­Յու­նաս­տա­նի հա­րա­ւա­յին մե­ծա­գոյն քա­ղաք­նե­րէն՝ ­Քա­լա­մա­թա­յի մէջ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած իր վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի «Women of 1915» ­ցու­ցադ­րու­թեան ա­ռի­թով, մէկ օ­րով Ա­թէնք գտնո­ւե­ցաւ հան­րա­ծա­նօթ հայ բե­մադ­րիչ ­Պա­րէտ ­Մա­րո­նեան, որ «Ա­զատ Օր»ի խմբագ­րա­տու­նը այ­ցե­լեց եւ հար­ցազ­րոյց մը շնոր­հեց մեր թեր­թին։
­Ժա­պա­ւէ­նին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Քա­լա­մա­թա­յի Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան կեդ­րո­նի ամ­փի­թատ­րո­նին մէջ, ­Կի­րա­կի՝ 20 ­Հոկ­տեմ­բեր 2019ին, ներ­կա­յու­թեամբ ­Քա­լա­մա­թա­յի քա­ղա­քա­պետ ­Թա­նա­սիս ­Վա­սի­լո­փու­լո­սի եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րու։ ­Ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր ­Պե­ղո­պո­նէ­զի «Ս­տեղ­ծա­գոր­ծա­կան շար­ժա­պատ­կե­րի կեդ­րո­նի»ն, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ՝ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան եւ ­Քա­լա­մա­թա­յի թա­ղա­յին խոր­հուր­դին ու տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քին։ ­Բա­ցու­մը կա­տա­րեց «Ս­տեղ­ծա­գոր­ծա­կան շար­ժա­պատ­կե­րի կեդ­րոն»ին կող­մէ ­Ճի­նա ­Փեթ­րո­փու­լու եւ ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ ընկ. Ա­լին Այ­վա­զեան եւ ­Քա­լա­մա­թա­յի թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ ­Վար­սե­նիկ ­Գալս­տեան։ «Women of 1915» ­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադ­րու­թեան յա­ջոր­դեց սի­րո­ւած եր­գիչ ­Հայկ Եա­զը­ճեա­նի հա­մեր­գը, հայ­կա­կան գե­ղե­ցիկ ե­րաժշ­տու­թեամբ հա­մա­կե­լով ներ­կա­նե­րը։

 

— Պրն. ­Մա­րո­նեան, ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ պի­տի ցու­ցադ­րո­ւի ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած ձեր վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նը. ի՞նչ ա­ռի­թով կը կա­յա­նայ այս ներ­կա­յա­ցու­մը եւ ի՞նչ ար­ձա­գանգ կը սպա­սէք ու­նե­նալ յոյն հան­դի­սա­տես­նե­րուն կող­մէ:
«Women of 1915», (1915ի կա­նայք) ժա­պա­ւէ­նը «­Քա­լա­մա­թա ֆիլմ ֆես­տի­վալ»ի տնօ­րէ­նու­թեան կող­մէ դի­տո­ւած էր այլ ա­ռի­թով մը եւ շատ հե­տաքրք­րու­թիւն յա­ռա­ջա­ցու­ցած էր: ­Շուրջ 1,5 — 2 տա­րի ա­ռաջ կեդ­րո­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը հետս կապ հաս­տա­տեց եւ ինձ­մէ խնդրեց, որ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ յա­տուկ ձեռ­նար­կի մը ըն­թաց­քին ցու­ցադ­րո­ւի ժա­պա­ւէնս, եւ չի սահ­մա­նա­փա­կո­ւիլ միայն զայն նե­րառ­նե­լով ի­րենց փա­ռա­տօ­նի յայ­տագ­րին մէջ, ո­րովհ­տեւ ի­րենց հա­մար շատ կա­րե­ւոր ժա­պա­ւէն մըն էր, որ լոյս կը սփռէր ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թեան վրայ եւ ա­նոր ազ­դե­ցու­թեան՝ վե­րապ­րած մար­դոց պատ­մու­թիւն­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն։
Վեր­ջա­պէս ցու­ցադ­րու­թեան թո­ւա­կա­նը ո­րո­շո­ւե­ցաւ, ­Կի­րա­կի՝ 20 ­Հոկ­տեմ­բեր 2019ին ­Քա­լա­մա­թա­յի մէջ, յու­նա­րէն են­թա­գիր­նե­րով:

— Ի՞նչ յա­տուկ պատ­գամ կը տես­նէք այս ֆիլ­մին մէջ: Ո՞ւր կը կեդ­րո­նա­նայ նիւ­թը, նկա­տե­լով որ ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին շատ ու­րիշ ժա­պա­ւէն­ներ կան:
Այս ժա­պա­ւէ­նէն ա­ռաջ՝ ու­րիշ աշ­խա­տու­թիւն մը ու­նէի՝ «Orphans of the Genocide», (­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան որ­բե­րը) ա­նու­նով ժա­պա­ւէն մը: ­Նիւ­թը ցե­ղաս­պա­նու­թեան որ­բե­րու ա­ռօ­րեան էր. ի՞նչ կը նշա­նա­կէ ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէ ետք որբ մնալ. ինչ­պէս որ յի­շե­ցիք, զա­նա­զան ֆիլ­մեր կան ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թով, որ կը ներ­կա­յաց­նեն 1915ի ջար­դե­րու պատ­մու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ ­Հա­մի­տեան ջար­դե­րէն ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ: Ես փոր­ձե­ցի կեդ­րո­նա­նալ որ­բե­րու հար­ցին: ­Հա­յե­րը, որ սփիւռ­քի մէջ կ­‘ապ­րին, այդ որ­բե­րու զա­ւակ­ներն են:
Ա­տի­կա կ­’ա­պա­ցու­ցա­նէ, բո­լոր ա­նոնց ո­րոնք կը մեր­ժեն ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րո­ղու­թիւ­նը, թէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը իս­կա­պէս կա­տա­րո­ւած է: Ու­րեմն ա­նոր վրայ կեդ­րո­նա­ցայ եւ մօ­տա­ւո­րա­պէս 3 տա­րի ա­նոր վրայ աշ­խա­տե­լէ ետք, ժա­պա­ւէ­նը պատ­րաս­տո­ւե­ցաւ:
­Պատ­ճա­ռը որ սկսայ այդ ժա­պա­ւէ­նը՝ ­Ռո­պերթ ­Ֆիս­քի յօ­դո­ւած մըն էր, որ կը գրէր ­Լի­բա­նա­նի մէջ որ­բե­րու մա­սին, ո­րոնք բռնի իս­լա­մա­ցած էին: Ա­նոնց­մէ մէ­կը, որ իս­լա­մա­ցած էր, հե­տա­գա­յին ետ հա­յա­ցաւ կամ քրիս­տո­նեայ ե­ղաւ. հե­տա­գա­յին, ան ճե­մա­րա­նի փոխ տնօ­րէն­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ:
Ու­րեմն, երբ այս որ­բե­րու պատ­մու­թեան վրայ կ­‘աշ­խա­տէի, նշմա­րե­ցի որ ա­մէն ան­գամ, երբ որբ մը վե­րապ­րած է ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն, ընդ­հան­րա­պէս կին մը ե­ղած է ի­րեն ա­զա­տո­ղը: Ե­ղած են կի­ներ, ո­րոնք ի­րենց գիւ­ղի, կամ թա­ղի որ­բե­րը, ո­րոնք կը պտտէին ան­տէր՝ ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րէն ներս ա­ռած են եւ մեծ­ցու­ցած են ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն պէս: ­Շատ ա­ւե­լի հե­տաքրքրա­կան գտայ, երբ նշմա­րե­ցի, որ օ­տար­ներ, մի­սիո­նար­ներ կամ ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յող­ներ, հե­ռա­ւոր Եւ­րո­պա­յէն 19-21 տա­րե­կան ե­րի­տա­սարդ կի­նե­րը կամ աղ­ջիկ­նե­րը, ու­զե­ցին՝ եր­բեմն քրիս­տո­նէա­կան սկզբունք­նե­րէն մեկ­նե­լով, եր­բեմն բո­լո­րո­վին ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յո­ղա­կան հա­մոզ­մունք­նե­րէ ճամ­բայ ել­լե­լով, ե­կան ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­մէ­նավ­տան­գա­ւոր շրջան­նե­րու մէջ, ինչ­պէս ­Խար­բերթ, Ուր­ֆա ե­ւայլն եւ հոն հաս­տա­տե­ցին մի­սիո­նա­րու­թիւն­ներ կամ ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յու­թեան կեդ­րոն­ներ եւ տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր որ­բեր փրկե­ցին:
Ին­ծի հա­մար հսկա­յա­կան նիւթ մըն է, թէ ինչ­պէ՞ս ոչ հայ մը, իր­մէ տար­բեր ազ­գի պատ­կա­նող մը կը փրկէ, ի գին իր կեան­քի զո­հո­ղու­թեան:
Եւ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, այդ կի­նե­րը կամ սպան­նո­ւե­ցան, կամ մա­լա­րիա­յէ ու տար­բեր հի­ւան­դու­թիւն­նե­րէ՝ որ­բե­րէն վա­րա­կո­ւած, ի­րենք ալ մա­հա­ցան:
Ու­րեմն որ­պէս բնա­կան շա­րու­նա­կու­թիւն այդ ժա­պա­ւէ­նին՝ կեդ­րո­նա­կան նիւ­թը պի­տի ըլ­լայ կի­նը: Այ­սինքն, ի՞նչ կը նշա­նա­կէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­թաց­քին կին ըլ­լալ Ա­ռա­ջին ­Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին: Ինչ­պէ՞ս այս հո­յա­կապ մարդ­կա­յին կա­պը ստեղ­ծո­ւե­ցաւ, օ­րի­նակ՝ սքան­տի­նա­ւիա­ցի եւ հայ կի­նե­րու մի­ջեւ ու իբ­րեւ քոյր, միաս­նա­բար ձեռք-ձեռ­քի տո­ւած, հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր որ­բեր մէջ­տեղ բե­րին, կեան­քի կո­չե­ցին: Այդ որ­բերն են, որ սփիւռ­քը ստեղ­ծե­ցին:
— Ո՞ր­քան եր­կար տե­ւեց եր­կու ժա­պա­ւէն­նե­րու նա­խա­պատ­րա­տու­թիւ­նը:
­

Մօ­տա­ւո­րա­պէս 2,5 — 3 տա­րի տե­ւեց:

— Ու­րեմն հի­մա ան­ցած է 3 տա­րին, ո­րուն ըն­թաց­քին ե­ղան այդ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը. պատ­րաստ է յա­ջորդ ժա­պա­ւէ­նը: Կ’ու­զէ՞ք զայն բա­ցա­յայ­տել:

Ան­շուշտ. ար­դէն սկսած եմ աշ­խա­տան­քի մը վրայ, ո­րուն ա­նու­նը շատ հե­տաքրք­րա­կան է «Titanic love»: ­Ժա­պա­ւէ­նը պի­տի կեդ­րո­նա­նայ Titanic նա­ւով ճամ­բոր­դող հա­յե­րուն վրայ: Ան­շուշտ գի­տենք, որ Titanicը ե­ղաւ 1912ին, երբ որ ջար­դե­րը չէին ե­ղած դեռ:
­Հի­մա գի­տենք, որ նո­ւա­զա­գոյ­նը 6 հայ կար այդ նա­ւուն վրայ: ­Հի­մա ին­չո՞ւ 6 հայ կար Titanicի վրայ, ա­նի­կա պրպտում­նե­րէ մէջ­տեղ ե­կաւ, որ այդ հա­յե­րը նոյն գիւ­ղէն էին 19-21 տա­րե­կան տղա­մար­դիկ, ­Գը­ղի գիւ­ղէն: ­Յե­տոյ յայտ­նի ե­ղաւ, որ այդ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կ­՚ու­զէին Ա­մե­րի­կա փո­խադ­րո­ւիլ, որ­պէս­զի ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րուն հա­մար աշ­խա­տին եւ ի­րենց վաս­տա­կած գու­մա­րը ա­պա­հո­վեն եւ տուն ղրկեն, ո­րով­հե­տեւ ­Գը­ղի գիւ­ղը գրե­թէ ոչն­չա­ցած էր ­Հա­մի­տեան ջար­դե­րուն ըն­թաց­քին: Ու­րեմն այս ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կ­‘ու­զէին ձե­ւով մը փա­խիլ այդ ­Հա­մի­տեան ջար­դե­րու հե­տե­ւանք­նե­րէն: ­Փաստ մըն է ու­րեմն, որ ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը սկսած էր 1890ա­կան թո­ւա­կան­նե­րէն, ­Հա­մի­տեան ջար­դե­րէն:

— Ա­նոնք վե­րապ­րե­ցա՞ն:

6էն 2ը միայն փրկո­ւած են, ո­րոնց ըն­տա­նիք­նե­րուն հետ կապ հաս­տա­տած ենք եւ ինչ որ գի­տենք մին­չեւ հի­մա ՝ 4րդ-5րդ ­սե­րուն­դը Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու եւ ­Գա­նա­տա­յի մէջ կ­՚ապ­րի:

— Ե՞րբ պատ­րաստ պի­տի ըլ­լայ այս ժա­պա­ւէ­նը:

2017-18ին սկսած էի այս աշ­խա­տան­քը եւ Ապ­րի­լին հրա­ւի­րո­ւած էի Ե­րե­ւան ցոյց տա­լու հա­մար «1915» ժա­պա­ւէ­նը: Ինք­զինքս «թաւ­շեայ յե­ղա­փո­խու­թեան» մէջ գտայ եւ զար­մա­ցայ: ­Չէի գի­տեր ինչ կ­՚անց­նի կը դառ­նայ եւ ես իբ­րեւ “ֆիլմ մէյ­քըր” (պատ­րաս­տող) գոր­ծիք­ներս ա­ռի եւ սկսայ նկա­րել:
­Գի­տէի որ ճնշում մը կար քա­ղա­քին մէջ, բայց չէի գի­տեր որ ար­դէն պոռթ­կա­ցած էր: Ու­րեմն՝ տեղ­ւոյն վրայ ո­րո­շե­ցի «Titanic»ի պատ­մու­թիւ­նը մէկ­դի դնել եւ սկսայ աշ­խա­տիլ «Bloodless» ա­նու­նով ֆիլ­մի վրայ . սկսայ աշ­խա­տիլ ­Հա­յաս­տա­նի այս յա­տուկ ի­րա­դար­ձու­թեան մա­սին, որ կը կեդ­րո­նա­նայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու եւ կի­նե­րու օ­ժան­դա­կու­թեան վրայ:
Ին­ծի հա­մար ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին պատ­մու­թիւնն մըն էր, որ պէտք էր դրա­կան ձե­ւով ներ­կա­յաց­նել աշ­խար­հին, թէ այս­պի­սի փոք­րիկ երկ­րի մը ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը եւ կի­նե­րը ու ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դը, կրցան ա­նա­րիւն յե­ղա­փո­խու­թեան յա­տա­կա­գի­ծը ծա­նօ­թաց­նել, այս օ­րե­րուն, երբ օ­րի­նա­կի հա­մար ֆրան­սա­յի մէջ այս­պի­սի ցոյ­ցեր կ­՚ըլ­լան, կո­ղո­պուտ­ներ կ­՚ըլ­լան, ամ­բո­խի կը վե­րա­ծո­ւի ժո­ղո­վուր­դը, կը ջար­դեն, կը փշրեն. ոչ մէկ նման բան չի պա­տա­հե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, եւ այս մէ­կը շատ դրա­կան բան մըն է հայ տի­պա­րին, հայ ան­հա­տին հա­մար:

— Ընդ­հան­րա­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թը շօ­շա­փող ժա­պա­ւէն­նե­րու ձեր փոր­ձա­ռու­թեան հի­մամբ՝ ինչ­պէ՞ս կը կար­ծէք, որ ա­նոնք կ­՚ըն­դու­նո­ւին օ­տար շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ:

Երբ իմ ֆիլ­մե­րուս վրայ կ­՚աշ­խա­տիմ, նկա­տի կ­՚առ­նեմ, ոչ հայ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը: Այ­սինքն, նիւ­թի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը կը կեդ­րո­նա­նան հա­մա­մար­դա­յին փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րու, զգա­ցում­նե­րու եւ ապ­րում­նե­րու վրայ: ­Ճիշդ է, որ պատ­մու­թիւն­նե­րը, դէպ­քե­րը, դրո­ւագ­նե­րը, հայ­կա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ են, բայց ի­րենք ի­րա­կա­նու­թեան մէջ հա­մա­մար­դա­յին ապ­րում­ներ եւ զգա­ցում­ներ են: Ու­րեմն, երբ այդ մա­կար­դա­կին կը ներ­կա­յաց­նենք՝ ժա­պա­ւէ­նը շատ ըն­դու­նե­լի կը դառ­նայ ոե­ւէ մէկ ազ­գի կամ ժո­ղո­վուր­դի մը պատ­կա­նող հան­դի­սա­տե­սի մը հա­մար: Ան­շուշտ նպա­տա­կը այս բո­լո­րին՝ ծա­նօ­թաց­նելն է հայ­կա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ գե­րա­գոյն նպա­տակն է ՝ այս­պի­սի դէպ­քեր կան­խար­գի­լել ա­պա­գա­յին ոե­ւէ մէկ ազ­գի կամ ժո­ղո­վուր­դի մը պա­րա­գա­յին:

— Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն եւ յա­ջո­ղու­թիւն ձեր աշ­խա­տանք­նե­րուն: