­Կի­րա­կի՝ 28 ­Յու­նիս 2020ի ա­ռա­ւօ­տեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ ս. եւ ան­մահ ­Պա­տա­րագ, մաս­նակ­ցու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւոր­նե­րուն եւ ներ­կա­յու­թեամբ կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ թե­սա­ղո­նի­կա­հայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու։
Ս. եւ ան­մահ ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­Փա­շա­յեան։ ­Քա­րո­զէն ա­ռաջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հայ­րա­պե­տա­կան մաղ­թանք՝ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ­Գա­հա­կալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան ընտ­րու­թեան եւ օծ­ման 25րդ ­տա­րե­դար­ձի ա­ռի­թով։
Ա­պա հայր սուր­բը մեծ դրո­ւա­տի­քով խօ­սե­ցաւ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի ար­ժա­նիք­նե­րուն եւ բազ­մա­տա­ղանդ ար­ժա­նիք­նե­րուն մա­սին, ինչ­պէս նաեւ անց­նող 25 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին թէ՛ ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նէն, թէ՛ ­Թե­մե­րէն եւ թէ մի­ջազ­գա­յին բե­մա­հար­թակ­նե­րու վրայ կա­տա­րած մեծ ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն հա­մար։ ­Հոգշ. հայր սուր­բը ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քին թարգ­մա­նը հան­դի­սա­նա­լով, շնոր­հա­ւո­րեց ­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը եւ մաղ­թեց ա­ռող­ջու­թիւն, եր­կա՜ր կեանք եւ ըն­դեր­կա՜ր Գղ­գա­հա­կա­լու­թիւն ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան ­Սուրբ, ­Դա­րա­ւոր եւ ­Պատ­մա­կան Ա­թո­ռին վրայ։
­Յայտ­նենք, որ 28 ­Յու­նի­սէն 1 ­Յու­լիս 1995 տա­րին եր­կա­րող տե­ւո­ղու­թիւ­նը ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան հա­մար ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին թո­ւա­կան մը ե­ղաւ, երբ ­Կի­լի­կեան Ս. Ա­թո­ռին վրայ բազ­մե­ցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս ընտ­րո­ւե­ցաւ եւ օ­ծո­ւե­ցաւ որ­պէս ­Կա­թո­ղի­կոս ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ։

­Հայ­րե­րու օ­րո­ւան նշում՝ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ

­Կի­րա­կի, 21 ­Յու­նիս 2020ի ա­ռա­ւօ­տեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ ս. եւ ան­մահ ­Պա­տա­րագ, ներ­կա­յու­թեամբ թե­սա­ղո­նի­կա­հայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու։ Ս. ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­Փա­շա­յեան։ ­Զու­գա­դի­պե­լով հայ­րե­րու օ­րո­ւան, հոգշ. հայր սուր­բը օ­րո­ւան ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­տո­ւա­ծը բա­ցատ­րե­լէ ետք, խօ­սե­ցաւ նաեւ հայ­րու­թեան վեհ գա­ղա­փա­րին ու ա­նոր ստանձ­նած ըն­տա­նե­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն եւ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն մա­սին։ Ան իր խօս­քին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեա­նին, որ հայ­րա­կան բարձր խնամ­քով, հո­գա­տա­րու­թեամբ եւ մեծ սի­րով ­Յու­նաս­տա­նի մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն անխ­տիր իր բարձ­րա­գոյն նո­ւի­րո­ւա­ծու­թեամբ կը ծա­ռա­յէ եւ իր ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ մեզ կ’ուղ­ղէ դէ­պի խա­ղաղ նա­ւա­հան­գիստ։ ­Հոգշ. հայր սուր­բը շնոր­հա­ւո­րեց նաեւ բո­լոր հայ­րե­րը, մաղ­թե­լով ա­ռող­ջու­թիւն, յա­ջո­ղու­թիւն, եր­կա՜ր կեանք եւ եր­ջա­նիկ օ­րեր։