Կը տեղեկացնենք, թէ Երկուշաբթի 28 Հոկտեմբեր 2019ին յունաց ազգային տօնին առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աթէնքի եւ Գոքինիոյ սկաուտական մասնաճիւղերու խումբերը պիտի տողանցեն Նէա Զմիռնիի եւ Նիքէայի մէջ հետեւեալ կերպով՝

Աթէնքի մասնաճիւղ՝ Նէա Զմիռնիի «Այիա Ֆոթինի»
պողոտային վրայ, առաւօտեան ժամը 11։00ին։

Գոքինիոյ մասնաճիւղ՝ Նիքէայի «Օսիա Քսէնի»
հրապարակին վրայ, առաւօտեան ժամը 11։00ին։

Կը հրաւիրենք ծնողները եւ փափաքող հայրենակիցները ներկայ ըլլալու տողանցքներուն եւ քաջալերելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներու մասնակցութիւնը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սկաուտական շրջանային խորհուրդ