Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, 6էն մին­չեւ 19 Օ­գոս­տոս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, 25 ըն­կեր­ներ եւ ըն­կե­րու­հի­ներ կ­՚այ­ցե­լեն ­Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ։
­Նա­խա­պէս, Հ.Յ.Դ. ե­րի­տա­սարդ­նե­րը պի­տի այ­ցե­լեն Ար­ցախ եւ պի­տի մնան 3 օր, ա­ռի­թը ու­նե­նա­լով ծա­նօ­թա­նա­լու ար­ծո­ւա­բոյն մեր Ար­ցա­խի գե­ղեկ­ցու­թիւն­նե­րը եւ տե­սար­ժան վայ­րե­րը։ Ա­նոնք պի­տի հան­դի­պին նաեւ Հ.Յ.Դ Ար­ցա­խի Ե­րիտ. ­Միու­թեան ան­դամ­նե­րուն հետ։
Ի­րեն շրջապ­տոյ­տի մնա­ցեալ օ­րե­րը, յու­նա­հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը պի­տի գտնո­ւին ­Հա­յաս­տան եւ պի­տի հե­տե­ւին ճոխ յայ­տագ­րի մը՝ հայ­րե­նի­քի զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րու եւ պատ­մա­կան վայ­րե­րու ծա­նօ­թա­ցու­մով, ըն­կե­րա­յին կեան­քե­րով եւ այլ հե­տաքրք­րա­կան զբա­ղում­նե­րով։
­Նաեւ, ա­նոնք ա­ռի­թը պի­տի ու­նե­նան ծա­նօ­թա­նա­լու Հ.Յ.Դ. ­Հա­յաս­տա­նի Ե­րիտ. ­Միու­թեան ան­դամ­նե­րուն հետ։