Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 35-ամեակը առիթ է վերարժեւորելու անկախ պետականութեան անցած ճանապարհը եւ պատասխանելու այն հիմնարար հարցին, թէ որքանո՛վ կրցանք անկախութիւնը վերածել ամուր եւ կենսունակ պետականութեան։
Երեսունհինգ տարիներ յետոյ՝ այս հարցումը այլեւս կարելի չէ պատասխանել միայն անցեալի յաղթանակներու յիշատակումով կամ անկախութեան գաղափարին մասին հանդիսաւոր խօսքերով։ Անկախութիւնը ժողովուրդի մը իրաւունքն է, բայց միաժամանակ՝ պետութիւն կառուցելու պարտաւորութիւն։ Եւ եթէ այսօր ստիպուած ենք խոստովանիլ, թէ Հայաստան չկարողացաւ իր ամբողջ կարողականութեամբ վերածուիլ արդի եւ հզօր պետութեան, ապա անհրաժեշտ է նաեւ ընդունիլ, որ այս հետեւանքը կարելի չէ վերագրել միայն անցեալի իշխանութիւններուն կամ սահմանափակել որոշակի ժամանակաշրջանի մը պատասխանատուութեամբ։ Ան 35 տարիներու ամբողջ քաղաքական ընթացքին վերաբերող հաշուեկշիռ մըն է։
Իրար յաջորդող իշխանութիւնները, տարբեր շեշտադրումներով, չցուցաբերեցին քաղաքական յանդգնութիւն լուծելու մեր նորանկախ պետութեան հիմնական խնդիրները։ Խորհրդային վարչակարգէն ժառանգուած հիւանդագին մտածողութիւնը ամբողջովին չվերափոխուեցաւ, ընկերային արդարութիւնը չդարձաւ պետականութեան հիմնասիւն, արտագաղթը դատարկեց երկրի մարդկային ներուժի կարեւոր մէկ բաժինը, իսկ տնտեսական եւ անվտանգային հզօրացումը չհասաւ այն մակարդակին, որուն պահանջը կը դնէր տարածաշրջանային իրականութիւնը։
Արցախեան առաջին պատերազմի յաղթանակը ժամանակաւորապէս ծածկեց այս թերութիւնները։ Յաղթանակը արդարօրէն դարձաւ ազգային հպարտութեան աղբիւր, բայց չվերածուեցաւ երկարաժամկէտ պետական ռազմավարութեան։ Նուաճեցինք պանծալի յաղթանակ, սակայն չկարողացանք արժեւորել յաղթանակի պտուղը։ Արցախը ազատագրուեցաւ եւ սկսաւ ազատ երկինքին տակ գոյատեւել, բայց անոր ապագան չամրագրուեցաւ տնտեսական, ժողովրդագրական, քաղաքական եւ ռազմական համապարփակ ծրագիրով։ Անխուսափելիօրէն, 2020-ի պատերազմը եկաւ քանդելու ոչ միայն պաշտպանական դիրքերը, այլեւ մեր իսկ ստեղծած ինքնավստահութեան պատրանքը։
2018-ին իշխանութեան եկած քաղաքական ուժը ոչ միայն չկարողացաւ յաղթահարել նախկին տկարութիւնները, այլեւ իր քաղաքական փութկոտ որոշումներով երկիրը հասցուց պատմական ծանրագոյն փորձութիւններէն մէկուն։ 2020-ի պատերազմը, ապա 2023-ի Արցախի հայաթափումն ու կորուստը դարձան այդ ընթացքին վճռական հանգրուանները։ Ներկայ իշխանութիւնը, հետեւաբար, չի կրնար իր վրայէն թօթափել Արցախի աղէտին ու այսօրուան «պարտեալ»-ի կարգավիճակին մէջ ինկած քաղաքական պատասխանատուութիւնը՝ զայն ամբողջութեամբ վերագրելով նախորդ տասնամեակներուն։ Նախկին իշխանութիւնները ունին իրենց պատասխանատուութեան դերը, սակայն ներկայ իշխանաւորները չեն կրնար զերծ մնալ իրենց պատասխանատուութեան որոշիչ բաժինէն, որուն հետեւանքները այսօր կը կրենք։
Եւ ահա այս իրողութեան դիմաց կ՚առաջադրուի «Չորրորդ Հանրապետութիւն» գաղափարը՝ իբրեւ նոր քաղաքական եւ պետական մեկնակէտ։ Երբ այսօրուան իշխանութիւնը կը յայտարարէ, թէ Չորրորդ Հանրապետութիւնը արդէն «հիմնադրուած է», հայ քաղաքական միտքը հարցը պէտք է դիտարկէ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան պատմական շարունակականութեան խեղաթիւրման փորձ։ 1918-ի առաջին Հանրապետութիւնը ծնաւ անկախ պետականութեան վերականգնումով, իսկ 1991-ի երրորդ Հանրապետութիւնը՝ խորհրդային ամբողջատիրական վարչակարգէն դուրս գալով եւ անկախ պետականութիւնը վերահաստատելով։ Երկրի մը պատմական շղթան չի կրնար այսօր քաղաքական ուժի մը որոշումով ընդհատուիլ եւ Հայաստանի անկախ պետականութեան նոր հաշուարկ մը պարտադրել։ Այս քայլը կը պարունակէ նուաճած անցեալը այլափոխելու եւ պետականութեան պատմական ակունքները վերացնելու վտանգաւոր փորձ մը, որուն քաղաքական պատուէրները չեն բխիր հայութեան սեփական իրաւունքներէն, այլ աշխարհաքաղական պարտադրանքներու մեծ խաղին հետեւանքներն են։
Արցախի կորուստը պէտք չէ մեզ առաջնորդէ ազգային ինքնամերժութեան եւ պատմական իրաւունքներէն հրաժարելու ճանապարհին։ Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքը, մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը եւ մեր ազգային գաղափարախօսութեան պահպանումը պէտք է մնան հայ քաղաքական միտքի օրակարգին մէջ։ Նոյնպէս՝ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմաքաղաքական գերիներու ազատագրումը հարկ է դառնայ ազգային առաջնահերթութիւն եւ պետական արժանապատուութեան հարց։
Այս ամբողջ գործընթացին մէջ ժամանակը հասունցած է որպէսզի Սփիւռքն ալ վերաիմաստաւորէ եւ վերակազմակերպէ իր ապագայի ուղին։ Իշխանական նոր մտածողութեան դիմաց՝ սահմանափակելու Սփիւռքի պատմական դերակատարութիւնը կամ սահմանելու բաժանարար գիծեր, անհրաժեշտ է ամրագրել Սփիւռքը իր քաղաքական, կազմակերպական եւ մասնագիտական կարողականութեամբ Հայաստանի պետականութեան բնական գործընկեր ըլլալու անարարկելի դերը։
35 տարիներու քաղած դասերը պարզ չեն. հայութեան պատմական եւ քաղաքական վերահաստատումը կարելի չէ տեսնել պատմութենէն փախուստ ներկայացնող նոր «իրապաշտութեամբ»։ Մեզի պէտք է քաղաքական եւ պետական մտածողութիւն՝ որ ճանչնալով իր սխալները, տէր ու պաշտպան կը կանգնի համազգային իրաւունքներուն, կը կատարէ ուժերու գնահատում եւ կը միաւորէ ազգի բոլոր հատուածները։
Անկախութեան 35-ամեակի կենսափորձը նոր հանրապետութիւն մը յայտարարելու պատրուակ չէ։ Ան առիթ է հասկնալու, թէ ինչո՛ւ երեսունհինգ տարիներու անկախութիւնը չկրցաւ հասնիլ իր պատմական նպատակներուն եւ ի՛նչ դասեր պէտք է քաղել այդ ճանապարհէն։
Այս հաշուեկշիռը մեզ պէտք է առաջնորդէ դէպի նոր յանձնառութիւն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ համայն հայութեան ապագային նկատմամբ։ Մեր առջեւ դրուած հիմնախնդիրն է՝ համազգային բոլոր կարողութիւնները մէկտեղելով, ամրապնդել Հայաստանի պետականութիւնն ու անվտանգութիւնը, հզօրացնել հայրենիքը, տէր կանգնիլ Արցախի հիմնահարցին ու ապահովել Հայաստան աշխարհի յարատեւութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ համայն հայութեան գերագոյն պարտաւորութիւնն է վերջապէս արժանի ըլլալ այն անկախութեան, որ 35 տարի առաջ ազգովին նուաճեցինք։










