեան եւ փոք­րա­մաս­նու­թեան կար­ծիք­նե­րը։ Ա­պա, մնա­ցեալ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ա­նու­նով խօսք ա­ռին ե­րես­փո­խան­ներ Եոր­ղոս Ֆ­րա­կի­տիս, ­Տիա­ման­տօ ­Մա­նո­լա­քու, Ան­տո­նիոս ­Մի­լո­նա­քիս եւ ­Սո­ֆիա ­Սա­քո­րա­ֆա։ ­Յա­տուկ խօսք տրուե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի նախ­կին ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Եոր­ղոս ­Քաթ­րու­կա­լո­սին եւ ե­րես­փո­խան ­Նի­քո­լաոս ­Մա­նո­լա­քո­սին։
­Խօ­սող­նե­րը մաս­նա­ւոր շեշտ դրին ­Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան մի­ջեւ գոր­ծըն­կե­րու­թեան ամ­րապնդ­ման, իսկ ա­նոնց խօս­քե­րուն մէջ ե­ղան զա­նա­զան նշում­ներ հայ-յու­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պատ­մա­կան եւ ներ­կայ ո­լորտ­նե­րուն մա­սին։
Ա­ւար­տին, դրա­կան զե­կու­ցում­նե­րու լսու­մէն ետք, օ­րի­նա­գի­ծը վա­ւե­րա­ցո­ւե­ցաւ եւ այժմ այն պի­տի ներ­կա­յա­ցուի ­Յու­նաս­տա­նի խորհրդա­րա­նի լիա­գու­մար նիս­տին, որ­պէս­զի վերջ­նա­կան վա­ւե­րա­ցու­մը ­ստա­նայ Յու­նաս­տա­նի կող­մէ։
Ար­դէն, ինչ­պէս որ մեր թեր­թին մէջ լոյս տե­սած է, Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան մեծ թի­ւով եր­կիր­նե­րու խորհրդա­րան­նե­րը քո­ւէար­կած եւ վա­ւե­րա­ցու­ցած են ­Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ մշա­կուած՝ «­Հա­մա­պար­փակ եւ Ընդ­լայ­նո­ւած գոր­ծըն­կե­րու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը»։ ­Յու­նաս­տա­նի պա­րա­գա­յին, օ­րի­նա­գի­ծը, որ կը բաղ­կա­նայ մօտ 900 է­ջե­րէ, հելլէն կառավարութեան կող­մէ խորհր­դա­րա­նի յանձնա­ժո­ղո­վին ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ 26 Ապ­րի­լին ու ան­կէ ետք, յանձ­նա­ժո­ղո­վին կող­մէ քննու­թեան են­թար­կուե­լէ յետոյ վա­ւե­րա­ցո­ւե­ցաւ եւ պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւի խորհրդա­րա­նի լիա­գու­մար նիս­տին վերջ­նա­կան քո­ւէար­կու­թեան հա­մար։
­Պէտք է նշել, թէ մեր հայ­րե­նի պե­տու­թեան եւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ու ա­նոր ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ գոր­ծըն­կե­րու­թեան զար­գա­ցու­մը կա­րե­ւո­րա­գոյն ուղ­ղու­թիւն­նե­րէն մէ­կը կը հան­դի­սա­նայ մեր երկ­րին հա­մար, գոր­ծակ­ցու­թեան լայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ տա­լով ­Հա­յաս­տա­նին՝ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րուն հետ։
­Հոս հարկ է մատնանշել, թէ ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մնա­յուն սե­ւե­ռա­կէ­տը ե­ղած է Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հետ հա­մա­պար­փակ եւ ընդ­լայ­նո­ւած գոր­ծըն­կե­րու­թեան հաս­տա­տու­մը, որ իր յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւ­նը կը ստա­նայ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու ի­րե­րա­յա­ջորդ վա­ւե­րա­ցում­նե­րու լոյ­սին տակ։
­Բազ­մա­թիւ յօ­դո­ւած­նե­րէ կազ­մո­ւած հա­մա­ձայ­նա­գի­րի մէկ կա­րե­ւոր մա­սը պար­տա­ւո­րիչ բա­ժին­նե­րէ կը բաղ­կա­նայ, ո­րոնք նոյն­չափ ի զօ­րու են բո­լո­րին հա­մար, ա­պա նկա­տի առ­նո­ւած են նաեւ բա­ժին­ներ, որ կը գտնո­ւին Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու ի­րա­ւա­սու­թեան ծի­րին մէջ։ ­Հա­մա­ձայ­նագիրի վա­ւե­րա­ցու­մը ինք­նին մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող հանգ­րո­ւան մըն է, որ­մէ ետք ի զօ­րու կը դառ­նան եր­կիր­նե­րու պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներն ու ի­րա­ւունք­նե­րը։