«2018ը. Աթէնք՝ Գիրքի մայրաքաղաք»
միջոցառումներու ծիրէն ներս՝
Հայ գիրքի նուիրուած ցուցադրութիւն
UNESCOի կողմէ հռչակուած «2018ը. Աթէնք՝ Գիրքի միջազգային մայրաքաղաք» միջոցառումներու ծիրէն ներս, Յունաստանի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Շրջանային Վարչութիւնը, համագործակցութեամբ Աթէնքի քաղաքապետութեան եւ «Փուշկին» հիմնարկի՝ գիրքերու եւ նկարներու ցուցադրութիւն կը կազմակերպէ Ուրբաթ՝ 14, Շաբաթ՝ 15 եւ Կիրակի՝ 16 Դեկտեմբեր 2018ին, Աթէնքի «Մելինա Մերքուրի» մշակութային
պատմական կեդրոնի սրահին մէջ
(մեթրօ-ի «Քերամիքոս» կայան, Կազիի դիմաց)։
Ցուցադրութեան բացումը տեղի կ’ունենայ
Ուրբաթ՝ 14 Դեկտեմբեր 2018ի ժամը 18։00ին։
Կը նախագահէ
ընկ. Յուլիանա Մանուկեան
Հայ գիրի ու գիրքի մասին կը խօսի
ընկ. Մարի Միքայէլեան
Ցուցադրութեան ներկայացուած պիտի ըլլայ հայերէն եւ օտարալեզու գիրքերու ճոխ հաւաքածոյ առիթը տալով այցելուներուն ճանչնալու հայ գիրքն ու գրականութիւնը ու ոգեշնչուելու հայ գիրքի աշխարհէն։
Նոյն ցուցահանդէսին առիթով «Համազգային»ը կը ներկայացնէ Յակոբ Ճէլալեանի հին փորագրանկարներու հաւաքածոյէն (կռավիւրներ) 60 կտորներ,
ընդհանուր բնաբան ունենալով՝
«1918 Մայիս 28. Անցագիր դէպի Հանրապետութիւն»
(28 Μαίου 1918. Διαβατήριο για την Δημοκρατία)
նուիրուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան
հիմնադրութեան 100ամեակին։
Փորագրանկարները կը բովանդակեն 400 տարուան
պատմութիւն 16րդ-20րդ դար
UNESCOի «Գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք»
միջազգային ծրագիրը հիմնադրուած է 1996ին եւ իւրաքանչիւր
տարի տարբեր քաղաք մը կ’ընտրուի, որպէս գիրքերու եւ ընթերցանութեան խրախուսման մայրաքաղաք։
Ցուցադրութեան ժամեր՝ առաւօտեան ժամը 10էն
մինչեւ երեկոյեան ժամը 8 (Կիրակի օր՝ ժամը 10-14։00).
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ