Եր­կու­շաբ­թի՝ Օ­գոս­տոս 5ին, պի­տի մեկ­նար­կէ ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.ի 17րդ ­Միջ-մաս­նա­ճիւ­ղա­յին սկաու­տա­կան բա­նա­կու­մը, ­Սու­նիո­յի յու­նա­կան սկաու­տա­կան ֆե­տե­րա­սիո­նի (ΣΕΠ) բա­նա­կա­վայ­րէն ներս։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 55 ա­րի­ներ, ա­րե­նոյշ­ներ եւ գայ­լիկ­ներ ի­րենց խմբա­պետ­նե­րով եւ սկաու­տա­կան ծնո­ղա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, եօթ­նօ­րեայ շրջան մը պի­տի ամ­բող­ջաց­նեն՝ ­Սու­նիո­յի գե­ղա­տե­սիլ սկաու­տա­կան բա­նա­կա­վայ­րին մէջ։ Ա­միս­ներ ա­ռաջ սկսած կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն շնոր­հիւ, պատ­րաս­տո­ւե­ցաւ ճոխ յայ­տա­գիր մը, որ կը պա­րու­նա­կէ սկաու­տա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն եւ խա­ղեր, դա­սա­խօ­սա­կան շար­քեր, ծո­վու լո­գանք­ներ եւ ըն­կե­րա­յին կեանք։ Ծ­նող­նե­րու եւ փա­փա­քող­նե­րու այ­ցե­լու­թեան հա­մար, բա­նա­կա­վայ­րը իր դռնե­րը պի­տի բա­նայ ­­Շա­բաթ՝ 10 Օ­գոս­տոս 2019ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6:30էն 8:30։
­­Փուլ­ման ինք­նա­շարժ ճամ­բայ պի­տի ել­լէ ­­Գո­քի­նիոյ «­­­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նին առ­ջե­ւէն ժա­մը 5:30ին եւ ­­Ֆիք­սի «Էս­փե­րիա» ա­նու­շա­վա­ճա­ռին առ­ջե­ւէն ժա­մը 6ին: